Շաբաթ, 18. 01. 2025

spot_img

Խրուաթիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ Տարելիցին Նուիրուած Խաչքար Օծուած Է

Ապրիլ 24-ին Խրուաթիոյ Տուպրովնիկ քաղաքի Տոմինիքեան վանքի բակին մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի բացման արարողութիւն` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի վարչութենէն։

Ձեռնարկին ներկայ էին պատգամաւորներ, հոգեւոր գործիչներ, զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ Տուպրովնիկի քաղաքացիներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տոմինիքեան ուխտի անդամ, պատմական եւ աստուածաբանական գիտութիւններու փրոֆէսոր Հայր Ստեպեան Գրասիչը, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան, քրիստոնէութեան ընդունման եւ ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը իր հաւատքին համար ամենաշատ տառապած ժողովուրդն է: Այնուհետեւ հանդէս եկաւ Խրուաթիոյ մէջ ՀՀ հիւպատոս (նստավայրը` Հռոմ) Արման Յովհաննիսեան: Վերջինս իր խօսքին մէջ նշեց, թէ անոնք, որոնք փորձած են բնաջնջել հայ ժողովուրդը, ոչնչացուցած են նաեւ հայութեան ներկայութեան հետքերը, ինչպէս նաեւ խաչքարերը` յիշատակելով ազրպէյճանական բարբարոսութիւնները Նախիջեւանի մէջ: Նշուեցաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը տակաւին չէ արժանացած միաձայն ճանաչման եւ դատապարտման: Թուրքիայէն եկող ազդակները այս առնչութեամբ յուսադրող չեն: Այս 101 տարուան ընթացքին, Թուրքիոյ իշխանութիւնները միայն հարստացուցած են իրենց մերժողականութեան գործիքակազմը, ինչպէս նաեւ խրախուսած Ազրպէյճանի բռնապետական վարչակազմը՝ կրկնելու անցեալի ոճիրները, ինչպէս ատիկա տեղի ունեցաւ օրեր առաջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Այնուհետեւ վանքի առաջնորդ հայր Մաթիաս Ֆարկաշ կատարեց խաչքարի օծման արարողութիւնը: Ձեռնարկը ուղեկցուած է հայկական թառի հնչիւններու ներքոյ` Միքայէլ Ոսկանեանի կատարմամբ:

Խաչքարի քանդակագործն է Արտակ Համբարձումեանը: Խաչքարի պատրաստման եւ տեղադրման նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Հայ-խրուաթական ընկերակցութեան նախագահ Նայիրա Ասատրեանին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին