*ՄԱՆՈՒԿ ՀՈՓԱԼԵԱՆ*
2007 թուականին տիկինս եւ ես կը գտնուէինք Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն քաղաքը, ուր հրաւիրուած էինք ուրախ առիթով մը եւ կը մնայինք քենեկալիս՝ Արսէն Թէրճիմանեանի տունը: Հոն կը գտնուէին նաեւ ուրիշ բարեկամներ եւ ազգականներ:
Օր մը հրաւէր ստացանք Լիբանանէն եկած դրացի Կարապետ Սաղըրեանէն՝ հանդիպում մը կազմակերպելու, իրարու հետ ուրախ մթնոլորտ մը անցնելու համար: Մեր խօսակցութեան նիւթը եղաւ «գաղթականութիւնը»: Պրն. Կարապետ իր հօր գաղթը յիշեց՝ Ամանոսէն մինչեւ Տէր Զօր, ապա Հալէպ եւ հասնելով Լիբանան: Ես ալ իմ կարգիս պատմեցի իմ հօրս գաղթը. ան ալ Ամանոսէն ելած էր եւ Ալեքսանդրապոլէն անցնելով հասած էր Լիբանան 1923 թուականին: Ներկաներէն տիկին Սաղըրեան խօսք առնելով ըսաւ, «ես ալ ձեզի Գրիգոր Զօհրապի եւ Վարդգէսի մահը պատմեմ՝ դէպք մը, որ մեծ տատիկս երկու անգամ պատմած էր մեզի»: Ապա աւելցուց՝ «մեծ մամիկս եւ իր երկու որդիները, Ուրֆայի մէջ պանդոկի տէրեր էին: Օր մը երեկոյեան ժամերուն Գրիգոր Զօհրապը եւ Վարդգէսը ոստիկանութեան կառքով բերին իրենց պանդոկը: Ոստիկաններու հսկողութեամբ անոնք կառքէն իջան եւ դէպի պանդոկ ուղղուեցան: Մեծ մամիկս հիւրերը ընդունելով զանոնք առաջնորդեց երկրորդ յարկ, ուր կը գտնուէր իրենց սենեակը: Գրիգոր Զօհրապ դառնալով մեծ մամիկիս լուացուելու համար ջուր խնդրեց: Մամիկս ընդառաջելով Զօհրապի խնդրանքին, վար իջաւ եւ թոյլ մը լեցուն ջուր իր հիւրերուն սենեակը հանեց: Գրիգոր Զօհրապ իր ձեռքէն ժամացոյցը հանեց եւ գրպանէն փոքր մետաղեայ հայելի մը եւ զանոնք յանձնեց մեծ մամիկիս, որպէսզի զանոնք իր մօտ պահէ, ապա անոր օգնութեամբ երեսը եւ ձեռքը լուաց: Հիւրերը իրենց գիշերը խաղաղ անցուցին:
Առաւօտ կանուխ նոյն ոստիկանները դարձեալ եկան պանդոկ եւ իրենց կառքը պանդոկին դրան առջեւ կեցնելով դէպի պանդոկ ուղղուեցան: Ոստիկանները ներս մտան եւ մինչ մամիկս բարի գալուստ կը մաղթէր իրենց, ոստիկանապետը կը հրամայէ, որ Զօհրապն ու Վարդգէսը վար իջնեն: Մամիկս անմիջապէս Զօհրապի ժամացոյցն ու հայելին դարակէն առնելով վեր կը բարձրանայ: Ապրանքները տիրոջ յանձնելէ ետք կը տեղեկացնէ, որ ոստիկանները պանդոկ հասած են եւ զիրենք կը խնդրեն: Բոլորը միասին վար կ’իջնեն: Ինչպէս որ եկան, նոյնպէս ալ ոստիկաններու ընկերակցութեամբ կառք կը բարձրանան: Ոստիկանապետը կառքին աստիճաններու վրայ կանգած, մամիկիս մօտ եղող տղուն կ’ըսէ՝ «դուն ալ եկուր մեզի հետ» : Եւ իսկոյն տղան իրենց հետ կառք կը բարձրանայ:
Պանդոկէն հեռանալէ ետք ոստիկանապետը կը հրամայէ, որ կառքը կենայ: Ան կառքէն վար իջնելով հայ տղուն կը հրամայէ, որ ինքն ալ վար իջնէ: Բնականաբար տղան կ’ընդառաջէ ոստիկանապետին հրամանին: «Հիմա կօշիկդ հանէ, որովհետեւ իմ կօշիկներս քուկիններով պիտի փոխանակենք»: Տղան առանց հասկնալու պատահածը, ոտքէն կը հանէ կօշիկները եւ կը յանձնէ ոստիկանապետին: Նոյնն ալ ոստիկանապետը կը կատարէ: «Դուն հոս մնացիր» կը հրամայէ ոստիկանապետը տղուն: «Ես քու կօշիկներդ հագած տեղ մը պիտի երթամ եւ դարձեալ կը վերադառնամ»: Տղան կը մնայ հոն ուր որ հրամայուած էր մնալ եւ իսկոյն կառքը կը հեռանայ: Ժամանակ մը անց կառքը կը վերադառնայ: Ոստիկանապետը վար կ’իջնէ կառքէն եւ կօշիկները կը յանձնէ տղուն, կրկին առնելով իր զոյգը: Տղան կը նկատէ, որ ոստիկանապետին հագած իր կօշիկներուն վրայ արիւնի հետքեր կան:
Տղան պանդոկ կը հասնի: Մամիկը տեսնելով արիւնոտ կօշիկները, զարմացած կը հարցնէ՝ տղաս, որու արիւնն է այս կօշիկիդ վրայ: Տղան կը պատասխանէ՝ Գրիգոր Զօհրապին արիւնն է մամա:
Տիկին Սաղըրեանի պատմութեան աւարտին, բոլոր ներկաները լուռ մնացին: