Հայոց Ցեղասպանութենէն 101 տարիներ ետք իսկ, սփիւռքահայութեան մէջ տակաւին վառ կը մնայ պահանջատիրական ոգին, ի հեճուկս տարիներու թաւալումին, որ ստոյգ ցուցանիշ է մեր անկորնչելի Դատին մեր կառչածութեան:
Հինգշաբթի, 21 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան, առ ի յարգանք մեր բիւրաւոր նահատակներուն, ՔԱՀԼ-էն խումբ մը տարեցներ իրենց պատասխանատուներով ուղղուեցան Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթող, ուր հաստատութեան անունով զետեղեցին ծաղկեպսակ մը ու մոմեր վառելով առ Աստուած՝ աղօթքներ բարձրացուցին մեր նահատակներուն անմեղ հոգիներուն համար: Իւրաքանչիւր ծերունի եւս ծաղիկ մը զետեղեց մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող ու Հայ ժողովուրդին վերածնունդը յատկանշող յուշակոթողին առջեւ: