Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հայրենիքին Ու Հայ Ժողովուրդին Միշտ Հաւատարիմ Հ.Բ.Ը.Միութիւնը

*ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ*

Բնական եւ տրամաբանական սովորութիւն է, տարեդարձներու առթիւ անդրադառնալ կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ անհատներու մատուցած ծառայութեանց, թուել անոնց բարեմասնութիւնները եւ շեշտել ձեռք բերուած արդիւնքները: Սակայն մենք պիտի շեղինք անկէ, որովհետեւ Հ.Բ.Ը. Միութեան առաքելութեան ու վաստակին մասին բաւական գրուած եւ խօսուած է: Այսուամենայնիւ պարտ կը զգանք տարեդարձային այս օրերուն, յարգանքի տուրք ընծայել երախտաշատ նուիրեալներու այն խումբին, որոնք հիմնեցին Հ.Բ.Ը.Մ.ը, ղեկավարեցին եւ առաջնորդեցին ու հասցուցին իր 110ամեակին:

Ազգային ամէն մէկ կազմակերպութիւն ունի հիմնական չափանիշ մը, վճռական փորձաքար մը, որ կրնայ սահմանել անոր գոյատեւելու իրաւունքը: Ատիկա ըմբռնելն է իր ժողովուրդին ստիպողական կարիքներն ու պահանջները եւ առանց ընկրկելու նուիրումն է անոնց իրագործումին, այլապէս եթէ այս համոզմունքներէն եւ սկզբունքներէն շեղի ու հեռանայ, այդ կազմակերպութիւնը ձախողած կ’ըլլայ:

Եւ իսկապէս հայ ազգային կեանքին մէջ անցեալ 110 տարիներու ընթացքին, Հ.Բ.Ը. Միութիւնը հանդիսացաւ այն համազգային կազմակերպութիւնը, որ իր ծրագիրներուն հեռահաս տարողութեամբ, իր գործունէութեան անձնուրաց թափով բարձրացաւ այդ գագաթին եւ փառքով ու պատիւով կանգնեցաւ բոլոր պատնէշներուն վրայ:

Աւելի քան չորս ու կէս հազարամեակ իր պապենական հողերուն վրայ ապրած եւ ապրող հայ ժողովուրդը, որ խօսած է մէկ լեզու, երկրպագած է նոյն չաստուածներուն ու ասոնցմէ զատ աշխարհի վրայ եղած է առաջինը, որ պետականօրէն ընդունած է քրիստոնէութիւնը, չէր կրնար մշակած չըլլալ իրար օգնելու սկզբւնքը եւ ոչ միայն ինքզինքին՝ այլ նաեւ զինք շրջապատող բոլոր հարեւաններուն, երբ անոնք պէտք ունեցած են ու դիմած են իր օժանդակութեան:

Հայը օգնած է պարսիկներուն, յոյներուն, հռոմէացիներուն, աղուաններուն, վրացիներուն, նոյնիսկ զինք մէկ ընդ միշտ աշխարհի երեսէն բնաջնջել ուզող թուրքին: Օրինակներ բազմաթիւ ու բազմազան են:

Ի՞նչ եղաւ հայուն ճակատագիրը 1045էն մինչեւ 1918:  973 տարիներ մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատերուն համար այդ պատմութիւնը ծանօթ է:

Այսուամենայնիւ ամէնէն մեծ գործը, հրաշքը, որ հայուն ձեռքով կատարուեցաւ՝ մեր ժողովուրդին գոյատեւումն է:

19րդ դարու առաջին կէսին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Փոքր Ասիոյ մէջ ցրուած հայութիւնը բոլորովին խաւար վիճակի մէջ էր: Ան մոռցած էր իր գիրն ու գրականութիւնը, պատմութիւնն ու հերոսական անցեալը: 1850ական թուականներուն հայ երիտասարդներ, որոնք Պոլիսէն գացած էին եւրոպական համալսարաններ, վերադարձան զարգացած եւ ոգեւորուած գրական յեղափոխութիւնով ու եւրոպական վերելքով: Ինչպէս նաեւ 1880ական թուականներուն ֆիտայական եւ ազգային ազատագրական շարժումներու օրերուն, կեանքի կոչելով բազմաթիւ ազգային-ազատագրական, ազգային-քաղաքական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններ, գործեցին հայ իրականութենէն ներս:

1886ին Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. սաստկացուց հալածանքները: Ուրեմն մեր տառապանքները կը շարունակուէին: Հայուն անմեղ արիւնը ոչինչ կ’ըսէր շահամոլ տէրութիւններուն. ոչ մէկ մեծ պետութիւն նուազագոյն աշխուժութիւնը ցոյց կու տար օգնութեան ձեռք երկարելու: Սարսափը եւ անօթութիւնը պատած էին ամբողջ արեւմտահայաստանը:

Հայ քաղաքական յեղափոխական կուսակցութիւնները ասպարէզ իջած էին շուրջ մէկ ու կէս տասնեակէ ի վեր: Բայց այդ տարիները անբաւարար էին հայ քաղաքական յեղափոխական կազմակերպութիւններուն համար, որպէսզի կարելի ըլլար հայոց ազգը միացեալ պայքարի մը առաջնորդել յանուն իր ազատութեան:

Մեր մտաւորականութիւնը՝ Ա. Չօպանեան, Տոքթ. Ն. Տաղաւարեան, Մ. Անդրանիկեան, Վ. Մուշեղեան, Ա. Արփիարեան, Ս. Պարթեւեան եւ շատ ուրիշներ, սկսած էին մտածել ապա-քաղաքական կազմակերպութեան մը հիմնադրութեան մասին, որ գէթ օգնութեան ձեռք երկարէր տառապահար հայ ժողովուրդին, այնպիսի կազմակերպութիւն մը ըլլալով, որ օսմանցի Սուլթանին միտքին մէջ կասկած մը չարթնցներ, անոր ունեցած մարդասիրական բնոյթին մասին:

Հասունցած էր գաղափարը: Այդ գաղափարը ո՞ւր կրնար ծնիլ: Նման շարժում մը դժուար էր կազմակերպել արեւմտեան Հայաստանի, արեւելեան Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ մէջ, որովհետեւ նախապէս ծնունդ առած կազմակերպութիւնները նոյնիսկ խափանուած էին:

Որոշուեցաւ Գահիրէն, որովհետեւ ատիկա այն քաղաքն էր, որ կազմակերպուած գաղութ ունէր: Գահիրէն այն քաղաքն էր, ուր փայլատակած էին Նուպար Փաշայի, Եագուպ Արթին Փաշայի, Երուանդ Աղաթոն Պէյի, Գրիգոր Եղիայեանի, Մկրտիչ Մարկոսոֆի, Կարպետ Շէյիրճեանի, Առաքել Պէյ Նուպարի եւ Յովհաննէս Յակոբեանի տաղանդն ու հայրենասիրութիւնը, ուր նաեւ ունէինք մեծ թիւով յարգուած հայրենակիցներ եւ մտաւորականութիւն:

Ուրեմն հոս էր, որ 1906 թուականի Ապրիլ 15ին ծնաւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը:

Եւ հայ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ անցեալ 110 տարիներու ընթացքին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը հանդիսացաւ այն համազգային կազմակերպութիւնը, որ իր ծրագիրներուն հեռահաս տարողութեամբ, իր գործունէութեան անձնուրաց թափով, բարձրացաւ այդ իտէալի չափանիշին եւ փառքով կանգնեցաւ բոլոր փորձաքարերէն վեր:

Կազմակերպութիւնները ստեղծուած են ծառայելու համար ժողովուրդին: Մեր ժամանակակից պատմութիւնը մանրամասն քննելով պիտի տեսնենք, թէ Հ.Բ.Ը.Մ.ը ինչպիսի ծառայութիւն կատարած է հայ ժողովուրդին բարօրութեան ի խնդիր: Այս պարագային մեր ժամանակակից պատմութիւնը քննելով առարկայական չափանիշերով ու մանաւանդ նկատի առնելով, թէ Հ.Բ.Ը.Մ.ի ամբողջ գործընթացը եղած է անշահախնդիր ծառայութիւն մը: Իրապաշտ հայրենասիրութիւնը, իրապաշտ խորհելակերպը, առողջ ու ողջմիտ ազգասիրութիւնը եւ ժողովրդավարական գործելակերպը եղած են զայն առաջնորդող սկզբունքներն ու անոր կեանքին գործունէութեան գլխաւոր յատկանիշերը: Աննշան, անիմաստ կամ պատահական իրողութիւն մը չէ, որ Հ.Բ.Ը. Միութիւնը իր որդեգրած ազգային-գաղափարական ուղեգիծին հետեւեցաւ՝ անշեղ հաւատարմութեամբ եւ անխախտ վճռակամութեամբ: Այս անառարկելի իրողութիւնը կ’ապացուցէ, թէ Հ.Բ.Ը. Միութիւնը ազգային շահարկութիւններու եւ պատեհապաշտութեան անձնատուր կազմակերպութիւնը չէ, այլ ան իր նպատակներուն եւ ուղղութեան մէջ անփոփոխ ու անխարդախ է, ոչ թէ անոր համար, որ յամառօրէն եւ կուրօրէն կը կառչի իր ուղղութեան, այլ որովհետեւ իր նպատակն ու գործը համապատասխանեցուցած է՝ հայ իրականութենէն բխող պահանջներուն եւ որովհետեւ չէ՛  տարուած ու չի՛ տարուիր այդ իրողութենէն զինք շեղող փորձութիւններուն:

Ամէն Հ.Բ.Ը. Միութենական կրնայ արդար հպարտութիւնը ունենալ հաստատելու, թէ ինք ծառայողն է ազգային ճշգրիտ ուղղութեան մը, որ սկիզբէն ի վեր եղած է, կը մնայ ու պիտի մնայ անեղծ ու պայծառ:

Ոչ մէկ կասկած, որ 21րդ դարու կեանքի պահանջներն ու հրամայականները՝ մեզ կը դնեն նոր պարտաւորութիւններու առջեւ: Ահա այս մտահոգութիւններէ թելադրուած, այս տարուան Փետրուարին Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական ժողովը եկաւ ներկայացնելու, ազգային առաքելութեան վերամշակման իր յանդուգն ծրագիրները՝ «Յառաջընթաց ու Բարգաւաճում» խորագիրով, որուն գլխաւոր մտադրութիւնն է անցեալի իր աւանդական ծրագիրներուն վրայ աւելցնելու նորերը՝ մանաւանդ Հայաստանէն ներս:

Հ.Բ.Ը. Միութեան 110 տարիներու պատմութիւնը, որ կերպով մը հայ ժողովուրդի վերջին 110 ամեայ ելեւէջներուն արձանագրութիւնն է, թող 110 ամեայ տարեդարձին այս հանգրուանը առիթ մը ըլլայ՝ միտքերու մէջ վերարծարծելու անոր աննման դերը գնահատելու եւ իրագործումները վեր հանելու:

Օդի, ջուրի եւ հացի նման մենք պէտք ունինք հպարտութեան: Եւ ի՞նչը կրնայ աւելի հպարտացնել՝ քան Հայրենիքին եւ համայն հայ ժողովուրդին շուրջ համախմբուածներու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին