*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
- Բարեկամ, ինչո՞ւ համար այդպէս կոպտօրէն մարդուն երեսին զարկիր իր յանցանքը:
- Ես այսպէս եմ. կը սիրեմ ճշմարտութիւնը խօսիլ առանց այլ եւ այլ յարդարումներու, եւ առանց սակարկութեան:
- Հասկցանք… բայց ըրածդ ճշմարտութիւնը խօսելէ քիչ մը անդին անցաւ. դուն մարդը անարգեցիր սխալի մը համար, որու սրբագրութիւնը այդչափ ալ մեծ հարց մը չէ:
- Պէտք է սորվի չսխալիլ:
- Հիմա դուն ես սխալը ընողը… մարդ կրնա՞յ չսխալիլ:
- Այո, եթէ քիչ մը զգոյշ ըլլայ:
- Կը ներես. չեմ ուզեր քեզի պէս կոպիտ ըլլալ, բայց… դուն քեզի կը նայիս հայելիին մէջ: Ականջ կը դնես, թէ շուրջիդ մարդիկը ի՞նչ կ’ըսեն քու մասիդ՝ մանաւանդ քու անբասիր գործելակերպիդ կապակցութեամբ:
- Ինչ որ ուզեն թող ըսեն…:
– Աւելի լաւ պատասխան մը չէի սպասեր. մնաս բարեաւ, բայց չմնաս ինչպէս որ ես:
Մեզմէ շատեր հանդիպած են նման մարդոց, որոնք յանուն ճշմարտութեան իրենց մաղձերը կը թափեն ուրիշներու վրայ: Յաճախ ըսած եւ կրկնած եմ, որ սխալի մէջ եղող մարդը, ընդհանրապէս ամենաքիչ գիտակցութիւնը կ’ունենայ սխալի մասին: Հաւանաբար մարդիկ, որոնք վերի օրինակին նման «ճշմարտախօս» են, իրենք ալ ամենաքիչ գիտակցութիւնը ունին իրենց կատարածին մասին: Եւ այս օրինակը, ոչ միայն գործատէր-գործաւորի մէջ կրնայ պատահիլ, այլ որեւէ յարաբերութեանց մէջ՝ ծնողք-զաւակի, ուսուցիչ-աշակերտի, կողակիցներու, բարեկամներու եւ շարքը կ’երկարի:
Ճշմարտախօս ըլլալ՝ առաքինութիւն մըն է: Բայց զայն շնորհալի կերպով փոխանցելը, մարդ ըլլալու արուեստ է:
Կը պատմուի իմաստասիրութեան հիմքերը հաստատող Սոկրատի մասին, թէ օր մը իր աշակերտներէն մին կը մօտենայ իրեն եւ կ’ըսէ.
Աշակերտ- Ուսուցիչ, ճշմարտութիւն մը ունիմ, զոր կ’ուզեմ քեզի փոխանցել:
Սոկրատ- Վստա՞հ ես, որ ըսելիքդ ճշմարտութիւն է:
Աշակերտ- Այո:
Սոկրատ- Կարեւոր է, որ զայն հիմա ըսես ինծի:
Աշակերտը- Այո:
Սոկրատ- Ինծի համար օգտակար է ըսելիքդ:
Աշակերտը- Ոչ անպայման:
Սոկրատ- Ուրեմն մի ըսեր:
Վերը յիշուած խօսակցութիւնը, ճշմարտութիւնը խօսելու մասին Սոկրատի երեք մաղերն են՝ ա) Վստահ ըլլալ տեղեկութիւններէն: բ) Յարմար ժամանակի սպասել զայն ըսելու համար: գ) Վստահ ըլլալ, որ ըսուածը օգտակար է:
Շատեր այնքան հեւքի մէջ կ’ըլլան ճշմարտութիւնը ըսելու համար, որ իրենց ականջները փակած կ’ըլլան ճշմարտութիւնը լսելու: Կեանքի մէջ միտքի հասունութիւն եւ այդ հասունութիւնը կենաքի վերածելու նկարագիր ունենալու համար, պէտք է միշտ պատրաստ ըլլանք ճշմարտութիւնը լսելու, մանաւանդ երբ ան մեր անձին հետ առնչուած է: Մարդը իր անձնական մտայնութեամբ չի կրնար ինքզինք նորոգել, որովհետեւ իր միտքը իր անձին դէմ չի կրնար գործել: Պէտք ունի դուրսէն եկող ճշմարտութեան մը, որպէսզի իր անձը անոր ենթարկելով ինքզինք բարելաւէ: «Չենք կրնար լուծել մեր խնդիրները միեւնոյն մտածելակերպով, որ ստեղծեց զանոնք» (Ալպերդ Այնշթայն): Ըստ Այնշթայնին որպէսզի մեր խնդիրները լուծենք, պէտք ունինք նոր մտածելակերպի: Եւ որպէսզի նոր մտածելակերպ ունենանք, պէտք ունինք լսելու ճշմարտութիւնը եւ հնազանդելու անոր:
Ճշմարտախօս ըլլալը լաւ է, ճշմարտութիւնը լսելը աւելի լաւ է, մանաւանդ երբ անիկա մեր մասին է: