Չորեքշաբթի, 21. 05. 2025

spot_img

Հալէպի «Ազատագրում» Թէ՞ «Բնաջնջում»

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ի տես այն մարդկային ողբերգութեան, որ օրերս իր գագաթնակէտին հասած է Հալէպի եւ շրջակայքի մէջ, զայն սուրիական այսպէս կոչուած պետութեան կողմէ «ազատագրելու» արդարացումով, կ՛անցնի ամէն տեսակի մարդկային տրամաբանութեան ու երեւակայութեան սահմանները…:

Երէկ գիշեր նստած առաջին հերթին կը խորհրդածէի, թէ ահաբեկիչներու դէմ պայքարը բնաւ երբեք չարդարացուիր՝ այսպէս կոչուած պետութեան մը իր իսկ քաղաքացիները պայթուցիկ տակարներով ռմբակոծելով… մինչ այդ սուրիական «պետութեան» ու անոր հետեւորդ լրատուական միջոցները տակաւին կը յամառին՝ կատարուածը վերագրել ահաբեկիչներու ռմբակոծումին: Մինչ նկարին մէջ տեսնուած աւերը միայն բանակի մը օդանաւերն են, որ կրնան կատարել եւ ոչ թէ ոճրագործ զինեալներու արձակած հաունները…։

Ամէն պարագայի պատահած ողբերգութիւնն ու մարդկային ցաւը չեն թոյլատեր ինծի այսօր քաղաքականութիւն խօսիլ այստեղ… կը մնայ միայն ըսել, որ ի տես արիւնլուայ մանուկներուն, իր զաւակները կորսնցուցած հօր արցունքին, մեծ հօր պոռթկումին կամ մօր լացին, անոնց առաջ կ՛իյնան ամէն տեսակի իշխանութիւն, վարչակարգ, ընդդիմութիւն, կրօնք, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն, միջազգային ընտանիք եւ մարդկութիւն…:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին