22 Ապրիլ 2016-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը կայացաւ միաժամանակ նահատակներու յիշատակը արժանաւորապէս նշելու, աշակերտներուն մէջ պահանջատիրութեան ոգին վերարծարծելու եւ Արցախի պայքարին զօրակցութիւն յայտնելու մթնոլորտի մէջ:
Մեսրոպեանի աշակերտները հաւաքին ներկայացան Հայաստանի, Արցախի եւ Կիլիկեան թագաւորութեան դրօշներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛արտայայտէ մաս մը հայու ինքնութեան եւ հայու միացեալ դատին: Անոնք նաեւ բարձրացուցած էին Եղեռնի զոհերուն յիշատակը, ազգային պահանջատիրութիւնը եւ Արցախի մէջ կռուող զինուորին հերոսութիւնը նշող պաստառներ:
Սուրբ Մեսրոպի յուշակոթողին առջեւ կայացած հաւաքին, աշակերտութեան անունով բացման խօսքը կատարեց Յակոբ Մաթոյեան, ապա հնչեցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները: Գեղարուեստական մասով խմբային հինգ ասմունքներ կատարեցին Ծաղիկի եւ նախակրթարանի տարբեր դասարաններու աշակերտները, իսկ անհատական ասմունքով հանդէս եկան Եւա Ղազարեան եւ Էլի Թորանեան: Կասիա Լեւոնեան սրինգով նուագեց «Կիլիկիա»ն, Սեդօ Աւետիսեան եւ Մարիա Հաշոլեան կատարեցին «Գետաշէն» երգը, իսկ աւարտին «Ծիծեռնակ» երգչախումբը մասնակիցները խանդավառեց «Ազատ Հայաստան» եւ «Գնում ենք Արցախ» երգերով: Իւրայատուկ մասնակցութիւն ունեցան Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, որոնք հայկական տարազներով ներկայացուցին Մեծ Եղեռնի հետեւանքով ցեղասպանին կողմէ հայութենէ խլուած բնակավայրերը:
Օրուան հիւր պատգամախօսն էր պրն. Յակոբ Հաւաթեան, որ վեր առաւ ազգային արժէքներու իմացութեան կարեւորութիւնը՝ որպէս երաշխիք ազգային ինքնութեան պահպանման: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն հաւատարիմ մնալու մեր Դատին եւ ապագային յանձնառու ըլլալու անոր պաշտպանութեան:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ յիշեցուց աշակերտներուն, որ Ապրիլեան ոգեկոչման այս օրերուն Արցախը հերոսական պայքար կը մղէ ի խնդիր հայրենի հողի պաշտպանութեան: Ան ըսաւ, որ 1915-ի Եղեռնին զոհ մանուկները կը նոյնանան Թալիշի մէջ՝ դպրոցի ճամբուն վրայ նահատակուած Արցախցի մանուկին հետ՝ շեշտելով, որ պիտի գայ այն օրը, երբ հայոց Հայրենիքը պիտի ամբողջանայ Արցախէն Արեւմտեան Հայաստան:
Ապրիլեան սուրբ նահատակներու ոգեկոչման արարողութիւնը փակուեցաւ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի «Պահպանիչ»ով եւ ծաղկեպսակի տեղադրմամբ՝ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանի նմանակին առջեւ:
Տեղեկատուական Գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի