Ինչպէս ծանօթ է անցեալ տարեշրջանին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը սկիզբ դրած էր DELF քննութիւններու մասնակցութեան: Սոյն քննութիւններով աշակերտները կը պատրաստուին Ֆրանսայի եւ ֆրանսախօս երկիրներու մէջ դիւրացուած կարգով համալսարաններ ընդունելութեան:
DELF քննութիւններուն Մեսրոպեան վարժարանէն առաջին մասնակցողները եղած էին Դ. Եւ Զ. դասարաններու աշակերտները, 2014-2015 տարեշրջանին: Յաջողութիւն արձանագրած էին բոլոր մասնակիցները անխտիր, որոնց մեծ մասը գերազանց գնահատականներով:
Այս տարեշրջանին Մեսրոպեան վարժարանը կրկնեց այս յաջողութիւնը. վարժարանի Բ. Դ. եւ Զ. դասարաններու 66 աշակերտներ մասնակցեցան DELF ընթացիկ քննութիւններուն եւ արձանագրեցին ամբողջական յաջողութիւն:
Այս առիթով կայացած հաւաքին, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց աշակերտներուն յաջողութիւնը եւ գնահատեց ուսուցիչներուն ներդրումը: Պարոն տնօրէնը յայտնեց, որ Մեսրոպեանի մէջ պիտի ամբողջանայ DELF քննութիւններու մասնակցութեան ծրագիրը այնպէս, որ աւարտական դասարանի աշակերտները պատրաստուին DELF B2-ին: Այդպիսով անոնք կրնան մուտք գործել ֆրանսական եւ ֆրանսախօս երկիրներու համալսարաններ՝ առանց ֆրանսերէն մուտքի քննութեան:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի