Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հ.Բ.Ը. Միութեան Սաները Նշեցին Միութեան 110 Ամեակը Եւ Մեծ Եղեռնը

«Յատկապէս Զատիկի այս օրը ընտրեցի մեր ժողովին համար, որովհետեւ այսօր հայութեան մէջէն եւս յարութիւն պիտի առնէ այն սրբազան Միութիւնը, որ մեր երազն է տարիներէ ի վեր, պիտի հիմնեմ համահայկական այն մեծ միութիւնը, որ իրարու պիտի զօդէ համայն հայութեան սրտերը»:

Պօղոս Նուպար Փաշա –  1906, Ապրիլ 15

Եւ այսօր՝ 2016 Ապրիլ 15-ին Հ.Բ.Ը. Միութեան Նազարեան եւ Կարմիրեան վարժարաններու աշակերտները, շարունակելով փառապանծ Միութեան հիմնադիրներուն երազը, Բարեգործականի վայել ձեռնարկներով նշեցին այս մեծ Միութեան 110-ամեակը:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կարմիրեան վարժարանէն ներս:  Ան կը բաղկանար երկու բաժիններէ, առաջինը գեղարուեստական յայտագիր, իսկ երկրորդը խաղեր:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի Դ. կարգի աշակերտները:  Նախքան յայտագիրի բացումը Անթունեան Միրէյ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը Հ.Բ.Ը. Միութեան հիմնադիրներուն, ինչպէս նաեւ մեր 1,500,000 նահատակներուն եւ մերօրեայ Արցախեան նահատակներուն:  Բացման խօսքը կատարեցին Ռաֆֆի Չագրեան եւ Հրակ Աստուրեան:  Անոնք իրենց խօսքին մէջ նշեցին, թէ այսօր ցնծութեան օր է, որովհետեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ը 110 տարեկան է, ապա աւելցուցին ըսելով՝ փառք ու պատիւ այս հզօր միութեան հիմնադիրներուն գլխաւորութեամբ Պօղոս Նուպար Փաշային ևւ իր տեսլականին հաւատացող խումբ մը նուիրեալ ազգայիններու, եւ Միութեան քայլերգը երգելով հանդիսութիւնը բացուած յայտարարուեցաւ:

Իւրաքանչիւր աշակերտ իր տեսակէտը փոխանցեց Հայ Դատի հետապնդման նկատմամբ եւ թէ ինչպէս կարելի է պաշտպանել ու տէր կանգնիլ մեր Դատին:  Թատերգութեան ընդմէջէն անոնք երգեցին, արտասանեցին եւ պարեցին,  ուշագրաւ էր Մարալ Կիրիթլեանի երգած «Զինուորի Երգ»ը, որ բիւրեղեայ ձայնով դիւթեց ներկաները, ապա արտասանեցին «Կանք Պիտի Լինենք» բանաստեղծութիւնը:  «Հպարտ Գնացէք» խմբերգով ծածանեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Միութեան դրօշակները ու մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին: Ապա տրամախօսութեան միջոցով ներկաներուն փոխանցեցին Հ.Բ.Ը.Մ.ի անցեալն ու ներկան, յիշելով Միութեան հիմնադիրները, նպատակը եւ գործունէութիւնը:  Մարալ Կիրիթլեան, Մարիա Իւրնէշլեան, Մարիթա Ճուլֆայեան եւ Թիանա Մալեան արտասանեցին Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»ը, ապա երգեցին «Ջան Հայաստան» եւ յայտագիրի իրենց բաժինը աւարտեցին «Երազ Իմ Երկիր Հայրենիք» հայկական պարով:

Նազարեան վարժարանի աշակերտները նոյնպէս կոկիկ յայտագիրով հանդէս եկան:  Սիպէլ Ապտըննուր ասմունքեց Յովհաննէս Թումանեանի «Հին Օրհնութիւն»ը, իսկ Ռիթա Չարըքեան Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում»ը:  Ճօ Հելվաճեան հանդէս եկաւ անգլերէն խօսքով՝ «The AGBU», որմէ ետք նուագեցին Արէն Վասիլեան (դաշնամուր) եւ  Հրանդ Էլմայեան (ջութակ):  Յայտագիրը փակուեցաւ «Սարդարապատ» պարով:

Աշակերտները լիցքաւորուած օրուան խորհուրդով բակ իջան, շարունակելու համար տօնակատարութեան 2-րդ բաժինը՝ խաղ-մրցում (rally-paper):

Անոնք խումբերու բաժնուեցան եւ Հ.Բ.Ը. Միութեան նախագահներուն անունը կրող կայանները շրջեցան ու խաղեր խաղցան եւ հարցումներու պատասխանեցին:  Լաւապէս կազմակերպուած այս խաղերէն աշակերտները մեծ հաճոյք առին, անոնք խանդավառութեամբ մէկ կայանէն միւսը կ’երթային, կը խաղային, հարցումներուն կը պասասխանէին եւ կէտեր կը հաւաքէին:  Աւարտին յաղթական խումբի աշակերտները պարգեւատրուեցան մէկական մետալով:

Հաճելի եւ ուրախ օր մը բոլորելէ ետք բոլորը վերադարձան իրենց տուները:

1-AGBU & Genocide

2-AGBU & Genocide

3-AGBU & Genocide

4-AGBU & Genocide

5-AGBU & Genocide

6-AGBU & Genocide

7-AGBU & Genocide

8-AGBU & Genocide

10-AGBU & Genocide

11-AGBU & Genocide

12-AGBU & Genocide

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին