Շաբաթ, 23 Ապրիլի երեկոյեան, Դոկտ. եւ Տիկ. Անդրանիկ եւ Ալինա Տագէսեաններու Այնճարի բնակարանին պարտէզը տեղի ունեցաւ գրական ընդունելութիւն մը՝ նուիրուած ամերիկահայ վիպագիր եւ բանաստեղծուհի Նենսի Գրիգորեանին, ներկայութեամբ քոյր Թէոփիստէ Պետրոսեանի, Վեր. Եւ Տիկ. Ռաֆֆի ու Գայիանէ Մսըրլեաններու, Պատ. Յակոբ Ագպաշարեանի, գրողներու, հայ եւ արաբ աւելի քան յիսուն գրասէր հրաւիրեալներու, բարեկամներու:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Այնճարի Գրքասէրներու Ակումբ» (ABC Book Club) անունով գործող հինգ կիներէ բաղկացած խմբակին կողմէ:
Տարի մը առաջ հիմնուած այս խմբակը, երկշաբաթեայ պարբերականութեամբ կը հանդիպի, կը քննարկէ յանձն առնուած գիրքի ընթերցուող հատուածին հարցերը, կերպարները, կը կատարէ հերոսներուն վերլուծութիւնը, նիւթին զարգացման թէ բովանդակութեան առնչուող հարցեր. անդամները կ’ընթերցեն իրենց նախընտրած հատուածը, կը ջանան կապեր յայտնաբերել հեղինակին եւ ընթերցուող գիրքին դրուագներուն, հերոսներուն եւ պատգամներուն միջեւ:
Խմբակը օգտուելով Նենսի Գրիգորեանի Պէյրութ այցելութենէն, հրաւիրեց անուանի գրողը իբրեւ հիւր բանախօս՝ խմբակի առաջին տարեդարձին նուիրուած հանրային ձեռնարկին:
Գարնանային եղանակին ու խաղաղ մթնոլորտին յառաջացուցած հաճելի միջավայրին մէջ, ձեռնարկին բացումը կատարեց Տիկ. Ալինա Տագէսեան, որ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն, Արցախի վերջին զոհերուն, նաեւ բոլոր այն զոհերուն, որոնք ինկան մարդկութեան անարդարութեան պատճառով: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ըրաւ պատմականը խմբակին միամեայ գործունէութեան, ընդգծեց անդամներուն ձեռք բերած փորձառութիւնը, արձանագրած աճն ու զարգացումը, թուեց կատարուած աշխատանքները եւ յոյս յայտնեց, որ խմբակը նոյն թափով կը շարունակէ գործել ու աւելցնել իր հանրային ծառայութիւնը:
Ապա անդամ Նաթալի Քենտիրճեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց խմբակին անդամները, կարդացուած գիրքերէն (Էլիֆ Շաֆաքի Bastard of Istanbul, Օրհան Փամուքի the Snow, Էմին Մաալուֆի Rock of Tanios, Զապէլ Եսայեանի Աւերակներու Մէջ, Մինաս Թեճիրեանի Անունովդ Ապրիս, Քարոլ Էտկարեանի Rise the Euphrates, Նենսի Գրիգորեանի Dreams of Bread and Fire, Էլիֆ Շաֆաքի Forty Rules of Love) մէջբերումներ, միամեայ իրենց գործունէութենէն պատկերաւոր դրուագներ:
Անդամ Օրդ. Սեւան Աբելեան ընթերցեց խմբակին բարեկամ, մարդաբան Խորեն Գրիգորեանի Երեւանէն յղած ողջոյնի խօսքը, որմէ ետք անդամ Տիկ. Սիւզի Նաշալեան ընթերցեց հեղինակուհիին Dreams of Bread and Fireէն հատուած մը: Տիկ. Տագէսեան համառօտակի ներկայացուց Նենսի Գրիգորեանի կենսագրականն ու հանրային գործունէութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց հեղինակուհիին ազնիւ ընդառաջումին եւ ամբիոն հրաւիրեց հասարակական աշխուժ գործունէութեամբ հանրածանօթ հեղինակուհին:
Հիւր բանախօսը սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց իր ընտանիքին պատմութիւնը, մեծ մօր սերունդին ոդիսականը, իր գրական-ստեղծագործական ուղին, բացատրեց ու մանրամասնեց, թէ ինչպէս յառաջացած ու զարգացած է գաղափարը՝ վիպագրելու քառահատոր պատումը հայութեան անցնող մէկ դարուն: Ջերմ, անմիջական ու հարազատ ոճով հեղինակուհին յստակացուց, թէ ներկայիս Պէյրութ կը գտնուի նիւթեր հաւաքելու իր քառահատորի վերջին գիրքին՝Armenians of Beirutի համար: Հեղինակուհին կարդաց պաղեստինեան ողբերգութեան, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն Պուրճ Համուտի եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապներուն նուիրուած իր բանաստեղծութիւններէն, շնորհակալութիւն յայտնեց հանդիպումը կազմակերպողներուն ու պատասխանեց ներկաներուն ուղղած հարցումներուն (իր խիստ շահեկանութեան համար խօսքը կու տանք առանձին):
Անդամ Թալին Իսթանպուլեան խմբակին անունով Սվազի ասեղնագործ-յուշանուէր մը նուիրեց հիւրին, որմէ ետք հատուեցաւ կարկանդակը: Ներկաները կողմնակի խօսակցութիւններ ծաւալեցին պարտէզին մէջ, ոգեշնչուած դասական երաժշտութեան, կանաչ բնութեան, զով օդին, ջերմ մթնոլորտին ու ձեռնարկին առթած քրքիրներէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրմէկամեակին իւրօրինակ նշում մը եղաւ այս ձեռնարկը, որմէ ներկաները հեռացան ուրիշ բաւարարութեամբ մը: