Արցախի պաշտպանութեան սուրբ գործին` ԼՂՀ զինուած ուժերուն սպառազինութիւններու ձեռքբերման համար, Հայաստան բնակող խումբ մը իրաքահայեր ընդառաջելով ԼՂՀ կառավարութեան դրամահաւաք կոչին՝ Ապրիլ 11ին փոխանցած են 920,000 ՀՀ դրամ: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն Այսօր»-ը:
Համախմբուած իրաքահայերը իրենց մասնակցութիւնը բերին այս սուրբ գործին, ոմանք հանգանակութեան մասնակցելով, ուրիշներ սնունդ եւ առաջին անհրաժեշտ պարագաներ տրամադրելով Արցախին: