Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

«Պատմական Հայաստանը 100 Տարի Անց» Գիրքը Արժանացած Է Պենճամին Ֆրանքլին Մրցանակին

Մեթիւ Քարանեանի «Պատմական Հայաստանը 100 տարի անց» գիրքը այս շաբաթ արժանացած է՝  Պենճամին Ֆրանքլին անուան մրցանակին,  «2015-ին անկախ հրատարակուած լաւագոյն պատմական գիրք» անուանակարգին մէջ:

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի  ունեցած է ԱՄՆի Եութա նահանգի Սոլթ Լէյք Սիթի քաղաքին մէջ, կը հաղորդէ armradio.am-ը:

Առաջին անգամն է, որ Հայաստանի մասին գիրք մը կ’արժանանայ The Independent Book հրատարակիչներու միութեան բարձր պարգեւին: Միութիւնը  ԱՄՆ-ի մէջ հրատակիչներու ամենամեծ ընկերակցութիւնն է: Լաւագոյնի կոչման համար պայքարած են 2015-ին տպագրուած 1400 անուն գիրքեր:

«Պատմական Հայաստանը 100 տարի անց» գիրքը  Արեւմտեան Հայաստանի մշակոյթի մասին երբեւէ հրատարակուած պատմական ուղեցոյց է եւ կը ներառէ 125 գունազարդ լուսանկարներ ու քարտէզներ: «Հայաստան աշխարհի երբեւէ չլսուած հնագոյն ազգերէն մէկն է», մրցանակաբաշխութեան ժամանակ ըսած է Քարանեան: Ան նաեւ աւելցուցած է, որ գիրքը Հայաստանի համար վկայական է, ոչ գովասանք:

«Հայաստանը գրեթէ ոչնչացուած է 1915-ին: Անիկա  20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնն էր, սակայն այդ ազգը փրկուած է: Այս գիրքը այդ փրկութեան վկայականն է», ըսած  է ան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին