*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Ընկերաբաններ ընդհանրապէս մարդկութիւնը կը բաժնեն երկու գլխաւոր խումբերու՝ առաջնորդներ եւ հետեւորդներ: Երանելի է այն հաւաքականութիւնը, ազգը, ժողովուրդը, պաշտօնեաները եւն., որոնք ունին արդար եւ իմաստուն առաջնորդներ կամ ղեկավարներ: Պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր ներկան, մեզի յստակ ցոյց կու տան, որ երբ «գլուխը» առողջ է, «մարմին»ը իր լաւագոյն վիճակին մէջ կ’ըլլայ:
Առաջնորդութեան կամ ղեկավարութեան դիրքի վրայ ըլլալը պարգեւ մըն է (հայերս գեղեցիկ այլ արտայայտութիւն մըն ալ ունինք, զոր կը գործածենք՝ գլխաւորող): Առաջնորդ ըլլալ կը նշանակէ առաջին հերթին ծառայութիւն. որովհետեւ ան՝ առաջնորդը իր հանգիստ եւ խաղաղ կեանքը մէկդի դնելով՝ իր հետեւորդներուն բարօրութեան համար պիտի աշխատի եւ միեւնոյն ժամանակ անոնց քննադատութեան ու ամբաստանութեանց թիրախը ըլլալու դիրքին պիտի անցնի:
Բայց առաջնորդութեան հետ կապուած հարց մը կայ, թէ որքան դիւրին է իշխանութեան վրայ գտնուողին համար իյնալ «աստուածանալու» թակարդին մէջ: Առաջնորդ մը հոգեկան եւ հոգեւոր մեծ զօրութեան կը կարօտի, որպէսզի կարենայ զսպել իր անձը նման թակարդի մը մէջ չիյնալու համար: Սակայն եւ այնպէս մեր իրակութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ առաջնորդներու կարեւոր մէկ մասը իրենց հետեւորդներուն հետ աստուածանման կը վարուին:
Տարիներ առաջ Փարիզ այցելութեանս ընթացքին, հանդիպեցայ վարդապետի մը: Հաւանաբար շատերս գիտենք, թէ արեւմուտքի մէջ հոգեւորականները իրենց եկեղեցական զգեստով չեն պտըտիր: Այս վարդապետն ալ արեւմուտքի սովորութեան համաձայն «սիւիլ» էր եւ յարաբերութեան մէջ ալ՝ շատ անմիջական: Բարեկամս, որ զիս ընդունած էր իր տունը բացատրեց, թէ ֆրանսական յեղափոխութենէ ետք, իշխանութեան բուշը կոտրուեցաւ: Այդ պատճառաւ կրնաս գտնել հանրային ծառայութեան պաշտօնի վրայ գտնուող մարդիկ, որոնք համեստութեամբ կը վարուին եւ երբեք չեն գործածեր իրենց դիրքը՝ իշխանութիւն բանեցնելու մարդոց վրայ: Այսպիսով առաջնորդ-ղեկավար եւ հետեւորդ աւելի անմիջական յարաբերութիւն կ’ունենան իրարու հետ, քան կարգ մը արաբական եւ արեւելեան երկիրներու մէջ, ուր տակաւին ղեկավարութիւնը աստուածանման ըլլալու հաւասար կը նկատուի:
Ճօն Մաքսուել (John Maxwell) ամերիկացի հանրային գործիչ (ծառայող), գրող եւ համագումարներու դասախօս, իր ուսերուն վրայ պարտականութիւնը առած է, որ ամէն ջանք ի գործ դնէ առողջ առաջնորդներ պատրաստելու: Իր գրած գիրքերուն մեծ տոկոսը առաջնորդութեան (Leadership) նիւթu կ’արծարծեն:
Առաջին հերթին ան առաջնորդի կեանքի օրինակի մասին կը շեշտէ: Մայր Թերեզա ըսած է. «Պէտք է ձեր գործերը ձեր խօսքերէն աւելի բարձր խօսին»: Կեանքիս ընթացքին բախտաւորուած եմ առողջ առաջնորդներ ունենալու եւ տեսնելու: Անոնց հետ շփուիլը՝ ուտել, խմել եւ նոյնիսկ ժամանց ընել զիս նորոգած է: Չեմ ըսեր տակաւին անոնց խօսքերուն եւ ուսուցումներուն մասին, որոնք իսկական կեանք-փոխող զօրաւոր ազդակներ են: Միաժամանակ տեսած եմ, ինչպէս շատերս, առաջնորդներ ալ, որոնք Պօղոս առաքեալի խօսքին նման՝ «ձայն տուող ծնծղայի կը նմանին», աւելի ձայն կը հանեն, քան օգտակար կ’ըլլան:
Երկրորդ կէտը, զոր Մաքսուէլ կը շեշտէ, առաջնորդին դժուարութիւններու դիմաց ցուցաբերած տոկունութիւնն է: Այս ալ անոր նկարագիրին հետ կապ ունի: Հանդիպած է՞ք առաջնորդներու, որոնք իրենց հետեւորդներուն կը գանգատին ապրուած դժուար պարագաներու մասին: Միշտ միտքս կու գան լիբանանցի կարգ մը քաղաքական գործիչներ, յատկապէս բարձր դիրքի վրայ գտնուողներ, որոնք կը գանգատին երկիրի այս կամ այն վիճակէն: «Բարեկամ », պիտի ըսես, «քու պաշտօնդ խօսիլ չէ, այլ գործել է»:
Երրորդ կէտը, որ Մաքսուէլ կը շեշտէ՝ գործնական իմաստութիւնն է: 1+1=2 այս մէկը վարժարաններու եւ համալսարաններու մէջ կը սորվինք: Բան մը, որ կարեւոր է: Բայց թէ սոյն գիտելիքը ինչպէ՞ս կրնաս գործնականօրէն առօրեայիդ մէջ գործածել, այդ մէկը իմաստութիւն կը կոչուի:
Որպէս անհատներ համ հաւաքականութիւն, լիբանանցիներ եւ կամ հայեր, մեր ապրած թշուառութիւններու մէկ մասը կ’իյնայ այն առաջնորդներուն վրայ, որոնց միակ նպատակը աթոռներու վրայ իրենց անձնական փառքը հիւսելն է: Մեր ալ յանցանքը այն է, որ կը լռենք անոնց ոտնձգութիւններուն դիմաց: Ինչո՞ւ: Բարեկամ մը ունիմ, որ միշտ կը յիշեցնէ ինծի, թէ գործատէր եւ գործաւոր հաւասար պէտք է ըլլան: Մին դրամ կու տայ, միւսը իր աշխատանքը: Բայց որովհետեւ դրամ տուողները աշխատանք տուողներէն աւելի քիչ են, այդ պատճառաւ աշխատանք տուողը կը լռէ իր հասցէին կատարուած անարդարութիւններու նկատմամբ:
Հաւանաբար անարդարութեան դէմ կեցող հերոսներու կարիքը ունինք, որպէսզի անարդար եւ փառամոլ առաջնորդները փոխուին: