Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Ֆիլմի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը Ապրիլ 14-ին

Միացեալ Նահանգներու Փասատենա քաղաքին մէջ, Ապրիլ 14-ին կը կայանայ Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափներուն մասին պատմող «Հայաստա՛ն, իմ սէր»՛ ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

Բեմագիրն ու բեմադրիչը Տայանա Էնճլսընն է, որ նաեւ նկարահանուած է ֆիլմի մէջ:

Ֆիլմի առանցքային կերպարը փոքրիկ հայ տղայ մըն է, որ վերապրելով Ցեղասպանութիւնը` կրնայ փախչիլ ԱՄՆ ու դառնալ յաջողակ նկարիչ, Latimes.com-ին յղումով կը գրէ Tert.am-ը:

«Հայաստա՛ն, իմ սէր»՛ ֆիլմը կը պատկերէ այն իրականութիւնը, որուն մէջէն ստիպուած եղած է անցնելու իր Հայրենիքէն վռնտուած հայ ժողովուրդը: Սակայն միեւնոյն ժամանակ ան յոյսի, սիրոյ ու հաւատքի հզօր պատգամ է», նշած է Էնճլսըն:

Ան նաեւ յատնած է, որ ինքն իրեն պարտաւորուած կը զգար այս նիւթով ֆիլմ նկարել, քանի որ կը ճանչնայ բազմաթիւ հայեր, որոնց նախնիներուն կրած տառապանքներուն պատմութիւնները ներկայացուելու կարիք ունին:

Ֆիլմի գլխաւոր դերակատարներէն մէկն  է ամերիկահայ յայտնի դերասանուհի Շաքէ Թուխմանեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին