Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Իրանահայ Թեմերու Արժէքաւոր Նոր Հրատարակութիւնները

*ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ*

Շատ ցաւալի փաստ է, որ յամի Տեառն 2016-ին իսկ աշխարհասփիւռ հայկական հաւաքականութիւնները, ներառեալ հայրենաբնակ հայութիւնը, տեղեակ չեն մէկը միւսի հրատարակութիւններէն, ուր մնաց թէ ունենային նաեւ հնարաւորութիւնը ձեռք բերելու զանոնք: Տրամաբանութիւնը կը պահանջէ ըսել, թէ այդ գործառոյթը պէտք է իրականացնէր իր 25-ամեակը տօնելու պատրաստուող Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որու զանազան նախարարութիւններուն երեւի ընդհանրապէս չեն հետաքրքրեր գրքափոխանակման հարցերը, քանի որ այդ բնագաւառը կը պահանջէ հսկայական աշխատանք, մինչդեռ կը բանայ սեփական գրպան գումարներ սահեցնելու չնչին հնարաւորութիւն միայն…։

Վիճակը նոյնն է մինչեւ իսկ իրանահայ գաղութի եւ Հ. Հ.ի մէջ գրական արտադրանքի պարագային: Մէկը միւսին հրատարակածներէն գրեթէ ամբողջովին անտեղեակ է, անբնական իրականութիւն մը, որուն շարունակումը անթոյլատրելի է այսուհետեւ, կ’ըսէինք՝ նոյնիսկ ամօթալի:

Ուրախալի է արձանագրել, որ իրանահայ երկու մեծագոյն թեմերը իրենց երկու հրատարակութիւններով, ոչ միայն շնորհակալութեան արժանի աւանդ կը բերեն մեր Եկեղեցւոյ պայծառութեան, այլեւ կը յարգեն յիշատակը մեր Եկեղեցւոյ վերջին կէս դարու երկու մեծ դէմքերու: Արդարեւ Թեհրանի հայոց թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը անցեալ տարի հրատարակեց՝ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի միաբան երջանկայիշատակ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին» հատորը, իսկ Իրանա-Հնդկաստանի թեմը՝ նոյն Աթոռի միաբան երջանկայիշատակ Կորիւն Արք. Պապեանի երեք ուսումնասիրութիւնները՝ «Ուսումնասիրական Յօդւածաշարք» պայմանական խորագիրին տակ: Հատորները լոյս տեսած են թեմերու Առաջնորդներ Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ Բաբգէն Արք. Չարեանի հրամանով: Երկու հատորներուն նիւթերը յօդուածաշարքի ձեւով նախապէս լոյս տեսած են կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսագիրին մէջ: Մատթէոսի Աւետարանին սերտողութեան նիւթերը լոյս տեսած են նաեւ Մոնրէալի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ պարբերական թերթիկին մէջ: Երբ այս գրախօսութեան հեղինակումը վերջացուցած էինք, անհուն ուրախութեամբ իմացանք, որ «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին»ը արեւմտահայերէնով՝ խմբագրութեամբ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի, արդէն տպուած է եւ շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ սոյն Ապրիլի 28-ին՝ նոյն եկեղեցւոյ մէջ:

Առաջին հրատարակութեան մեկենասներն են Եարիջանեան եղբայրներն ու անոնց տիկինները՝ ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ հօր՝ Թադէոս Եարիջանեանին եւ ի յարգանս իրենց մօր՝ Էմմա Աղանուրեանին: Թէեւ այդ մասին չէ նշուած գիրքին մէջ, սակայն ակնբախ է հատորի խմբագրման մէջ Տ. Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի, իսկ հրատարակութեան պատրաստութեան մէջ՝ ներկայիս Թեհրանի թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի կատարած բծախնդիր եւ նուիրեալ աշխատանքը (ի դէպ երկու եկեղեցականներն ալ Զարեհ Սրբազանի աշակերտներէն եղած են ու անոր առաքելութեան շարունակողներն են այսօր): Տէր Գառնիկը նաեւ գրառողն է սերտողութեան նիւթերուն: Նմանապէս չէ նշուած, թէ հատորին լեզուն արեւմտահայերէնէ ո՞վ փոխադրած է արեւելահայերէնի: Աւելորդ է ըսել, որ թէ՛ այս, թէ՛ երկրորդ գիրքը լոյս տեսած են դասական ուղղագրութեամբ:

2015-ին Թեհրանի մէջ լոյս տեսած եւ Ա-5 չափի 768 էջ ծաւալ ունեցող հատորը կը բացուի Մակար Սրբազանի ստորագրած «Առաջաբան»ով (էջ 9-12): Սա հոգեբուխ ներբող մըն է իր Ուսուցիչին՝ բազմաշնորհ Զարեհ Սրբազանին (1947-2004), զոր կը բնութագրէ իբրեւ «պողպատեայ նկարագրով, վեհ բարոյականով ու առաքինի կենցաղով», «ժիր աշխատող, Եկեղեցու ու մշակոյթի անդաստանում բանիբուն ծառայող եւ անխոնջ մշակ, ուղղափառ հաւատքի խիստ պաշտպան, ուսուցիչ, աստուածաբան, Ս. Գրքի մասնագէտ ու գիտնական, թարգմանիչ, շարականագէտ, երաժշտագէտ ու գրաբարագէտ, ծիսագէտ, մանկավարժ» (էջ 9): Կը կարծենք, որ այս բոլոր ստորոգելիները աւելի քան պատշաճ են Զարեհ Սրբազանին, եւ որոնք կ’արտացոլան նաեւ այս հրատարակութեան մէջ՝ իրենց ողջ շքեղութեամբ:

Կը հետեւի Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեանի՝ հատորին խորագիրը կրող յառաջաբանը (էջ 13-16): Տէր Հայրը ափսոսանք կը յայտնէ, որ Զարեհ Սրբազանը հնարաւորութիւն չունեցաւ ինքը վերանայելու եւ խմբագրելու այս աշխատանքը, եւ կ’աւելցնէ. «Առանց վարանումի կարելի է ասել, որ դա Հայ Եկեղեցու մեկնաբանական գրականութեան մէջ մի կոթող կը լինէր: Հիմա՝ կոթողականի ստուերն է, թէեւ այսքան ծաւալուն էջերով» (էջ 16): Կը կարծենք, թէ Տէր Գառնիկը ուզած է իր կատարած աշխատանքի դերը հնարաւորինս փոքրացնել՝ Սրբազանին յատուկ համեստութեան ու խոնարհութեան ճամբէն ընթանալով, որովհետեւ անվարան կարելի է ըսել, որ հրատարակուած այս վիճակին մէջ իսկ, այս սերտողութեան գիրքը մեկնաբանական յոյժ արժէքաւոր հրատարակութիւն մըն է եւ ոչ միայն Հայ, այլեւ՝ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ համար:

«Սերտողութիւն»ը կը սկսի «Ներածութիւն»ով (էջ 17-26), ուր Զարեհ Սրբազան ընդհանուր բնոյթի տեղեկութիւններ կը հաղորդէ զանազան Աւետարաններու մասին՝ շեշտադրելով իւրաքանչիւրին որոշակի առանձնայատկութիւնները:

Հատորի 27-րդ էջէն մինչեւ 761-րդ էջը, Մատթէոսի Աւետարանը տող առ տող եւ բառ առ բառ ենթարկուած է աստուածաբանական խոր ու մանրակրկիտ քննութեան: Զարեհ Սրբազան այստեղ հանդէս կու գայ իբրեւ անզուգական մեկնիչ, յաճախ իր մեկնաբանութեանց մէջ առնչելով աւետարանական-նորկտակարանեան գրութիւնները Հին Կտակարանի մարգարէութեանց հետ, երբեմն ալ յիսուսեան՝ անլուծելի կամ հակասական թուացող որոշ արտայայտութիւններ հրաշալիօրէն մեկնաբանելով կուռ տրամաբանութեամբ մը, որ եթէ ինքնին կը յատկանշուի գիտականութեամբ, այդուհանդերձ կը բխի աներեր հաւատքէ Քրիստոսի ու Անոր առաքելութեան նկատմամբ: Տեղ-տեղ ան ընթերցողին կը ներկայացնէ միտքի այնպիսի գոհարներ, որոնք արժանի են տեղ գտնելու համամարդկային իմաստութեան գանձարանին մէջ:

Հատորի աւարտին կան երկու եզրափակիչ գրութիւններ: Առաջինը Զարեհ Սրբազանին «Հուսկ Բանք»-ն է (էջ 762-765): Հոսկէ կ’իմանանք, որ Մատթէոսի Աւետարանին այս սերտողութիւնները տեւած են երեք տարի (էջ 762): Զարեհ Արքեպիսկոպոս կ’ըսէ հետեւեալ խօսքերը, որոնք մեր համոզումով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին կը յիշեցնեն. «Յիսուսի այս մերձաւորութիւնը մեզ (սերտողութեան միջոցով – Գ. Ե.) եւ Իր Խօսքին որպէս հաց բաշխումը՝ մեր ներքին աչքերը բացե՞ց, ու մենք Նրան՝ յարուցեալ Տէրը ճանաչեցի՞նք: Եւ այդ ճանաչումից յետոյ՝ մեր սրտերը ուրախութիւնից թփռտացի՞ն:

Եթէ ոչ, սգում եմ սերտողութեանց ձախողութեան համար, եւ ինձ եմ համարում յանցանքը, որ ներէք իմ անկատարութեանս եւ ապիկարութեանս:

Իսկ եթէ այո, նոյնիսկ եթէ փոքր չափով, այն ժամանակ երանելի էք, որովհետեւ Տէր Յիսուսի ուրախութիւնը արդէն ձեր մէջ է, այն ուրախութիւնը, որ է նախաճաշակը անպատմելի ու փառաւոր հանդերձեալին» (էջ 764):

Հատորը կը վերջանայ սերտողութեանց աւարտին առթիւ Գարեգին Բ. Սարգիսեան կաթողիկոսի արտասանած խօսքով (էջ 766-768), զոր Զարեհ Սրբազան բնորոշած է «Գմբէթը» բառով: Սա շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսք է Զարեհ Սրբազանին: Իր խօսքին մէջ Գարեգին Վեհափառը կը յայտնէ ուշագրաւ միտքեր, ինչպէս «Ս. Գիրքը՝ Ս. Գիրք է լինում, երբ այն կարդում ենք ոչ թէ որպէս նշանների մի ամբողջութիւն, այլ որպէս վկայութիւն Աստծու ներկայութեան» (էջ 767):

Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին» հատորը քրիստոնէական աստուածաբանութեան գլուխ-գործոց մըն է, որ չորս Աւետարաններուն նման, արժանի է ամէն օր ընթերցելու եւ վերընթերցելու՝ մաքրուելու, հոգեպէս հարստանալու եւ ամրանալու համար: Հատորը Սեպուհ եւ Մակար Սրբազաններու եւ Տէր Գառնիկ Քահանայի անհուն սիրոյ արտայայտութիւնն է իրենց վաղամեռիկ միաբանակից Սրբազանին նկատմամբ, կենդանի եւ յաւիտենական յուշարձան անոր երանելի եւ մշտակենդան յիշատակին:

Կորիւն Արք. Պապեանի երեք յօդուածաշարքերը ի մի բերած «Ուսումնասիրական Յօդուածաշարք» ժողովածուն, լոյս տեսած է Նոր Ջուղայի մէջ 2015-ին, եւ կը բաղկանայ համարակալուած 123 ու չհամարակալուած 6 էջերէ (17.3 x 24.1 սմ.): Գիրքը լոյս տեսած է Սպահանի թեմի Կրօնական Խորհուրդի հրատարակութեամբ՝ ի յիշատակ նոյն թեմի քառորդ դարու (1978-2002) Առաջնորդ Կորիւն Սրբազանի (1941-2015): Յայտնապէս գիրքը երախտիքի արտայայտութիւն մըն է թեմի ներկայի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեանէն՝ հանդէպ իր միաբանակից երէց հոգեւորականին, Օքսֆորտի համալսարանէն դոկտորայի աստիճանին արժանացած խորահմուտ գիտնականին:

Գիրքը կը սկսի Կորիւն Սրբազանի միջին տարիքի գունաւոր լուսանկարով՝ թեմի Աթոռանիստ Ս. Ամենափրկչեան վանքի համալիրին մէջ: Կը հետեւի Բաբգէն Սրբազանի «Օրհնութեան Խօսք»ը (չհամարակալուած էջ):

Բուն գիրքը կ’ամփոփէ Կորիւն Սրբազանի պատմա-բանասիրական երեք արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ, որոնք անմիջականօրէն կ’առնչուին Նոր Ջուղայի գաղութին, առանձնապես նաեւ Ս. Ամենափրկչեան վանքին, անոր տպարանի հիմնադրութեան եւ վերջինիս վաղագոյն շրջանի գործունէութեան: Այդ ուսումնասիրութիւններն են.

– «Խաչատուր Վարդապետ Կեսարացի՝ Հիմնադիր Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան Վանքի Տպարանի, Եւ Այդ Առթիւ Խորհրդածութիւններ» (էջ 1-50), արեւելահայերէնի վերածուած Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի կողմէ:

– «Յովհաննէս Վարդապետ Ջուղայեցի» (Քթռէշենց)՝ Ռահվիրայ Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան Վանքի Տպարանի Եւ Նրա Տխուր Վախճանը» (էջ 51-92), արեւելահայերէնի վերածուած Թովմա Սրկ. Գալստանեանի կողմէ:

– «Իրանահայ Համայնքը Պատմութեան Քառուղիներում – Պայազատ Ռոստամխան Էնակոլոփեանց «Ի Հասակի 21 Ամաց … Արբ զՄահ Լեալ Նահատակ» Եւ Այդ Առիթով Խորհրդածութիւններ՝ Նոր Ջուղայի Մասին» (էջ 93-122), արեւելահայերէնի վերածուած «Ալիք» օրաթերթի կողմէ:

Առաջին ուսումնասիրութեան հերոսը Հայ Եկեղեցւոյ յաւէտ խնկելի, պայծառագոյն հոգեւորականներէն մէկն է, տեսիլ ունեցող եւ նուիրեալ անձնաւորութիւն՝ Նոր Ջուղայի թեմի Առաջնորդ Խաչատուր Վրդ. Կեսարացին: Առաջնորդուելով քրիստոնէական հաւատքը իր հօտի անդամներուն մէջ տարածելու եւ զայն ամուր պահելու սեւեռուն միտքով, ան կը ծրագրէ եւ յամառ ջանքերով իրականութեան կը վերածէ Ս. Ամենափրկչեան վանքի տպարանը 1638 թուականին: Իսկութեան մէջ այդ տպարանը երկրորդն է ամբողջ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի մէջ՝ Լիբանանի Քոզհայեա հովիտին մէջ մարոնիներու Մար Անթոնիոս վանքի տպարանէն ետք (ըստ ոմանց՝ հիմնուած է 1584-ին, ըստ ուրիշներու՝ 1610-ին): Յամենայն դէպս տարածաշրջանի երկրորդ տպարանն ըլլալու պատիւն ալ քիչ չէ հայոց, աւելի որոշակի Խաչատուր Վրդ. Կեսարացիին համար: Այդուհանդերձ, ան տարածաշրջանի առաջին տպարանն է, որ կազմաւորուած է բացառապէս տեղական միջոցներով՝ առանց եւրոպական որեւէ օժանդակութեան: Կորիւն Սրբազանը մէկ առ մէկ կը ներկայացնէ այդ տպարանի՝ Խաչատուր Վարդապետի շրջանի գործունէութեան արգասիքները, դիմագրաւած բազմապիսի եւ բազմաբնոյթ խոչընդոտներն ու կրած հալածանքները: Կեսարացիին կենսագրութիւնը ներկայացնելու ատեն, ան կը գրէ նաեւ անոր՝ իբրեւ հայրապետական նուիրակ Լվով ուղեւորութեան մասին՝ կասեցնելու համար Նիկոլ Թորոսովիչ կոչուած չ-եպիսկոպոսի քայքայիչ գործունէութիւնը: Այս առաքելութեան մէջ Կեսարացին ոչ միայն չի յաջողիր, այլեւ կը հալածուի, կը բանտարկուի եւ նոյնիսկ կ’արտաքսուի Լեհաստանէն, քանի որ Թորոսովիչը կը գրգռէին ու անոր թիկունք կը կանգնէին կաթողիկէ հոգեւորականութիւնն ու լեհական իշխանութիւնները: Արդիւնքը ողբերգութիւնն էր, նոյնիսկ աղէտը՝ գաղութին ամբողջական կորուստը հայութեան համար…։

Կորիւն Սրբազանի երկրորդ ուսումնասիրութեան ուշադրութեան կեդրոնն է Կեսարացիի աշակերտ եւ անոր հրատարակչական գործի շարունակող Յովհաննէս Վարդապետ Ջուղայեցի-Քթռէշենցը: Խանդավառուած իր ուսուցիչի բոցավառած ջահէն, ան Կեսարացիին կարգադրութեամբ կը ղրկուի Եւրոպա՝ հոն տիրապետելու համար տպագրական արուեստի նրբութիւններուն: Հակառակ կաթողիկէ կղերի յարուցած անհամար արգելքներուն եւ իր հանդիպած բազմապիսի դժուարութիւններուն, ան կը յաջողի հմտանալ տպագրութեան գաղտնիքներուն մէջ, սակայն երբ կը վերադառնայ Նոր Ջուղա, իր ուսուցիչը կը գտնէ վախճանած…։ Այդպիսի հզօր թիկունքէ զրկուած, ան կը շարունակէ անոր տպագրական գործունէութիւնը՝ այս անգամ իւրայիններէն հարուածներ ստանալով թիկունքէն…։ Դառնացած, ան կը նշանակուի Ջուղայի (Նախիջեւան) Առաջնորդ, սակայն հոն ալ զոհ կ’երթայ յետագային ազրպէյճանցի կոչուելիք խաժամուժի սադրանքին եւ կը նահատակուի:

Երրորդ ուսումնասիրութեան նիւթը եւս կը վերաբերի նահատակի մը: 21 տարեկան Ռոստոմ Ենիկոլոփեանցը, ըստ երեւոյթին սիրահարութեան մը պատճառով զոհ կ’երթայ կրօնական մոլեռանդութեան՝ իբրեւ թէ իսլամութիւնն ընդունելէ յետոյ անկէ հրաժարելուն համար, որ ըստ այդ կրօնքին օրէնքներով՝ մահուամբ կը պատժուի…։ Զօրահրամանատար հօր այս որդին կ’արժանանայ մեծ պատիւներով թաղման Ս. Ամենափրկչեան վանքի զանգակատան տակը: Այս նահատակութեան պատմութեան կնճռոտ ծալքերուն վրայ շատ լոյս սփռող Կորիւն Սրբազան համեստաբար կը յայտնէ, թէ այս պատմութեան մէջ դեռ կը մնան մութ շատ կողմեր եւ փափաք կը յայտնէ, որ անոնց վրայ եւս յետագային լոյս սփռուի յաւելեալ պրպտումներով:

Կորիւն Սրբազանի երեք ուսումնասիրութիւններուն յատուկ փայլ հաղորդած են գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարները, որոնք կ’առնչուին ուսումնասիրութիւններուն եւ աւելի կենդանի ու հետաքրքրական կը դարձնեն գիրքին ընթերցումը:

Կորիւն Արք. Պապեանի «Ուսումնասիրական Յօդուածաշարք» խորագրուած գիրքը շատ կարեւոր աղբիւր մըն է իրանահայ, մասնաւորաբար Նոր Ջուղայի հայկական գաղութի, լեհահայ գաղութի, հայ տպագրութեան պատմութեանց եւ յանուն քրիստոնէական հաւատքի նահատակուած հայոց մասին ուսումնասիրութիւններու համար:

Ի՜նչ հիանալի եւ հոգեպարար է գիտակցիլ, որ Հայ Եկեղեցւոյ միաբանակից հոգեւորականներ ոչ միայն չեն անտեսեր իրենց վախճանած եղբայրներուն միտքի արգասիքը, այլեւ յետմահու անոնց կը մատուցեն այն յարգանքն ու պատիւը, որոնք այդ վախճանած, սակայն մշտապէս կենդանի հոգեւորականները նուաճած են իրենց անբասիր եւ անանձնական նուիրումով ապրուած կեանքով: Միեւնոյն ժամանակ այս հրատարակութիւնները յարգանքի յաւելեալ տուրք են զոյգ Սրբազաններուն, որոնց կեանքը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ծիրին մէջ, վարչական զանազան պաշտօններով ծառայութեան կողքին, եղաւ անմնացորդ նուիրում հայ գիրին եւ դպրութեան:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի, ամէն:

                                                                                                                                     Երեւան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին