Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Պոսթընահայ Աշակերտները Արցախի Ու Հայ Զինուորի Կողքին

Մայիս 13-ին Պոսթընի Ս. Ստեփանոս ազգային վարժարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ դպրոցի ամէնամեայ տօնավաճառը, ուր պիտի վաճառուին նաեւ Արցախի զինուորներուն համար դպրոցի աշակերտներուն պատրաստած արուեստի գործերը:

«Արցախի մեր ժողովուրդին եւ սահմանները պաշտպանող զինուորներուն աջակցելու համար, Ս. Ստեփանոս ազգային վարժարանի սաները նամակներ կը գրեն մեր զինուորներուն, կը նկարահանեն տեսանիւթ, իւրաքանչիւր աշակերտ կը պատրաստէ նաեւ արուեստի գործեր, որոնք կը վաճառուին դպրոցի տարեկան տօնավաճառին», «Հայերն Այսօր»ին կը յայտնէ վարժարանի տնօրէն Հուրի Պոյամեան:

Աւելցնենք նաեւ, որ Ս. Ստեփանոս ազգային վարժարանը այլ հայկական կազմակերպութիւններու հետ համաֆինանսաւորած է՝ Ապրիլ 29-ին Պոսթընի Հայկական մշակութային եւ կրթական կեդրոնին մէջ կազմակերպուած «Արցախի հետ միասին» բարեգործական համերգը:

Համերգի հասոյթը` 20 հազար ԱՄՆ տոլար, Արցախին կը փոխանցուի Հայ օգնութեան միութեան միջոցով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին