Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան Իր Նոր Հատորը Պիտի Ներկայացնէ

Չորեքշաբթի, 11 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30ին, Լոս Անճելըսի (Կլենտէյլ) «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale) տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի նոր հատորին՝ «The Armenian Genocide in Literature: The Second Generation Responds» («Հայոց Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ. Երկրորդ սերունդը կը հակադարձէ») ներկայացումը, կը հաղորդէ «Ասպարէզ»ը:

Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն։

Սոյն հատորը հեղինակին չորրորդն է, որ կ՛ուսումնասիրէ Սփիւռքի գրականութիւնը, այս անգամ լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը երկրորդ սերունդի հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն վրայ։

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին