«Պոսթըն»-ի եւ «Մայամի»-ի միջեւ Պասքեթպոլի ազգային միութեան կանոնաւոր առաջնութեան (NBA) վերջին շրջանի խաղին ներկայ եղած են հայ երկրպագուներ: Անոնք յարգանքի տուրք մատուցած են Ղարաբաղի մէջ զոհուած հերոսներու յիշատակին ու զօրակցութիւն յայտնած սահմանին վրայ ծառայող հայ զինուորներուն:
Ըստ NEWS.am Sport-ի` հայ երկրպագուները նաեւ միասին ցուցադրած են Artsakh Strong (Արցախը Զօրաւոր Է) գրառումը: