Արդէն վեցերորդ տարին է, որ «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամը (ԹԿՀ) կը կազմակերպէ՝ «Թէքէեանական Ողիմպիական» անուանուած գիտելիքներու մրցոյթը: Սոյն մրցոյթով Հայաստանի եւ Արցախի Վահան Թէքէեանի անուամբ կոչուած դպրոցներու աշակերտները թուաբանութեան, անգլերէն լեզուի, հայոց լեզուի եւ գրականութեան նիւթերու շուրջ իրենց ուժերը կը փորձեն քննել: Տարեցտարի ձեռնարկը աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ եւ կ’ընդլայնի: Այս տարի հիմնադրամը համագործակցելով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ, առաջին անգամ ըլլալով ողիմպիականի մասնակից դարձուցած է, Հայաստանի մէջ բնակող սուրիահայ համայնքի երախաները:
Այս ողիմպիականի միջոցով, հիմնադրամը նպատակ ունի խթանել եւ քաջալերել՝ հայոց եւ օտար լեզուներու, հայ գրականութեան, ինչպէս նաեւ այլ առարկաներու կապակցութեամբ աշակերտներու գիտութիւնը: Ինչպէս նաեւ հնարաւորութիւն տալ աշակերտներուն, որ անոնք առողջ մրցակցութեան պայմաններու մէջ, դրսեւորեն իրենց գիտելիքները: Այս բոլորի կողքին, անոնք նաեւ առիթը ունենան ծանօթանալու տարբեր մարզերու մէջ բնակող հասակակիցներու հետ:
Թէքէեանական 6-րդ ողիմպիականը տեղի ունեցաւ Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, որուն մասնակցեցան 8-րդ դասարանի անհրաժեշտ գիտելիքներ ունեցող 65 թէքէեանցիներ եւ սուրիահայ աշակերտներ: Մինչ մասնագիտական յանձնախումբը մրցոյթի արդիւնքները կ’ամփոփէր, Թէքէեան Կեդրոն հիմնադրամի միջոցառումին մասնակցող բոլոր աշակերտներուն հիւրասիրութիւն եղաւ, ինչպէս նաեւ ներկայացում մը Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ: Ապա ձեռնարկը տեղափոխուեցաւ Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի մշակութային բաժանմունքի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ ողիմպիականի մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ յաղթող աշակերտներու անունները յայտարարուեցան: Սակայն պէտք է նշել, որ պարտուողներ չկային, որովհետեւ բոլոր մասնակիցները, ԹԿՀի կողմէ նուիրուած քաջալերական մրցանակներ ստացան:
Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ, ի յիշատակ Արցախեան պատերազմին զոհուած հայ զինուորներուն:
ԹԿՀ տնօրէն Արմէն Ծուլիկեան ողջունեց հիւրերն ու ողիմպիականին մասնակիցները: Շնորհաւորելով յաղթողներուն ան ցաւ յայտնեց, որ պատերազմական իրավիճակի պատճառով, Թէքէեանական 6-րդ ողիմպիականին մասնակցած չէին Բերձորի թէքէեանցի աշակերտները: Սակայն ան ուրախութեամբ աւելցուց, որ ձեռնարկը ընդգրկած էր նաեւ սուրիահայ աշակերտներ: «Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող Վահան Թէքէեանի անուամբ կոչուած հինգ դպրոցներու եւ Թէքէեան Կեդրոնի փոխադարձ կապերը, արդէն աւանդական դարձած են», ըսաւ ան: «Եւ արդէն թէքէեանական խմբաւորում մը գոյացած է, որ միասնական նորանոր յաջողութիւններ սկսած է արձանագրել, որովհետեւ մէկուն յաջողութիւնն ու յաղթանակը` բոլորին յաջողութիւնն ու հպարտութիւնն է: Յուսով ենք, որ սուրիահայ այս պատանիները կ’ամբողջացնեն մեր ընտանիքը», նշեց տնօրէնը: Ա. Ծուլիկեան նաեւ խորին երախտագիտութիւն յայտնեց մասնագիտական յանձնախումբին՝ բազմածաւալ եւ անկողմնակալ աշխատանքի համար:
Մրցանակաբաշխութեան մասնակցած էր նաեւ, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժինի նախագահ Անահիտ Դաւիթեան: Ան նախարարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ԹԿՀին՝ տարիներ շարունակ նման ձեռնարկներ կազմակերպելու եւ յատկապէս ծրագիրին մէջ սուրիահայ աշակերտներ մասնակից դարձնելու համար: «Այս սուրիահայերու համար հիանալի առիթ մըն էր, առաւել աշխուժացնելու իրենց տարեկիցներու հետ շփումները, ինչպէս նաեւ աւելի արագ ընտելանալու իրենց նոր միջավայրին հետ: Անոնք կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին իւրացուցին հայաստանեան ծրագիրները եւ իրենց հասակակիցներու հետ մրցակցելով յաղթանակներ արձանագրեցին», նշեց Ա. Դաւիթեան:
Ողիմպիական մրցոյթի յանձնախումբի անդամներն էին` «Ուսմունք» վարժարանի փոխտնօրէն Ա. Աւետիսեանը (հայոց լեզու եւ գրականութիւն), ԵՊՀ դասախօս Ա. Մարգարեանը (անգլերէն լեզու) եւ Դ. Տեմիրճեանի անուան թիւ 139 դպրոցի ուսուցչուհի Ա. Գէորգեանը (թուաբանութիւն): Յանձնախումբը մրցոյթին շուրջ իր մասնագիտական կարծիքը յայտնեց, ինչպէս նաեւ բարձր առաջադիմութիւն ցուցաբերած աշակերտներուն գովասանագիրեր, պատուոգիրեր եւ արժէքաւոր մրցանակներ յանձնեց: Յանձնախումբը շնորհաւորելով զանոնք, արժեւորեց հայ դպրոցի ուսումը եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ ան՝ հայ դպրոցը ունի բանիմաց, խելացի աշակերտներ, որոնք կը ձգտին նոր գիտելիքներ ձեռք բերել եւ նորանոր բարձունքներ նուաճել: Բարձր գնահատանքի արժանացան նաեւ ուսուցիչները, որոնց ամէնօրեայ տքնաջան ու բարեխիղճ աշխատանքի շնորհիւ, աշակերտները նոր ձեռքբերումներ արձանագրեցին:
«Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿի ներկայացուցիչ Նայիրա Եդիգարեանը նշեց ձեռնարկի կարեւորութիւնը, ուր հայ ազգի լաւագոյն մանուկներու կարողութիւնները կը բացայայտուին, անկախ անոնց ծննդավայրէն եւ բնակավայրէն: «Սուրիահայերը Հայաստանի մէջ շատ լաւ ընդունելութիւն ստացան եւ հիմա ձեռք ձեռքի տուած համաձուլումի ճամբով քայլ կ’առնեն, որ իրենց հայրենակիցներուն հետ միասին զիրար լրացնեն եւ ամբողջացնեն: Այս իմաստով սոյն մրցոյթը լաւագոյն քայլերէն մէկն է», աւելցուց Ն. Եդիգարեան:
Ձեռնարկին հանդէս եկաւ նաեւ Կարբիի Վահան Թէքէեանի անուամբ կոչուած միջնակարգ դպրոցի տնօրէն Արսէն Օհանեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ԹԿ հիմնադրամին, անոր դպրոցներուն աջակցութիւն ցուցաբերելուն եւ նմանօրինակ ծրագիրներ իրականացնելուն համար: Նման ձեռնարկներ կը նպաստեն հայ դպրութեան եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան: Տնօրէնը նաեւ սուրիահայ աշակերտներուն հրաւիրեց մէկ օր Կարբիի մէջ անցնելու համար, վայելելու անոր բնութիւնն ու տեսարժան վայրերը:
Տօնական տրամադրութիւնը շարունակուեցաւ համերգային յայտագիրով մը, զոր ներկայացուցին Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանի «Ուսմունք» վարժարանի տաղանդաւոր ուսանողները:
Թէքէեանական 6-րդ ողիմպիականի առաջին մրցանակին արժանացան`
- «Հայոց լեզու եւ գրականութիւն» ՝ Միլենա Սիսեան (Երեւան):
- «Անգլերէն լեզու» ՝ Միհրան Կուզիպոյուքեան (Սուրիա):
- «Թուաբանութիւն» ՝ Նարօտ Քէյւանեան (Սուրիա):