Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Չելէպիին «Խոստումը»

*ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ*

Սաթենիկ Գրիգորեան ծնած է Բաղէշ (Պիթլիս) 1894-ին: Փոքր տարիքէն ամուսնացած է բաղէշցի Վաղարշակ Պապայեանին հետ: Պապայեան-Գրիգորեան ընտանիքները քսաներորդ դարու սկիզբը կը փոխադրուին Միացեալ Նահանգներ: Սաթենիկ հազիւ տասնչորս տարեկան էր, երբ  կ՛ունենայ իր առաջին մանչ զաւակը` Սուրէն, իսկ երկու տարի ետք` Արաքսին: 1908-ին Վաղարշակ եւ Սաթենիկ իրենց երկու փոքր երախաներով կը վերադառնան Բաղէշ: Իսկ Բաղէշ` Պիթլիս վերադարձը՞…: Երեւի հողին կարօտն էր…: Պատմական Սասնայ Ձորին գիրկը, գեղեցիկ Վանայ լիճին հարաւ արեւմուտքը տարածուած Տաւրոս ու Բիւրակնեան լեռներուն եւ Տիգրիս գետին միջեւ: Աւելի՛ն, ան իր հարթ ու տաշուած թխագոյն քարերով կը զգլխէ ու կ՛անցնի ամէն գեղեցկութիւն: Հաւանաբար այս նոյն գեղեկցութիւնն էր գրաւողը, բայց նաեւ կան հողին կարօտը ու անոր կանչը, որոնք մղեցին Ուիլիամ Սարոյեանը եւս երթալու Բաղէշ, Պիթլիս` ինք ալ հետեւելու իր ծնողաց ինքնութեան եւ արմատներուն, նաեւ` կանչին, այդ ալ Վաղարշակէն շատ տարիներ ետք:

Վաղարշակ Բաղէշի մէջ կը հիմնէ գորգի գործարան մը, բայց վրայ կը հասնի Համաշխարհային Ա. պատերազմը 1914-ին եւ Պապայեան ընտանիքը չի կրնար դուրս գալ Թուրքիայէն ու անոնք եւս «կը ճաշակեն» «իրենց արեան ճակատագիրը` բոլոր հայերուն նման քալելով «մահուան շուքի ձորին մէջէն»: Բայց եւ այնպէս անոնք պիտի ունենային «վահան» մը` ապահով «լաստը», որ պիտի փորձէր հասցնել զիրենք խաղաղ ջուրերը:

Այդ «լաստը» բժիշկ Մուսթաֆա Չելէպին էր: Հալէպ ծնած եւ նոյն քաղաքին մէջ արմատ նետած ծանօթ ընտանիք-գերդաստանի զաւակ, որ իր բժշկական ուսումը ստացած էր Պոլսոյ եւ Ֆրանսայի մէջ ու դարձած ծանօթ ակնաբոյժ: Զինակոչուած է Օսմանեան կայսերական բանակին մէջ 1914-ին` որպէս սպայ, եւ նշանակուած Պիթլիսի զինուորական հիւանդանոցի պետ: Պիթլիսի մէջ է, որ ծանօթացած է Վաղարշակին, Սաթենիկին ու ընտանիքին եւ բարեկամացած անոնց հետ:

Թէեւ Մուսթաֆա Չելէպիի կեանքը առնչուած է Վաղարշակին եւ Սաթենիկին հետ, բայց ան նաեւ ուղղակի կապ ունի այն քառասուն հայ պատանի-երիտասարդ աղջիկներուն հետ, որոնց կեանքերուն վահանն ու պահապանը եղաւ Ցեղասպանութեան տարիներուն: Այս հայ աղջիկները գիշերօթիկի սանուհիներ էին Բաղէշի Ամերիկեան Մաունթ Հոլիսք վարժարանին մէջ: Անոնք կու գային շրջանի տարբեր գիւղերէ եւ Մշոյ դաշտէն, սակայն անոնց կեանքը մթագնեցաւ 1915-ի ամրան:

Վաղարշակ Պապայեան զգաց հայերուն գլխուն կողմը սուրացող արիւնոտ փոթորիկին մօտալուտ ըլլալը:  Վարդգէս Ահարոնեանն է` Աւետիս Ահարոնեանի զաւակը, որ նաեւ կամաւոր քաջամարտիկ էր զօրավար Անդրանիկի բանակին մէջ: Իր յուշերուն մէջ գրած է Վաղարշակի  խօսակցութիւնը Չելէպիի հետ: «Տոքթո՛ր, ես գիտեմ մեր` հայերուս գլխուն գալիքը: Եթէ օր մը թուրքերը զիս սպաննեն, կը խնդրեմ, որ եթէ կրնաս, փրկես կինս եւ զաւակներս»:

Բաղէշի հայութիւնը ջարդուեցաւ եւ Վաղարշակ եղաւ այդ կոտորածի առաջին զոհերէն մէկը: Թուրքերը Վաղարշակը տարին ոստիկանատուն, ու դարձեալ Վարդգէս Ահարոնեան կը գրէ Սաթենիկի եւ Վաղարշակի հնգամեայ զաւակին,  այդ օրերուն մանուկ, բայց չմոռցուող յուշերուն ընդմէջէն…: «Տոքթորը գիտէր, որ հայրս թոյն բաժնած էր, որ թուրքերու ձեռքը չիյնանք, այլ թոյնով մեռցնենք մենք մեզ: Տոքթորը ասիկա գիտնալով, խստիւ պատուիրեց մեզի, թէ չըլլայ որ թոյն խմենք ու խոստացաւ ամէն ձեւով հոգ տանիլ մեզի»:

Վաղարշակ ոստիկանատան մէջ թոյնը խմած եւ մեռած էր, թուրքերու չարչարանքներէն ազատելու համար: Իսկ տոքթ. Չելէպին պիտի յարգէր իր բարեկամին տուած «խոստումը»` փրկելու Սաթենիկը եւ անոր երկու զաւակները: Բայց կար նաեւ Չելէպիին մարդկային խիղճին «խոստումը»` փրկելու նաեւ Ամերիկեան դպրոցի հայ պարմանուհիները: Եթէ Չելէպին Սաթենիկը եւ իր երկու զաւակները պատսպարեց իր մօտ, բայց շարունակեց տքնիլ փրկելու համար քառասուն հայ աղջիկները:

Մուսթաֆա Չելէպին կրցաւ համոզել թուրք սպաները, թէ որեւէ օգուտ չունի աղջիկները սպաննելը: «Բանակը կարիք ունի հիւանդապահներու, ճաշ եփողներու եւ տակաւին շատ մը այլ գործեր ընող աղջիկներու», ըսաւ ան: Չելէպին կրցաւ համոզել թուրք սպաները, որ հայ աղջիկները աշխատին Պիթլիսի հիւանդանոցին մէջ:

Եւ այս անգամ պատմողը Արտեմիսն է` քառասուն հայ աղջիկներէն մին: «Հիւանդանոցը ճաշ տանող փոքր աղջիկներէն մէկը ես էի: Մեզի հիւանդանոց տանող-բերողը Հասան անունով թուրք մըն էր, իսկ հիւանդանոցի վերակացուն Մամազ Չաւուշ անունով թուրք մը, որ լաւ հայերէն կը խօսէր»: Ու դարձեալ Արտեմիսն է: «Երբ հայերէն կը խօսէինք իրարու հետ, Մամազ Չաւուշը կը սաստէր մեզ, որ թրքերէն խօսինք ու կ՛ըսէր. «Ա՛լ հայերը վերջացան, Աստուածը չօգնեց անոնց»:

Մուսթաֆա Չելէպին ջանք չխնայեց հայ աղջիկներուն կեանքերը ապահովելու համար: Նոյնիսկ առիթ չտուաւ, որ հիւանդ ու վիրաւոր զինուորները, որոնք հիւանդանոց կը բերուէին, որեւէ ձեւով «ցանկութիւն» ունենային անոնց նկատմամբ: Ան կրցաւ «պահել» հայ աղջիկները մինչեւ այն օրը, երբ հրահանգ տրուեցաւ, որ բոլորը քաղաքէն հեռացուէին, իսկ  Արտեմիս գիտցաւ ինչ պիտի ըլլայ. «Այդ կը նշանակէր, որ մեզ պիտի տարագրէին եւ սպաննէին…»:

Բայց չհասան այդ մէկը կատարել, ռուսական բանակն ու հայ մարտիկները հասած էին Բաղէշ: Օր մըն ալ Հասանը՝ հիւանդանոցին թուրք վարորդը շնչասպառ կը մտնէ հիւանդանոց եւ մեծ աղերսանքով կ՛ըսէ. «Հայ ֆետայիները քաղաքը լեցուեր են, զիս եթէ բռնեն կը սպաննեն, կ՛աղաչեմ ազատեցէք զիս»:

Հայ կամաւորները կը մտնեն հիւանդանոց, ուր ներկայ էր նաեւ տոքթ. Մուսթաֆա Չելէպին` իր օսմանեան բանակայինի համազգեստով: Հայ կամաւորները կը յարձակին անոր վրայ` սպաննելու զայն, սակայն այս անգամ Չելէպին փրկող-պահողները կ՛ըլլան հայ աղջիկները, որոնք կը նետուին տոքթորին եւ հայ մարտիկներուն միջեւ,  լալով ու աղաչանքով կը բացագանչեն. «Ի սէր Աստուծոյ, խնայեցէք այս մարդը: Ան է մեզ ազատողը, մեզ փրկողը»:

Գերի բռնուողներուն մէջ կ՛ըլլայ նաեւ Մամազ Չաւուշը` հիւանդանոցին վերակացուն: Արտեմիսն է` ինքնավստահ եւ չարախինդ կերպով:

«- Նա սըլսըն (ինչպէ՞ս ես) Մամազ Չաւուշ:

«- Ձեր Աստուածը շատ զօրաւոր է»,- կը պատասխանէ Մամազ Չաւուշ` հայերէնով:

Հայ կամաւորները Չելէպին կը յանձնեն ռուսական բանակին, որ զինք թուրք սպաներու հետ գերի կը տանին Ռուսիա:

Բայց կար Չելէպիին «խոստումը»` տրուած իր Վաղարշակ բարեկամին, թէ պիտի «պահէր» անոր ընտանիքը: Գերի տարուելէ առաջ ան դասաւորում կ՛ընէ, որպէսզի Սաթենիկ եւ իր երկու զաւակները ապահով հասնին Հալէպ` անոր ընտանեկան բնակարանը: Եւ քառասուն ազատագրուած հայ աղջիկները կը սկսին նոր կեանքի: Անոնցմէ ոմանք կ՛ամուսնանան հայ մարտիկներուն հետ, որոնք զիրենք ազատած էին, իսկ միւսները կը միանան իրենց հարազատներուն Ամերիկա թէ այլուր:

Մուսթաֆա Չելէպին երկու տարուան գերութենէ ետք ազատ արձակուելով կը վերադառնայ Հալէպ: Ան Սաթենիկին կը ներկայացնէ երկու առաջարկ` վերադառնալ ընտանիքին (իր ծնողացը, որոնք Ամերիկա էին) եւ կամ հաստատուիլ նորաստեղծ անկախ Հայաստան, իսկ եթէ կը փափաքի՝ իր կեանքի ընկերը դառնալ: Սաթենիկ սիրայօժար կ՛ընդունի ամուսնանալ Չելէպիի հետ:

Չելէպի կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Վաղարշակին տուած իր «խոստումին»: Սուրէնը եւ Արաքսին՝ Սաթենիկի երկու զաւակները կը մեծնան հայ եւ քրիստոնեայ: Չելէպի յանձնառու կ՛ըլլայ երկու պզտիկները հայկական վարժարան ղրկելու   Հալէպի մէջ` երբ վերջինը նոր կը հիմնուի գաղութին մէջ, Ցեղասպանութենէ եւ տարագրութեէն ետք: Իսկ Սաթենիկ միշտ ալ կը մնայ Չելէպի ընտանիքին շատ յարգուած հայ հարսը` «Մատամը»:

Տոքթ. Մուսթաֆա Չելէպի` որպէս ակնաբոյժ, եղաւ մտերիմ գործակից-բարեկամ մը հօրեղբօրս` տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանին: Չելէպիին եւ անոր վեհանձն ու մարդկային նկարագիրին մասին յաճախ լսած եմ մեր ընտանեկան զրոյցներու ընթացքին:  Տոքթ. Ռոպէր Ճէպէճեանի յուշերէն. «Հայ զինուորները գիտնալով, որ արաբ բժիշկը ազատարարը եղած էր հայ աղջիկներուն, զանոնք որպէս հիւանդապահ պահելով իր հիւանդանոցին մէջ, կը փութային իմաց տալ զօրավար Անդրանիկին: Զօրավարը անյապաղ կու գար անձամբ եւ ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնելու եւ արաբ բժիշկին կը յանձնէր  պատուոյ գիր»:

Մուսթաֆան եւ Սաթենիկը ունեցան հինգ զաւակներ, Սուրէնէն եւ Արաքսիէն զատ` երեք մանչ եւ երկու աղջիկ: Մուսթաֆան մահացաւ 1959 թուականին, իսկ Սաթենիկ աւելի ուշ`1963-ին: Սաթենիկ թաղուեցաւ Հայոց գերեզմանատունը` Պէյրութ:

«Ձեր Աստուածը շատ զօրաւոր է…»:

Բայց այս «զօրութիւնը» կեանքեր կերտելու զօրութիւն է. կեանքեր, որոնք կ՛ապրին եւ կ՛ապրեցնեն ու տակաւին կը վկայեն իրենց շարունակականութեամբ: Սաթենիկին, քառասուն հայ աղջիկներուն ու տակաւին շատերու կեանքերը խօսուն օրինակներ են:

Բայց կը մնայ յարգանքի ու երախտագիտական բաժինը` Չելէպիին ու բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք պահեցին «խոստումը», «խոստումը»` մարդկային բարեկամութեան ու անոր շարունակականութեան, բայց մանաւանդ «խոստումը»` խիղճին ու անոր գիտակցութեան, թէ մարդկային կեանքերը ապրեցնելը արժէք է, որուն վրայ կը կերտուի պատմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն:

Սաթենիկը, քառասուն հայ աղջիկները եւ արաբ Չելէպին…։ Տարբեր կեանքեր, որոնք միացան իրարու զօրութեամբ, զօրութիւն մը, որ կեանքեր պահեց, բայց նաեւ կերտեց:

Չելէպիին «խոստումը» կեանքերը կերտելու  «Խոստում»-ն է: Արժէ կառչիլ ու հաւատալ անոր:

Bitlis-vilayet_01

FullSizeRender-2

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին