Հինգշաբթի, 12. 03. 2026

spot_img

Արցախի Սահմանին Վրայ Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած Է

Ապրիլ 19-ին ժամը 09:50-ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան Բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն նահատակուած է Պաշտպանութեան Բանակի զինծառայող, 1996-ի ծնունդ Գէորգ Գարեգինի Գէորգեանը:

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նահատակուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին