Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Ժամանակն է Լոզունգները Գործնականացնելու

*ՍԵՒԱԿ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Աւանդականօրէն Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումները ընդհանրապէս եղած են համահայկական ու միակամ ոգիով եւ գործելաձեւով ու կազմակերպութեամբ , որ հպարտառիթ երեւոյթ է ու վայել մեր ժողովուրդի անմեղ նահատակներու սուրբ յիշատակին:

Սակայն հակառակ այս եւ տարբեր առիթներով՝ Հայ ժողովուրդի բաղկացուցիչ տարրերու եւ կազմակերպութիւններու միասնականութեան ձգտող լոզունգներուն ու յայտարարութիւններուն, շատ չեն առիթները ուր վերոյիշեալ ձգտումը կը դրսեւորուի գործնական օրինակներով:

Հիմա, որ աւարտած են Ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներուն մեծամասնութիւնը եւ սփիւռքահայ կեանքը մտած է իր բնականոն հունը՝ փափաքս է, որ անցնող օրերուն միասնական երեւոյթով տեղի ունեցած ձեռնարկները շարունակեն կատարուիլ այլ առիթներով եւս ու բեմերէն արտասանուած լոզունգները՝ մշակութային թէ քաղաքական մեր կեանքին մէջ դառնան իրական ու շօշափելի, որուն այնքան կը կարօտի ու կը գնահատէ Հայ ժողովուրդի լուռ մեծամասնութիւնը…:

Լաւատեսութեամբ լի բարի օր մը քեզի սիրելի ընթերցող:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին