Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

«Թէքէեանական Ողիմպիական»

Արդէն վեցերորդ տարին է, որ «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը (ԹԿՀ) կը կազմակերպէ՝ «Թէքէեանական Ողիմպիական» անուանուած գիտելիքներու մրցոյթը: Սոյն մրցոյթով Հայաստանի եւ Արցախի Վահան  Թէքէեանի անուամբ կոչուած դպրոցներու աշակերտները թուաբանութեան, անգլերէն լեզուի, հայոց լեզուի եւ գրականութեան նիւթերու շուրջ իրենց ուժերը կը փորձեն քննել:  Տարեցտարի ձեռնարկը աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ եւ կ’ընդլայնի: Այս տարի հիմնադրամը համագործակցելով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ, առաջին անգամ ըլլալով ողիմպիականի մասնակից դարձուցած է, Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայ համայնքի երախաները:

Այս ողիմպիականի միջոցով, հիմնադրամը նպատակ ունի խթանել եւ քաջալերել՝ հայոց եւ օտար լեզուներու, հայ գրականութեան,  ինչպէս նաեւ այլ առարկաներու կապակցութեամբ աշակերտներու գիտութիւնը: Ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն տալ աշակերտներուն, որ անոնք առողջ մրցակցութեան պայմաններու մէջ, դրսեւորեն  իրենց գիտելիքները: Այս բոլորի կողքին, անոնք նաեւ առիթը ունենան ծանօթանալու տարբեր մարզերու մէջ բնակող հասակակիցներու հետ:

Թէքէեանական 6-րդ ողիմպիականը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, որուն  մասնակցեցան 8-րդ դասարանի անհրաժեշտ գիտելիքներ ունեցող 65 թէքէեանցիներ եւ սուրիահայ աշակերտներ: Մինչ մասնագիտական յանձնախումբը մրցոյթի արդիւնքները կ’ամփոփէր, Թէքէեան Կեդրոն հիմնադրամի միջոցառումին մասնակցող  բոլոր աշակերտներուն հիւրասիրութիւն  եղաւ,  ինչպէս նաեւ ներկայացում մը Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ: Ապա ձեռնարկը տեղափոխուեցաւ Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի մշակութային բաժանմունքի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ ողիմպիականի մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ  յաղթող աշակերտներու անունները յայտարարուեցան: Սակայն պէտք է նշել, որ պարտուողներ չկային, որովհետեւ բոլոր մասնակիցները, ԹԿՀի կողմէ նուիրուած քաջալերական մրցանակներ ստացան:

Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ,  ի յիշատակ Արցախեան պատերազմին զոհուած հայ զինուորներուն:

ԹԿՀ տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան ողջունեց հիւրերն ու ողիմպիականին մասնակիցները: Շնորհաւորելով յաղթողներուն ան ցաւ յայտնեց, որ պատերազմական իրավիճակի պատճառով, Թէքէեանական 6-րդ ողիմպիականին մասնակցած չէին Բերձորի թէքէեանցի աշակերտները: Սակայն ան ուրախութեամբ աւելցուց, որ ձեռնարկը ընդգրկած էր նաեւ սուրիահայ աշակերտներ: «Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող Վահան Թէքէեանի անուամբ կոչուած  հինգ դպրոցներու եւ Թէքէեան Կեդրոնի փոխադարձ կապերը, արդէն աւանդական դարձած են», ըսաւ ան: «Եւ արդէն թէքէեանական խմբաւորում մը գոյացած է, որ միասնական նորանոր յաջողութիւններ  սկսած է արձանագրել, որովհետեւ մէկուն յաջողութիւնն ու յաղթանակը` բոլորին յաջողութիւնն ու հպարտութիւնն է: Յուսով ենք, որ սուրիահայ այս պատանիները կ’ամբողջացնեն  մեր ընտանիքը»,  նշեց տնօրէնը: Ա. Ծուլիկեան նաեւ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց մասնագիտական յանձնախումբին՝ բազմածաւալ եւ անկողմնակալ աշխատանքի համար:

Մրցանակաբաշխութեան մասնակցած էր նաեւ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժինի նախագահ Անահիտ Դաւիթեան: Ան նախարարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ԹԿՀին՝ տարիներ շարունակ նման ձեռնարկներ կազմակերպելու եւ յատկապէս ծրագիրին մէջ սուրիահայ աշակերտներ մասնակից դարձնելու համար: «Այս սուրիահայերու համար հիանալի առիթ մըն էր, առաւել աշխուժացնելու իրենց տարեկիցներու հետ շփումները, ինչպէս նաեւ աւելի  արագ ընտելանալու իրենց նոր միջավայրին հետ: Անոնք կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին իւրացուցին հայաստանեան ծրագիրները եւ իրենց  հասակակիցներու հետ մրցակցելով յաղթանակներ արձանագրեցին», նշեց Ա. Դաւիթեան:

Ողիմպիական մրցոյթի յանձնախումբի անդամներն էին` «Ուսմունք» վարժարանի փոխտնօրէն Ա. Աւետիսեանը (հայոց լեզու եւ գրականութիւն), ԵՊՀ դասախօս Ա. Մարգարեանը (անգլերէն լեզու) եւ Դ. Տեմիրճեանի անուան թիւ 139 դպրոցի ուսուցչուհի Ա. Գէորգեանը (թուաբանութիւն): Յանձնախումբը մրցոյթին շուրջ իր մասնագիտական կարծիքը յայտնեց, ինչպէս նաեւ բարձր առաջադիմութիւն ցուցաբերած աշակերտներուն գովասանագիրեր, պատուոգիրեր եւ արժէքաւոր մրցանակներ յանձնեց: Յանձնախումբը շնորհաւորելով զանոնք, արժեւորեց հայ դպրոցի ուսումը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ան՝ հայ դպրոցը ունի բանիմաց, խելացի աշակերտներ, որոնք կը ձգտին նոր գիտելիքներ ձեռք բերել եւ նորանոր բարձունքներ նուաճել: Բարձր գնահատանքի արժանացան նաեւ ուսուցիչները, որոնց ամէնօրեայ տքնաջան ու բարեխիղճ աշխատանքի շնորհիւ, աշակերտները նոր ձեռքբերումներ արձանագրեցին:

«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿի ներկայացուցիչ Նայիրա Եդիգարեանը նշեց ձեռնարկի կարեւորութիւնը, ուր  հայ ազգի լաւագոյն մանուկներու կարողութիւնները կը բացայայտուին, անկախ անոնց ծննդավայրէն եւ բնակավայրէն: «Սուրիահայերը Հայաստանի մէջ շատ լաւ ընդունելութիւն ստացան եւ հիմա ձեռք ձեռքի տուած համաձուլումի ճամբով քայլ կ’առնեն, որ իրենց հայրենակիցներուն հետ միասին զիրար լրացնեն եւ ամբողջացնեն: Այս իմաստով սոյն մրցոյթը լաւագոյն քայլերէն մէկն է», աւելցուց Ն. Եդիգարեան:

Ձեռնարկին  հանդէս եկաւ նաեւ Կարբիի Վահան Թէքէեանի անուամբ կոչուած միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Արսէն Օհանեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ԹԿ հիմնադրամին, անոր դպրոցներուն աջակցութիւն ցուցաբերելուն եւ նմանօրինակ ծրագիրներ իրականացնելուն համար: Նման ձեռնարկներ կը  նպաստեն  հայ դպրութեան եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան: Տնօրէնը նաեւ սուրիահայ աշակերտներուն հրաւիրեց մէկ օր Կարբիի մէջ անցնելու համար, վայելելու անոր բնութիւնն ու տեսարժան վայրերը:

Տօնական տրամադրութիւնը շարունակուեցաւ համերգային յայտագիրով մը, զոր ներկայացուցին Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանի «Ուսմունք» վարժարանի տաղանդաւոր ուսանողները:

Թէքէեանական 6-րդ ողիմպիականի  առաջին մրցանակին արժանացան`

  • «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն» ՝ Միլենա Սիսեան (Երեւան):
  • «Անգլերէն լեզու» ՝ Միհրան Կուզիպոյուքեան (Սուրիա):
  • «Թուաբանութիւն» ՝ Նարօտ Քէյւանեան (Սուրիա):

 

IMG_5931

IMG_5936

IMG_5970

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին