*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Երուանդ Օտեան թատերախումբը, վաստակաւոր բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիին հեղինակած եւ բեմադրած՝ «Խօսքը Մէջերնիս» կատակերգութեան վերջին փորձերը կը կատարէ Թէքէեան կեդրոնին մէջ: Մինչ ելոյթի ժամկէտը կը մօտենայ, թատերախումբի անդամները արագընթաց կշռոյթով իրենց փորձերը կը շարունակեն: Երէկ երեկոյեան բարձրացայ փորձի սրահը, աւելի մօտէն տեսնելու խումբին տարած աշխատանքին ընթացքը:
Դուրսէն լսեցի դերասաններու ձայները: Իսկ ներսը մեղուի փեթակի տպաւորութիւնը տուող պատկերով մը գործի լծուած էին բոլորը: Բեմադրիչ Վաչէ Ատրունին բեմին առջեւ նստած, իր նկատողութիւններն ու ցուցմունքները կու տար դերասաններուն: Արդէն թատերախաղը ամբողջացած է: Դերասանները իւրացուցած են իրենց դերերը եւ գրեթէ պատրաստ են ելոյթին: Անկիւն մը քաշուելով նստեցայ, որպէսզի չխանգարեմ փորձին ընթացքը: Կարելի չէր զուսպ մնալ այդ մթնոլորտին մէջ: Դժուարութեամբ զսպեցի խնդուքս, որ այլապէս կրնար խանգարել դերասանները:
Առաջին հերթին ուշադրութիւնս գրաւեց Պրն. Ատրունիին մասնագէտի ցուցմունքները: Ան լիովին իւրացուցած էր թատերախաղի ուրուագիծն ու իւրաքանչիւր դերասանի ամենափոքր շարժումը իր միտքին մէջ: Անոր իւրաքանչիւր ակնարկը եւ ամենափոքր նկատողութիւնը կու գային թատերախաղը իր կատարումին հասցնելու: Թատերախումբին մէջ կան գաղութիս յայտնի դերասաններ. ինչպէս նաեւ սկսնակներ: Թատրոնի մը բաղկացուցիչ տարրերու ամբողջական եւ սքանչելի պատկեր մըն էր, որ ներկայացուած գտայ դիմացս:
Տքնաջան աշխատանքէ մը ետք փորձը աւարտեցաւ: Առիթը օգտագործելով մօտեցայ Պրն. Ատրունիին, իր գործին մասին քանի մը հարցումներ հարցնելու համար.
- Հ.- Պրն. Ատրունի, այս կարճ ժամանակամիջոցին, որ ներկայ գտնուեցայ ձեզի հետ, ծիծաղաշարժ այս ներկայացումին դիմաց դժուարութեամբ զսպեցի խնդուքս: Այս ձե՞ր հեղինակած գործն է:
- Պ.- Այո, այս իմ հեղինակած գործս է, որ ասկէ տասը տարիներ առաջ գրած եւ բեմադրած էինք:
- Հ.- Այսինքն ասկէ առաջ ներկայացուցած էք նոյն գործը:
- Պ.-Այո, 1995-ին առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուցինք զայն. սակայն դժբախտաբար լիարժէք իրաւունքը չստացաւ, որովհետեւ այդ օրերուն Լիբանան կ’ապրէր պատերազմական վիճակ մը: Առաւել՝ Յակոբ Տէր Մելքոնեան սրահը տրամադրելի չէր մեզի, եւ այդ պատճառով մեր ներկայացումը Յովհաննէս Պօղոսեան թատերասրահը կատարեցինք՝ բաւական դժուար պայմաններու տակ: Այդ ներկայացումին համար, Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրած էինք երկու վաստակաւոր դերասաններ, որոնք այսօրուայ մեր տղոց խաղցած դերերը իրենք կատարած էին: Հարկ համարեցինք անգամ մը եւս վերականգնիլ եւ նոյն գործը ներկայացնել, անոր տալով իր լիարժէք իրաւունքը: Այս մէկ կողմէն: Երկրորդ, վերջին մի քանի տարիներու մեր ներկայացուցած խաղերը՝ տխուր կատակերգութիւն եւ կամ տրամաթիկ գործեր եղած էին, պէտք էր քիչ մը կենցաղային գոմիտյային անդրադառնալ՝ ծիծաղին եւ ժպիտին: Այս գործը այդ շրջագիծէն ներս է, որ բեմադրեցինք, նպատակ ունենալով մեր ժողովուրդը կարենալ զուարճացնել: Այս թատերախաղին նպատակը ժողովուրդին բարոյախօսութիւն ընել չէ, որքան որ անոնց զուարճալի պահեր պարգեւելն է:
- Հ.- Պրն. Ատրունի, ներկայ վիճակին մէջ ժողովուրդը իսկապէս այնքան պէտք ունի խնդալու: Մի քանի խօսք ալ կարելի՞ է թատերախաղին նիւթի մասին:
Պ.- Ասիկա դիւրիմացութիւններու թատրոն մըն է: Ֆրանսերէնով կ’ըսեն՝ malentendu թատրոն, ուշատ անակնկալներու պիտի հանդիպինք, որոնք ծիծաղաշարժ իրավիճակներ պիտի ստեղծեն: Ինչպէս ըսինք այս իրավիճակները հիմնուած են անակնկալներու հիման վրայ՝անսպասելի պահեր եւ սխալ հասկացողութիւններ, որոնց նպատակը հիմքին մէջ կատակերգութիւնը զարգացնելն է: Բարեբախտաբար մեր խումբի անդամներուն կէսը արդէն փորձառու են, եւ միւս կէսը՝ սկսնակ անդամները, համախմբեցին գործի աշխատանքները: Քիչ մը ծաւալուն գործ է, յոյսով եմ, որ այս նեղ ժամկէտին մէջ կարողանանք, մեր առօրեայ կեանքէն առնուած, մեր իրավիճակներէն դուրս եկած գործ մը կարենալ ներկայացնել: Թատերախաղին մէջ պատահած դէպքերը հոս ապրուած դէպքեր են, մեր առօրեայէն ծնունդ առած: Իսկ արտայայտիչները, զորս լսեցիք, ժողովրդային արտայայտիչներ են, եւ այս կատարեցինք յատուկ, որպէսզի միջավայրը աւելի հարազատ հնչէ:
- Շատ ճիշդ ըսիք Պրն. Ատրունի, այս կէտը ինծի համար կարեւոր է, որով ունկնդիրը կամ այս հերթին հանդիսատեսը ինքզինք աւելի հարազատ կը զգայ բեմին վրայ ներկայացուած գործին հետ :
- Ճիշդ այդպէս: Յիշեմ նաեւ, որ մեզի համար այս տարի բաւական լուրջ տարի է՝ մեր տասնամեակն է: Թատրոնի համար բաւական լուրջ գործ է տասը յարատեւ տարիներ հայկական, սիրողական միջավայրի մէջ բեմադրելը: Անշուշտ այդ յարատեւութիւնը իր արդիւնքը կամաց-կամաց սկսած է տալ: Այսպիսով յոբելենական իրավիճակ մըն ալ ստեղծուած կ’ըլլայ՝ տասներորդ տարին եւ մեր տասնմէկերորդ ներկայացումը:
- Արժանի էք: Պրն. Ատրունի, ինչպէս ըսիք այս ծաւալուն եւ մեծ գործ է. քանի՞ դերասաններ ունիք ձեզի հետ:
- Խումբը բաղկացած է 12 անդամներէ, ինչպէս կը տեսնէք:
- Իսկապէս սքանչելի աշխատանք։ Յաջողութիւն կը մաղթեմ:
- Շնորհակալութիւն:
Զրոյցէն ետք տուն վերադարձայ, անհամբեր սպասելով ներկայացումի օրուան: