*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Լիբանան անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ ան Հայ ժողովուրդի բարեկամ ու նեցուկ իւրայատուկ արաբական երկիր մըն է, որ ոչ մէկ անգամ յուսախաբ ըրած է Լիբանանահայութիւնը՝ ինչ կը վերաբերի մեր Դատին:
Պոլսոյ մէջ կայացած Իսլամական Համագործակցութիւն կազմակերպութեան գագաթաժողովի եզրափակիչ հաղորդագրութեան ընդգրկած՝ Ղարաբաղի առնչութեամբ փաստօրէն հակահայ յօդուածին, ի հեճուկս Թուրքիոյ՝ Լիբանանի արտայայտած վերապահ կեցուածքին համար, Լիբանանահայութիւնն ու համայն Հայութիւնը երախտապարտ է Լիբանանին՝ իր սկզբունքային կեցուածքին համար: Լիբանանի վարչապետ Թամամ Սալամ հակառակ Թուրքիոյ հետ ունեցած քաղաքական ու կրօնական սերտ կապին, բնաւ երբեք չվարանեցաւ գոնէ ձեռնպահութեամբ հակադրուելու Հայ ժողովուրդին դէմ եղած որոշումին, որ ըստ Վարչապետին կը բխի արդարութեան սկզբունքներէն ու համոզումի արդիւնք է, եւ ոչ քաղաքական հաշիւներու։
Անձնական վկայութեամբ մը տեղին է հոս նշել, որ նմանօրինակ համազգային գերխնդիրներու վերաբերող Լիբանանահայութեան միակամ կեցուածքը, որ արտացոլաց Վարչապետին Պոլիս մեկնելու նախօրէին՝ Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն լրատուական միջոցներուն դիմաց քողարկուած օրակարգով մը այցելութեամբ վարչապետարան, բնականաբար ունեցաւ իր անմիջական ազդեցութիւնը վարչապետին կեցուածքին վրայ, որ թագադրուեցաւ ինչպէս տեսանք Լիբանանի անզուգական կեցուածքով:
Այս լաւագոյն օրինակն է, որ նոյնիսկ տագնապահար ու փոքր երկիր մը ըլլալով, միջազգային բնոյթ ունեցող բարձր ատեանի մը մէջ կարելի է միայնակ արդարութեան կողմը կանգնիլ՝ անտեսելով ամէն տեսակի քաղաքական հաշիւներ։ Նաեւ լաւագոյն օրինակ է, որ երբ հայ քաղաքական կողմեր միասնական կեցուածք կը ցուցաբերեն, արդարութեան ձայնը անպայման ձեւով մը կրնան հասցնել Թուրքիոյ՝ իր կեդրոնին մէջ իսկ, ան ալ ամենաբարձր ատեանէ մը, զոր ինք խորամանկաբար կ՛ուզէր լաւապէս եւ բացարձակաբար ի նպաստ իրեն օգտագործել, բայց այս պարագային չյաջողեցաւ։ Այստեղ է որ կարելի է կրկնել ծանօթ խօսքը՝ քաղաքականութիւնը կարելիին արուեստն է։
Հայ ժողովուրդի անունով շնորհակալութիւն Լիբանանի Վարչապետին: Շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն ասպնջական Լիբանանին: