*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Նորածինը կաթին կը փարի ով ալ ըլլայ մատակարարողը, քանի որ տակաւին աչքերը իսկ չեն բացուած. սակայն Պէտքը զինք կ’առաջնորդէ: Պէտքէն կը յառաջանայ կախուածութիւնը. այս է կենդանական աշխարհի բնական ընթացքը: Վագրը ինչպէ՜ս կը խնամէ ձագերը՝ մինչեւ զանոնք վարժեցնէ ինքնաբաւութեան…։ Մարդ արարածն ալ ուրիշ տեսակ կենդանի մըն է, որ տակաւին լալու պիտի ստիպուի, խաղալ սորվի ու այլ այլ բաներ, ապրած շրջանակին քաղաքավարի նիստ ու կացը, եւ յառաջանալով խօսելու, բառերու գործածութեան ու մանաւանդ աղօթելու, մտերմանալու Աստուծոյ, եւ կամաց-կամաց ինքզինք հաստատելու տուեալ շրջանակին մէջ: Տեղ մը՝ «Աստուած, թագաւոր, հայրենիք», այլ տեղ «Աստուած, ընտանիք, հայրենիք» եւ այլն:
Փոխադարձ յարաբերութեան մէջ նոյն համեմատութեամբ կ’ըլլան յոյսերն ու յուսախաբութիւնները: Նե՞ղն ես, ունիս հայրենիք…։ Նե՞ղն ես, ունիս ընտանիք։ Նե՞ղն ես, ունիս Աստուած: «Ո՞վ ունիմ երկինքի մէջ, երկիրի վրայ ուրիշ մէկը չեմ ուզեր», կ’ըսէ սաղմոսերգուն…։ Իսկ մենք՝ հայերս նշանաւոր ենք եկեղեցաշինութեամբ, ի զուր չէ, որ Անին «1001 եկեղեցիներ ունէր…», հոն գտնելով մեր ապաւէնը: Այս ալ ազգային գիծ, վերացական եւ ոչ գործածական: Արեւելեան ասոյթ մը կ’ըսէ՝ «Աղօթքդ կատարէ, բայց… ուղտդ ալ կապէ»:
Յիսուս խաչին վրայ ըսաւ՝ «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ինչո՞ւ զիս թողուցիր», երբ ինք պիտի ըլլար Այն Աստուածը՝ որուն կ’աղերսէր:
Նախ՝ ինքնութեան զօրութիւն, ապա բացուիլ աշխարհին, ըստ Պէտքի, ի հարկէ:
Արեւելեան հին պատմութիւն մը կայ։ Երկու մուրացիկներ սովոր էին ապրիլ քաղաքէն դուրս: Մէկը կոյր էր, իսկ միւսը ոտքեր չուներ: Օր մը քաղաքին մօտիկ անտառը, ուր այս մուրացիկները սովոր էին ապրիլ, կրակ առաւ: Անոնք մրցակիցներ էին, նոյն մասնագիտութեամբ, նոյն անձերէ մուրալ. ուստի յարատեւ իրարու հետ խնդիրներ կ’ունենային: Անոնք թշնամիներ էին: Նոյն մասնագիտութեամբ չէին կրնար բարեկամներ ըլլալ, քանի որ մրցակցութիւնը յաճախորդ որսալու՝ կը հեռացնէ իրարմէ: Մուրացիկները կը բնորոշէին իրենց յաճախորդները՝ «Յիշէ, թէ այս իմ մարդս է, մի նեղեր զինք»: Դուն չես գիտեր, թէ որ մուրացկանին կը պատկանիս, բայց մուրացիկ մը քեզ «որդեգրած է»: Եւ կը կռուի ի խնդիր սեփականութեան: Դուն իրն ես:
Սակայն օր մը անտառը կրակ առաւ, այս երկու մուրացիկները պահ մը խորհեցան: Թշնամիներ էին. նոյնիսկ խօսակցական յարաբերութիւն չունէին, բայց այս՝ ճակատագրական էր, անտառը բռնկած էր: Կոյրը ըսաւ ոտքեր չունեցողին՝ «հիմա միակ ելքը փախուստի, կը նստիս ուսերուս, ես քու աչքերդ, դուն՝ իմ ոտքերս կը գործածես: Այս է միակ ելքը որով կրնանք փրկուիլ»:
Հասկնալի էր. խնդիր չկար: Լուծումը պարզ եւ արագ:
Պորտակապը՝ Պէտքը… գիտակցութիւնը անոր:
Մեր ատենին գրաբար դասընթացքներ ալ կ’ունենայինք երբեմն. գրութեան մը աւարտին կ’ըլլար.- « զառակս ցուցանէ»:
Ուստի-, Պէտքը՝ անհրաժեշտութիւնը միացման կամ փոխ-յարաբերութեան: