Ուրբաթ, 12. 09. 2025

spot_img

Վահան Թէքէեան Միջն.Վարժարանը Երգեց Ու Պարեց Հայաստանով

Դպրոցական կեանքը հաճելի է ոչ միայն ուսումնառութեան մէջ այլ նաեւ իր բազմաբեղուն արտադասարանային եւ  մշակութային գործունէութիւններով: Հայ երգը, պարն ու արուեստը անքակտելի մաս կը կազմեն աշակերտի դպրոցական կեանքի ապրելակերպին մէջ: Իւրաքանչիւր երգի կամ պարի դասապահ, դպրոցը կը թնդայ խինդով, աշխոյժ ու կայտառ երաժշտութեամբ: Հայրենիքի շունչը, անոր կարօտալի բոյրը կը սփռուի ամէնուրեք: Վարժարանիս հիմնադրութեան 65 ամեայ տօնակատարութեան շարքը կը շարունակուի: Թէքէեանցի աշակերտը հպարտօրէն կը կոչէ՝ Մենք ենք Հայաստանը Մեր:

Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Պարսամեան սրահը ողողուած էր հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին ըմբոշխնելու այն ինչ, որ Հայկական է:

Լիբանանի, Հայաստանի  եւ վարժարանի քայլերգները  ունկնդրելէ  ետք, բեմ  բարձրացաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ.  Կալինա  Նաճարեանը, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ըսաւ, թէ վարժարանը յամառօրէն հաւատալով իր հայապահպանման առաքելութեան, անգամ մը եւս կը ջամբէ հայ մշակոյթը իր մատղաշ սերունդին՝ հայ երգի ու պարի միջոցով, որոնք միջոցներն են աշակերտին հոգիին մէջ արթուն պահելու հայրենասիրութեան գաղափարը, միեւնոյն ժամանակ զուարճացնելով եւ հաճոյք պատճառելով նոր սերունդին: Ան նաեւ կոչ ուղղեց նոր սերունդին չմոռնալու Թուրքիոյ գործած Ցեղասպանութիւնը, անդրադառնալով անոր գործակից Ազրպէյճանին, որ այսօր ալ կը շարունակէ ռազմապաշտ արարքները մասնաւորաբար Արցախի դէմ, որ պէտք է ենթարկուի արժանի պատիժի:

Գեղարուեստական յայտագիրը ազդարարեց իր սկիզբը հայրենաշունչ խմբերգներով, մասնակցութեամբ նախ. Ա.Բ.Գ դասարաններուն: Հնչեցին «Զարթիր լաօ», «Արդեօք Ովքեր են», «Գետաշէն» եւ «Միացէք Հայեր» երգերը, մենակատար Ալին Գէորգեան նախ Գ. դասարանէն, նուագախումբի ընկերակցութեամբ տհոլ՝ Ազատ Գէորգ, թմբուկ՝ Սահակ Ճօ Փափազեան, տապ՝ Կարէն Յակոբեան եւ Արման Դանիէլեան, ծնծղայ՝ Աւետիս Ճորճ եւ Քէյվըն Կէօտէլէքեան, եռանկիւն՝ Մանուէլ Պորանեան եւ Մարի-Քլէր Նալջաճեան, որմէ ետք հերոսական երգով մը հանդէս եկաւ Միջն. Գ դասարանէն  Գարլօ Սապունճեան՝ գեղեցկօրէն մեկնաբանելով «Հայ Հերոսների» երգը:

Հայ մանուկները մեր ժողովուրդի ապագայ յոյսն են, որոնցմով պիտի շարունակուի մեր փառապանծ գոյատեւումը: Հպարտութեամբ ու բարձր ոգիով մեր ապագան՝ մանկապարտէզի մանուկները տողանցեցին  «Զինուորիկն եմ Փոքրիկ» երգի հնչիւններուն տակ, իրենց գլխուն թագադրուած եւ հպարտօրէն կրելով Արցախի ու Հայաստանի դրօշակները: Ապա խանդավառելով մթնոլորտը խմբերգեցին՝ «Դպրոցական Քայլերգ»,  «Ճախարակ»,  «Մեղու», «Խնոցի» եւ «Ծնկըլ Մնկըլ» երգերը:

Շարունակելով ուրախ մթնոլորտը խմբային պարով ելոյթ ունեցան վարժարանիս Կարս պարախումբի փոքրերու խումբը՝ նախ. Ա.Բ.Գ դասարանները ներկայացնելով «Կրիշօ» պարը: Միջն. Ա դասարանէն Սէլին Յովհաննէսեան իր անոյշ ձայնով փառաբանեց Հայրենիքը եւ կարօտի զգացումով երգեց «Պիտի Գնանք վաղ թէ ուշ», որմէ ետք Միջն. Բ. դասարանի աշակերտուհի Դալար Գէորգեան գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ դաշնամուրի վրայ նուագեց «Մեղեդի»ն:

Գեղեցիկ ու նախշուն հագուստներով, խանդավառ ու համադաս խմբային պարով հանդէս եկան Կարս Պարախումբի միջակներու խումբը՝ նախ Գ. եւ Դ. Դասարանի աշակերտները ներկայացնելով «Գնչուներ»ու պարը:

Գեղեցիկ ձայնով Յովիկ Չաւուշեան նախ. Զ. Դասարանէն մեներգեց «Ատանայի Կոտորածը», որուն յաջորդեց խմբային պար մը, ուր մեծերու խումբը ներկայացուց խանդավառ  «Ազգագրական Պարերու Շարան»:

Սրահին մէջ մթնոլորտը, ապրումներն ու խանդավառութիւնը պահելով միշտ բարձր մակարդակի վրայ, յաջորդեցին Խմբերգներ նախ. Դ. Ե. Զ. դասարաններու մասնակցութեամբ, ներկայացնելով   «Երգ Բարեկամութեան» եւ «Հէլլէ Հէլլէ», մենակատար Ալինա Քաթիպեանի նախ. Ե դասարանէն, ապա «Կենաց Երգ» տհոլի ընկերակցութեամբ Փիթըր Մուրատեանի միջն. Բ. դասարանէն:

Յայտագիրի նախավերջին մասը զուգերգ էր՝ «Ալ Այլուղս» գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ միջն Ա. Դասարանէն Ռուպինա Օհան-ի եւ միջն. Գ. Դասարանէն Գարլօ Սապունճեանի: Իրենց երգին ընդմէջէն, անոնք սփռեցին սէր եւ հրճուանք:

«Հայաստանը Իմն է, Հայաստանը քոնն է…»ով թնդաց  սրահը ներկաներու որոտընդոստ ծափերով, յայտագիրի վերջին խմբային պարով՝ մասնակցութեամբ վարժարանիս բոլոր աշակերտութեան, ձեռքերը վեր բարձրացնելով, փաստելով իրենց հաւատարմութիւնը վարժարանիս կրթադաստիարակչական սկզբունքներուն, պահպանելով հայկական ու հայեցի դաստիարակութեան շունչը, ինչպէս նաեւ սէրը դէպի հայ երգը, պարն ու արուեստը:

Փառատօնի աւարտին վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհին հակիրճ սրտի խօսքով անդրադարձաւ եզրափակիչ ելոյթին, անոր մէջ  վեր առնելով հայեցի կրթադաստիարակութիւնը վարժարանէն ներս, վառ պահելու համար գուրգուրանքը յանուն Հայրենիքի՝ Հայաստանին ու Արցախին: Ապա շնորհակալութիւն յայտնելով գեղարուեստական յայտագիրի  ղեկավար Պր. Երուանդ Քէշիշեանին եւ պարուսոյց Տիկ. Նանօր Քէլէշեանին ու երգ-երաժշտութեան ուսուցիչին, մաս կազմող աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ պատասխանատու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, որմէ ետք գեղեցիկ յուշանուէրով մը պատուեց երգի ու պարի ուսուցիչները:

Բարձր ոգիով ու անսահման հայրենասիրութեամբ տոգորուած, ներկաները վայելեցին վարժարանիս աշակերտութեան կատարումները եւ բարձր գնահատանքի արժանացնելով մեկնեցան այն համոզմամբ, որ հայ սերունդը տակաւին կը շարունակէ փայփայել եւ պահպանել հայ մշակոյթն ու արուեստը՝ զայն փոխանցելու համար յաջորդ սերունդներուն:

Բոլորին վարձքը կատար:

DSC_6899

DSC_7039

DSC_7103

DSC_7193 (1)

DSC_7285

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին