Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Դառն Իրականութիւնը Տեսնելէ Ետք Լռելն Ալ Դաւաճանութիւն Է…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ տիկին Վերա Սիսեռեանի «Ֆեյսպուք»ի էջին վրայ ուշադրութիւնս գրաւեց գրառում մը, որ այնքան պիտի ուզէի իմս ըլլար եւ որ ատենէ մը ի վեր միտքս չարչարող հարց մը կ՛արտացոլացնէր:

«Այլեւս անընդունելի են ու կեղծ բոլոր այն լոզունգները եւ ճառերը, որոնք կը հնչեն Հայրենիքէն ու աշխարհի տարբեր անկիւններէն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան պահպանումին եւ զօրացման մասին, եթէ այդ խօսքերուն զուգահեռ չ՛ընթանայ Ազրպէյճանի ամբողջ սահմանային գիծը նոր արհեստագիտութեամբ ամրացնելու կարեւոր գործը. իւրաքանչիւր հայ զինուորի եւ քաղաքացիի կեանքը թանկարժէք է մեզի համար», գրած էր Վերա Սիսեռեան:

Որքան կենսական է ու դիպուկ արտայայտուած միտքը: Արցախի սահմանագիծը առաջին անգամ չէ, որ կը պղծուի թշնամիին կողմէ: Այնտեղ արձանագրուած ոտնձգութիւններն ու կրակոցները առօրեայ բնոյթ ունին երկար ատենէ ի վեր, մինչ հոն միշտ կը զոհուին Հայ զինուորներ իյնալով թշնամի դիպուկահարի կամ անտեղի կրակոցներու գնդակներէն:

Ի՞նչ երեւոյթ է սա…: Ի՞նչու այնքան խոցելի են մեր սահմանապահ դիրքերը…: Ի՞նչի կը սպասեն Հայկական իշխանութիւնները աւելի եւս ամրապնդելու զանոնք:

Ընդունելով, որ ռազմական փորձագէտ մը չեմ՝ գիտականօրէն արժեւորելու իրավիճակը, սակայն որպէս մտահոգ Հայ հարց կու տամ, թէ տակաւին քանի՞ Հայ զինուոր պէտք է զոհել գործի չանցած:

Եթէ հարցը նիւթական է՝ ապա իրողապէս մեր ամէն նուիրատուութիւնները պէտք է կեդրոնանան այս ուղղութեամբ, որ կենսական է ու անյետաձգելի, մինչ Հայրենի պատասխանատուներու կողմէ անոր ձգձգումը (եթէ իրական է), համազօր է մեծագոյն դաւաճանութեան…:

Ծանր է մատնանշումն ու ամբաստանութիւնը, բայց վերջին չորսօրեայ պատերազմէն ետք դառն իրականութիւնը այդ ցոյց կու տայ, որուն դիմաց իբր սրտցաւ Հայ եւ յանձնառու Հայ լրագրող լռելն ալ դաւաճանութիւն է…։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին