*ՃէՔԻ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ*
101 տարիներ առաջ պատահած աղէտ մը, աշխարհի պատմութեան էջերէն գողցուած եւ հանրութեան աչքէն պահուած է:
Ամէն տարի ապրիլեան օրերուն, մոմ կը վառենք եւ խունկ կը ծխենք, աշխարհի մը մէջ որ անդամալուծուած է լռութեամբ եւ կազմալուծուելու ընթացքի մէջ է: Այս աշխարհը, որ յօշոտեց անմեղ ժողովուրդի մը միսը. ժողովուրդ մը, որու ձայնը տակաւին բարձրաձայն կը հնչէ:
Այսօր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին, աշխարհի խիղճին վրայ կը մնայ մեծ ցաւ մը եւ անարդարութեան աղարտ մը: Արդարութիւն ձեռք ձգելու համար պէտք է յիշենք եւ պահանջենք, որպէսզի մեր 1,5 միլիոն նահատակները իրենց դէմքը, անունն ու ձայնը վերագտնեն: Անոնք պէտք չէ յիշատակի մէջ թիւ մը եւ կամ սենեակի մէջ պատկեր մը մնան, այլ մեր պահանջատիրութեամբ ապրին եւ գոհանան: Պէտք է պահանջենք, որպէսզի մեր հողերը իրենց արժանաւոր տէրերուն վերադառնան: Մեր գիւղերը վերագտնեն իրենց հարազատ անունները՝ Կազիանթապը կրկին Այնթապ կոչուի, Քահրաման-Մարաշը՝ Մարաշ, Սուլէյմանը՝ Զէյթուն, Էլազիկը՝ Մէզրէ եւն…։
Մեզ ոչ ոք կրնայ բնաջնջել կամ մեր հետքը անհետացնել:
Այն օրէն ի վեր երբ մեծ հայրս Այնթապէն բռնի արտագաղթեց եւ Լիբանան հաստատուեցաւ, միշտ մարդոց կը հանդիպի, որոնք հարց կու տան իրեն, թէ ինքզինք ինչպէ՞ս կը բնորոշէ՝ հայ թէ լիբանանցի: Ան միշտ ինքնավստահութեամբ եւ շեշտադրումով պատասխանած է՝ «մին եւ միւսը»: Դիւանագիտական պատասխան մը չէր մեծ հօրս ըսածը, այլ սրտէ բխած համոզում մը: Ինք կը գտնուէր երկու երկիրներու եւ երկու լեզուներու ափին: Բայց ամենաշատ կը գտնուէր Արարատի սիրտին մէջ, ինչպէս որ Արարատը՝ անոր սիրտին մէջ: Անոնք զիրար չտեսած սիրահարներու նման են: Կ’ըսուի, որ հաւատքը լեռներ կը փոխադրէ: Մեծ հօրս հաւատքը, հայութիւնը խորհրդանշող այս լեռը, իր սիրտին մէջ փոխադրած էր:
Ինչպէս Հայաստանի նոյնպէս եւ Սփիւռքի մէջ, բոլոր հայերս նոյն հաւաքական յիշողութիւնը կը բաժնեկցինք Ցեղասպանութեան մասին: Իւրաքանչիւր հայու մէջ կան անձնական, ընտանեկան եւ կամ հաւաքական յիշատակներ, զորս աւանդաբար հասած է մեզի, մեր հայրերէն եւ նախահայրերէն:
Իւրաքանչիւր հայ անհատ կամ ընտանիք ունի իր մէջ պահուած Ցեղասպանութենէն յիշատակներ, զորս պատմութեան արիւնաթոր ժամանակաշրջանէն անբուժելի վէրքի նման կը մնայ իր սիրտին մէջ: Այս պատճառաւ վերապրողներուս վրայ մահուան շուքը պատած պիտի մնայ, մինչեւ որ անոնց արդարութեան հետ յարութիւն առնենք:
Կը խօսիմ ապրողներու յարութեան մասին, որ կ’ըլլայ յանցագործի խոստովանութեան եւ հայու կողմէ ներումով: Բայց ներում արձակելու համար պէտք է դատավարութիւն: Վերապրող հայերուս յարութիւնը պէտք է ըլլայ միջազգային ընտանիքին եւ նամանաւանդ թուրքին Ցեղասպանութիւնը ընդունելով:
Երկրորդ աշխարհամարտին Հիթլէրի հրեաներու հանդէպ կատարած ոճիրը գերմանացի ժողովուրդը ընդունեց: Այդ մէկը կատարելով ան օգնեց հրեաներուն, որպէսզի կարենան արժանավայել ձեւով սգալ իրենց նահատակները: Ի տես այս երեւոյթին՝ Հայը ինչպէ՞ս կրնայ մխիթարուիլ, ինչպէ՞ս կրնայ ներել թշնամիին, որ յամառօրէն կը շարունակէ մերժել իր ոճիրը:
Այլեւս վերջ պէտք է դրուի մենախօսական ճարերուն: ՄԱԿ-ի անիրաւ եւ անիրական մօտեցումը հարցերու, կասկած յառաջացուց հայու միտքին մէջ: Հայ ժողովուրդը պէտք է իր անձնական ուժերուն վստահի իր պայքարին մէջ, որովհետեւ աշխարհիկ մեսիա պիտի չգայ:
Եկող տարիները պիտի ճշդեն եւրոպական ժողովրդավար համակարգին եւ թրքական բռնատիրութեան միջեւ կայացած «անսուրբ ամուսնութեան» ճակատագիրը: Նոյնպէս պիտի հաստատուի Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի ճակատագիրը: 1993 թուականէն ի վեր Թուրքիան Հայաստանի հետ իր սահմանները փակած է գլխաւոր երկու պատճառներով՝ ա) Անգարա տակաւին կը մերժէ ընդունիլ Ցեղասպանութիւնը: բ) Որովհետեւ ան Ազրպէյճանի դաշնակիցն է: Ազրպէյճանը, որ Ղարաբաղեան պատերազմին պարտութիւն կրեց հայերէն, որով 1921-ի Ստալինի կատարած պատմական սխալը սրբագրուեցաւ, եւ հայաբնակ ու հայկական հողը կրկին վերադարձուեցաւ իր արժանաւոր տէրերուն:
Այսպէս, Սովետական Միութեան անկումէն 25 տարիներ ետք, տակաւին Թուրքիան կը մերժէ ընդունիլ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանները բանալու համար երկու պայմաններ դրած ՝ ա) Հայկական զօրքերը պէտք է քաշուին Ղարաբաղէն: բ) Ցեղասպանութեան ընդունման կապակցութեամբ Հայաստանի տարած բոլոր ջանքերը կասեցուին: Թուրքիան կը պնդէ, որ Ցեղասպանութիւնը շինծու դաւադրութիւն մըն է, կամ անոնք հայերու կողմէ կատարած ջարդերն են թուրքերու դէմ եւ կամ ան քաղաքացիական պատերազմի մը հետեւանքը եղող ողբերգութիւն մըն է: Թուրքիա Հայոց Ցեղասպանութիւնը մերժելով կը նմանի Սուտանին, որ իր կարգին կը մերժէ Տարֆուրի մէջ կատարած իր ցեղասպանութիւնը: Եւ կամ այն երկիրներուն, որոնք կասկածի տակ կը դնեն նացի Գերմանիոյ կատարած հրեաներու ջարդը: Ան իր մերժումով կը հրահրէ հայկական հարցը, որով 101 տարեկան հարցը կը դառնայ ժամանակակից եւ այժմէական: Այսպիսով ան առիթ կու տայ նաեւ Թուրքիոյ թշնամիներուն, որպէսզի անոնք կարենան շահագործել հայկական հարցը, որպէս ճնշիչ ազդակ թուրքին դէմ:
Ներկայիս նոր ահաբեկչութիւն մը կը ծնի, իր հետ բերելով նորանոր աղէտներ: Այս նոր ահաբեկչութիւնը արագօրէն ամէն տեղ կը տարածուի, որովհետեւ որեւմուտքցիները մտնելով կարգ մը երկիրներ, կործանեցին անոնց դիմադրողականութիւնը՝ ինչպէս Աֆղանիստան, Սոմալ, Լիպիա, իրաք եւ Սուրիա:
Ներկայիս արեւմուտքը կ’ուզէ Արցախին քարտէզը իր շահերուն համաձայն փոխել: Անով ան նոր վէրք մը կը ստեղծէ Հայաստանի եւ իր բարեկամներուն միջեւ:
Հիմա, որ տեսանք այս բոլորը, կրնանք ըսել, թէ Հայկական հարցը միայն հայ ազգին չի պատկանիր, այլ ան համամարդկային հարց մըն է:
Միջին Արեւելքը պիտի չգտնէ իր խաղաղութիւնը մինչեւ այն ատեն, որ հոն բնակող փոքրամասնութիւնները բնաջնջումի կ՛ենթարկուին: Ովքեր են ներկայիս նոր ջարդեր կատարողները, եթէ ոչ Իսլամական Պետութիւն անունով քողարկուածները, ներառեալ Թուրքիան: Մինչեւ այն ատեն, որ հին ցեղասպանութեան տէրերը տակաւին անպատիժ կը մնան, նոր ջարդերը պիտի շարունակուին: Այս է մեր պատգամը ուղղուած աշխարհին: Հայկական պայքարը միայն հայու հարցը չէ, այլ բոլորին, ինչպէս յոյներուն, ասորիներուն եւ եզիտիներուն:
Մեր պարտականութիւնը այսօր մահուան հոտը կեցնել է: Այդ մէկը կը կատարուի, երբ Թուրքիան դադրի մերժելէ իր ոճիրը: Երբոր արխիւները բացուին եւ երկու կողմերու պատմաբաններ քննեն նիւթերը: Բայց ժամանակ պէտք է, որպէսզի եւրոպացիին այս հարցին մօտեցումն ու թուրքին հետ իր յարաբերութիւնը փոխուի՝ առանց հաշիւի առնելու, որ Թուրքիա իր կշիռը ունի շրջանին մէջ եւ թէ ան ՆԱԹՕի անդամ է:
Հայկական հարցի լուծումը քաղաքակրթուած աշխարհի յաղթանակն է եւ երկու ժողովուրդներու բարի դրացնութեան ու խաղաղութեան առիթ մը: Կարելի է այս ուղղութեամբ ճիգ թափել, որպէսզի ան իրականանայ: Պատմաբաններ պէտք է օգտագործեն այս առիթը, որ ժողովրդավար ընթացքով մը պէտք է յառաջ ընթանայ:
Այս բոլորը կը յիշեցնեն Մարսէլ Աշարտի (Marcel Achard) մէկ խօսքը՝ «Արդարութիւնը սուղ է, պէտք է ձգտինք անոր»:
Ուրեմն մեզի համբերանք պէտք է: Թող որ սիրենք համբերութիւնը եւ վստահ պիտի հասնինք մեր նպատակին:
«Լօրիան Լէ Ժիւր»
Թարգմանեց՝ Ալեքս Աշճեան