Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

Հայաստանի Նոր Դեսպանին Անդրանիկ Այցելութիւնը Զմմառու Վանք

Երկուշաբթի 2 Մայիս 2016ին, կէսօրուայ ժամը 12:00-ին, Զմմառու վանք այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեան, որուն կ’ընկերանային իր կողակիցը՝ ազնուափայլ Տիկ. Իզապէլլա Մկրտչեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոս՝ Տիար Աշոտ Վարդանեան: Զմմառու վանքի մուտքին՝ Վանքիս Մեծաւոր Հայրը, ընկերակցութեամբ վարչական Հայրերու, դպրեվանքի փոխ տեսուչ Հօր եւ ժառանգաւորներուն ընդունեց մեծապատիւ հիւրերը: Վանքիս Մեծաւորը ի խորոց սրտէ բարի գալուստ մաղթեց Պրն. Դեսպանին, անոր կողակցին եւ Հիւպատոսին՝ մաղթելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Զմմառու վանքի միջեւ սերտ յարաբերութիւն մը հաստատուի, նկատի ունենալով Զմմառու վանքի տեղն ու դերը Լիբանանեան եւ Սփիւռքի կեանքի մէջ: Մեծաւոր Հայրը յանուն Վարչութեան բարի առաքելութիւն մաղթեց Պրն. Դեսպանին՝ նկատելով, որ ան նոր նշանակուած էր իր այս պաշտօնին վրայ: Այս ջերմ մթնոլորտին մէջ արծարծուեցան նաեւ Զմմառու վանքի մշակութային եւ առաքելական գործունէութիւններուն ու ապագայ ծրագիրներու նիւթերը, ինչպէս նաեւ Միաբանութեան եւ ՀՀ դեսպանութեան միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Այնուհետեւ Մեծարգոյ հիւրերը այցելեցին վանքի զանազան բաժիները. Մայր տաճար, թանգարան, հին վեհարան, մատենադարան, Ձեռագրատուն եւ հնատիպերու բաժին, ինչպէս նաեւ գինեմառանը, որմէ ետք մասնակցեցան կէսօրուայ ճաշին: Այցելութեան աւարտին Պրն. Դեսպանը հիացմունքով արտայայտուեցաւ վանքի հոգեւոր եւ ազգային ժառանգութեան, որ մեծ տպաւորութիւն թողած էր իր վրայ: Պարոն դեսպանը բարձր գնահատեց Զմմառու վանքի տարած աշխատանքները, յատկապէս նոր ամփիթատրոնի մը կառուցումով, որ եզակի է իր տեսակին մէջ Սփիւռքի իրականութեան մէջ: Հուսկ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց յարմար առիթներով աջակցելու անոր:

IMG_4533

IMG_4560

IMG_4577

IMG_4603

IMG_4618

IMG_4632

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին