*ԱՆԺԷԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ*
Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ, պետական երեսփոխան Պրն. Ժան Օղասապեանի հետ: Հանդիպումը կազմակերպուած էր «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութեան կից գործող Մշակութային Յանձնախումբի կողմէ:
Հետաքրքրական էր նիւթը՝ «Միջազգային Իրադրութիւնը Այսօր… եւ Լիբանանը»: Արդարեւ մեր շուրջը տիրող քաղաքական խառնիճաղանճը առիթ կու տայ բոլորին, որպէսզի իւրովի մեկնաբանեն իրենց կիսահասկցած երեւոյթները, անձնական շահի դիրքերէ դատեն այդ երեւոյթները ու խուճապի մատնուին տեղի անտեղի:
Այս իսկ պատճառով, «Խօսնակ»ի Մշակութային Յանձնախումբի վերջին երկու ձեռնարկները կը միտէին միտքերու մէջ յստակութիւն մտցնել, մեր ազգային գերագոյն շահերու գիտակցութիւն արթնցնել եւ լուսաբանել ընդհանրապէս արաբական աշխարհի մէջ տիրող իրավիճակը: Շփոթ մը կայ այսօր մարդոց միտքերուն մէջ, ո՞րն է ճիշդը եւ ո՞րը՝ սխալը, որո՞ւ վստահիլ, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս կրնայ աւարտիլ այս խառնաշփոթ վիճակը: Իսկ մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար, որոնք հարիւր տարիէ ի վեր բարեկարգ ու աշխոյժ համայնքներ ստեղծած են այս երկիրներու մէջ, ի՞նչ ապագայ կը սպասէ անոնց: Յուսահատութիւնը ժանգ կապած է մարդոց հոգիներուն մէջ ու մարդիկ չեն գիտեր ի՞նչ ծրագիրներ մշակեն իրենց զաւակներուն ու թոռներուն համար:
Այս մտահոգութիւններուն որոշ լուսաբանութիւն տալու համար էր, որ առաջին առիթով հրաւիրուած էր պետական երեսփոխան Պրն. Յակոբ Բագրատունին, իսկ ետքն ալ՝ պետական երեսփոխան Պրն. Ժան Օղասապեանը: Պարոն Բագրատունին կեդրոնացաւ հայ կեանքին վրայ, իսկ Պարոն Օղասապեանին վստահուած էր լուսաբանութիւններ տալ Միջին Արեւելքի եւ Արաբական երկիրներու քաղաքական թոհուբոհին մասին:
Հանդիպումին բացումը կատարեց Պրն. Օհան Պոտրումեանը, որ լուսարձակի տակ առաւ ընդհանուր իրավիճակը, Արաբական Գարունը եւ անոր բերած ոչ գարնանային աւերները, հայագաղութներու գոյատեւման հարցը եւ այս երկիրներու ապագան: Ապա արուեստագիտութեան դոկտ. Տիկին Թամար Յովհաննիսեան դաշնամուրի վրայ նուագեց երեք հայկական եղանակներ՝ «Կիլիկիա», մշակում՝ Ստեփան Էմմիեանի, «Գիշերերգ»՝ Առնօ Պապաճանեանէ եւ «Վերածնունդ»՝ ինքնաստեղծագործութիւն՝ Թամար Յովհաննիսեանի կողմէ: Պէտք է արձանագրել, որ Տիկին Թամարին մատներուն տակ կարծէք հոգի առած էր դաշնամուրը, որ մերթ կը յուզէր, մերթ կ’ոգեւորէր, մերթ կ’աղերսէր: Չափազանց հմայիչ էր Տիկին Թամարին դաշնամուր խօսեցնելու թէքնիքը, որովհետեւ ան կը տիրապետէ մատներու թեթեւ ու ճկուն հպումով ունկնդիրները կախարդելու արուեստին:
Դաշնամուրային համոյթէն վերջ, Պարոն Պոտրումեան ներկայացուց հիւր երեսփոխանը եւ զայն բեմ հրաւիրեց: Պրն. Օղասապեան փորձեց տալ խորքային պատճառները ստեղծուած սարսափելի վիճակին: Ան ըսաւ, թէ 1916-ին, երբ Անգլիան ու Ֆրանսան Սայքս-Փիքոյի համաձայնագիրով կը փորձէին ձեւել սահմանները նախկին Օսմանեան կայսրութենէն ազատագրուած երկիրներուն, անոնք բնաւ նկատի չէին առած ժողովրդագրական պատկերը այդ երկիրներուն: Ցեղային ու կրօնական խայտաբղէտ պատկեր մը ունեցող այդ երկիրները դիմացան որոշ ժամանակ, բայց ակնկալելի էր այս բռնկումը: Պրն. Օղասապեան խօսեցաւ նաեւ այն երկիրներուն մասին, որոնք շրջանին մէջ մեծապետական շահեր կը հետապնդեն ու իրենց ծրագիրները իրագործելու համար որպէս գործիք կը դիտեն փոքրամասնութիւնները:
Պարոն Օղասապեան յատկապէս շեշտեց քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն տկարացումը, որուն լաւագոյն օրինակն է Հալէպի հայագաղութին խեղճացած վիճակը այսօր: Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, հոս եւս մեծագոյն աղէտ նկատեց կողմերու անկարողութիւնը քրիստոնեայ նախագահ մը ընտրելու: Էր երբեմն, եւ ոչ շատ առաջ, Լիբանանը կը նկատուէր քրիստոնէական դիմագիծով, քրիստոնեայ մեծամասնութեամբ ապրող երկիր մը, մինչդեռ հիմա քրիստոնեայ նախագահ մը անգամ ընտրելու հնարաւորութիւնը չքացած է իրմէ: Պրն. Օղասապեան մեծ վտանգ տեսաւ այս իրավիճակին մէջ, վտանգ մը՝ ամէնէն առաջ քրիստոնեաներուն համար, անոնց շարքին նաեւ՝ հայ ժողովուրդին: Քրիստոնէական հաւատքին ու սկզբունքներուն կառչածութիւնը անբաւարար նկատեց յարգելի երեսփոխանը, այլ պէտք էր Լիբանան հայրենիքին շահերը ամէն այլ նկատառումէ վեր դասելու վճռակամութիւն ու հեռահար նպատակամղուածութիւն:
Պրն. Օղասապեան մեղադրեց Եւրոպական պետութիւնները, որոնք մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավար սկզբունքներու հետամուտ ըլլալով՝ չկրցան կանխատեսել իսլամական ահագնացող ուժը, որ այսօր աղէտ դարձած է համայն աշխարհին, ու առաջին հերթին՝ իսլամական աշխարհին: Միջին Արեւելքէն եւ մանաւանդ Սուրիայէն գաղթականներու հոսքը դէպի Եւրոպա, սկսած է պատճառ դառնալ, որ ազգայնական շարժումները զօրանան ու ստեղծուին ընկերային, մշակութային, կրօնական ու քաղաքակրթական բախումներու օճախներ: Քաղաքական բութ հոտառութիւն ունեցող Եւրոպան այսօր փութաջան աշխատանքով կը կտրէ այն ճիւղը, որուն վրայ հիմնուած են իր քաղաքակրթական արժէքները:
Պարոն Օղասապեան խորապէս կը տիրապետէր իր նիւթին ու իրազեկ էր շրջանի բոլոր երկիրներուն խաղաղութիւնը խանգարող մեծապետական շահերուն, անոնց բախումէն յառաջացած ճնշումներուն ու արգելքներուն:
Շուրջ մէկ ժամ տեւող դասախօսութիւնը ունկնդրեցինք մեծ հետաքրքրութեամբ, զարմացանք, դառնացանք, ըմբոստացանք ու յուսահատեցանք՝ որ ժողովուրդները մեծ կամքի ուժ կ’ուզեն, որպէսզի թօթափեն իրենցմէ ստրկային կեցուածքները:
Հանդիպումի աւարտին, «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Պրն. Համբիկ Մարտիրոսեան, կատարեց հանդիսութեան փակման խօսքը, յայտնեց իր շնորհակալութիւնը օրուայ դասախօս՝ երեսփոխան Ժան Օղասապեանին եւ Տիկին Թամար Յովհաննիսեանին, ապա հրաւիրեց ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ Տք. Յովիկ Վարդանեանը, որպէսզի յուշանուէր մը յանձնէ յարգելի դասախօսին:
Երեկոն վերջացած էր, սակայն ներկաները հիւրասիրութեան սեղաններուն շուրջ երկար քննարկեցին արտայայտուած կարծիքները: Արդարեւ այժմէական էին մտահոգութիւնները ու համոզիչ՝ տրուած մեկնաբանութիւնները: