Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Արցախի Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Պարգեւատրման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուայ առիթով, Մայիս 8-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն, ուր նախագահ Բակօ Սահակեան հանդէս եկաւ ելոյթով: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի նախագահի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ`  ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելու եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն իրենց ցուցաբերած արիութեան եւ խիզախութեան համար, խումբ մը պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներու, ազատամարտիկներու եւ կամաւորներու յանձնուած են պետական բարձր պարգեւներ:

Արարողութեան ներկայ էին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին