Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հայկական Քաղաքավարութիւն

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Մի քանի օրեր առաջ, Դիմատետրի (Facebook) էջերէն մէկուն վրայ  կարդացի,  ՀՀ յուշարձանագէտ  Սամուէլ Կարապետեանի մէկ յայտարարութիւնը, ուր ան ըստ իր սովորութեան, հակա-եկեղեցական արտայայտութիւն մը ունեցած էր: Կարապետեանի յայտարարութեան տակ, անոր հասցէին վատախօսութիւններ գրառուած էին, որոնք յուշարձանագէտը անվայել անուններով կը կոչէին: Անշուշտ ուրիշներ ալ գնահատած էին անոր խօսքերը: Հարցը հետեւեալն է՝ ես հայ քրիստոնեայ մըն եմ եւ կը փորձեմ հաւատարիմ ըլլալ հաւատքիս ու եկեղեցիիս: Բայց ինծի համար անհանդուրժելի էր Պրն. Կարապետեանի հասցէին ըսուածները, որքան ալ անընդունելի ըլլան եկեղեցւոյ մասին իր արտայայտութիւնները: Անձնապէս երբեք համաձայն չեմ անոր խօսքերուն, բայց այս չի նշանակեր, որ կրնամ անարգել զինքը: Ի վերջոյ մարդը վաստակաւոր անձնաւորութիւն մըն է, որու գործին հանդէպ յարգանք ունիմ:

Այլ յայտարարութիւն մը եւս, այս անգամ  Հայր Կոմիտաս Յովնանեանէն, որով ան, ըստ ոմանց, հակաազգային արտայայտութիւններ ունեցած է: Ես գիտեմ հայր սուրբը եւ գիտեմ նաեւ իր ազգասիրութիւնը ու կը կարծեմ թիւիմացութիւն մը եղած է կամ իր խօսքը սխալ հասկցուած: Բայց  թէկուզ ան նման խօսք մը ըսած ըլլայ, պէ՞տք է զինք վատաբանենք: Կարծէք հայկական սովորութիւն կամ նկարագիր դարձած է, ամէն անգամ որ հայ մը իրմէ տարբեր գաղափարներու տէր հայու մը հանդիպի, իր  առաջին բնազդային հակազդեցութիւնը կ’ըլլայ՝ հակայարձակում կատարել վատ արտայայտութիւններով:

Կը յիշեմ ուսանողական շրջանիս Հայոց պատմութեան ուսուցիչ մը ունէի՝ Վազգէն Ղուկասեան անունով, որու կը պարտիմ  Հայոց պատմութեան հանդէպ ունեցած իմ գիտութիւնս  եւ սէրս: Օր մը Պրն. Վազգէն դասաւանդութեան ընթացքին դէպք մը պատմեց:  Հայաստանի պատմագիտական բաժանմունքի փրոֆեսորները դասախօսական ժողով մը կը կազմեն: Ժողովի ընթացքին պատմագէտ մը խօսք կ’առնէ եւ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ որոշ վերապահութիւններ կը յայտնէ: Զինք լսողները, որոնք դարձեալ պատմագէտներ էին, անմիջապէս ոտքի ելլելով կը սկսին հայհոյանքներ թափել մարդուն գլխուն: Գիտէ՞ք այս պատմութեան մէջ ինչը զիս զարմացուց՝ բոլոր ներկաները պատմաբաններ էին. կարելի էր ամենայն պարզութեամբ ոեւէ պատմաբան մը ելլէր եւ հակառակը փաստեր, ապացոյցներ ներկայացնելով հերքէր յիշուած խօսքերը: Այդքան պարզ: Ինչո՞ւ համար զիրար կը վարկաբեկենք չեմ գիտեր:

Յատուկ խօսելաձեւ ունինք հայերս, չեմ գիտեր ան անցեալէն եկած մէկ երեւոյթ մըն  է, թէ չբժշկուած վէրքի մէկ ախտանշանը: Այլ օրինակ մը եւս տամ. ծանուցումի մը մէջ կարդացի՝ «Հաստատութիւն մը պաշտօնեաներու կարիքը ունի, թեկնածուները (յայտնի չէ, թէ ինչ դիրքի թեկնածու է պահանջուածը, ես փափաքողները պիտի ըսէի…) ՊԱՐՏԻՆ ներկայանալ եւն. եւն.: « Պարտի՞ն»: Տակաւին գործի չսկսած՝  պարտաւորութիւննե՞ր: Ուրիշ օրինակ մը եւս աւելցնեմ:  Հայկական երգահանդէսի մը ներկայ էի, ուր օտարներ ալ կային: Հանդէսը չսկսած բարձրախօսէն յայտարարութիւն մը՝ «Be seated» նստեցէ՛ք հրամայական մը արձակուեցաւ: «Վստահաբար խօսողը քաղաքավարութեան նրբութիւններու անտեղեակ հայ մըն է», ըսի տիկնոջս: Ընդհանրապէս «please, take your seats»` խնդրեմ նստեցէք արտայայտութիւնը կը գործածուի նման պարագաներու մէջ:

Օր մը Իտալիա պանդոկի մէջ էի: Սենեակիս դրան ետեւը,  թուղթի մը վրայ գրուած կար պանդոկի օրէնքները: Բոլոր արտայայտութիւնները դրական ոճով գրուած էին: Օրինակի համար՝ «Կրնաս մինչեւ 12 դուրս մնալ» , «կրնաս նախաճաշ ունենալ մինչեւ ժամը 10» եւն…։  Հիմա նոյն յայտարարութիւնը հայ մը եթէ գրած ըլլար, հետեւեալը պիտի ունենայինք՝ «Եթէ երեկոյեան 12-էն վերջ գաս, դուրս կը մնաս»: Յստա՞կ է տարբերութիւնը: Եթէ մէկը առարկէ եւ ըսէ՝ «չենք կրնար այս հարցը ընդհանրացնել», իրեն կ’ըսեմ «անշուշտ թէ ոչ, միշտ բացառութիւններ կան եւ պիտի ըլլան»: Եթէ ուրիշ մը առարկէ եւ ըսէ՝ «այս նկարագիրը միայն հայու մօտ կա՞յ»,  իրեն կ’ըսեմ՝ «ես հայով միայն հետաքրքրուած եմ»:

Ի վերջոյ բարձրացնենք մեր ձայնը եւ երգենք՝

«Արցախն է մեզ կանչում՝ հայեր միացէք, միացէք հայեր»:
Վրիպակ-  Յօդուածին վերնագիրը պէտք է՝ Հայկական «Քաղաքավարութիւն» ըլլայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին