Հայ բանաստեղծութեան հարուստ աշխարհին մէջ, Վահան Թէքէեանի ստեղծագործութիւնները իրենց ուրոյն ու չքնաղ երանգները ունին։ Ան Մեծ Եղեռնէն պատահաբար փրկուած լաւագոյն այն հայ ստեղծագործողն է, որ բարձր պահեց ապագայի հանդէպ հաւատքը եւ իր ստեղծագործութիւններուն մէջ արծարծեց կենսուրախութեան ու հերոսութեան գաղափարները:
Արդարեւ անոր մահէն 6 տարիներ ետք՝ 1951-ին հիմնուեցաւ Վահան Թէքէեան Միջնակարգ կրթական վարժարանը, վառ պահելու համար անզուգական բանաստեղծին ու մեծն Ռամկավար քաղաքական գործիչին անունը:
Հայ ազգը քսաներորդ դարու իր հարուստ պատմութեան մէջ, ունեցաւ Թէքէեան անունը կրող մշակութային մեծ կեդրոն մը՝ Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը, որ հիմնուեցաւ բանաստեղծին մահն 2 տարիներ յետոյ՝ 1947-ին, նպատակ ունենալով պահպանել հայ ժողովուրդին մշակութային ժառանգութիւնը, ստեղծել դպրոցներ եւ ուսուցանել հայ լեզուն, պատմութիւնը, գրականութիւնը, կրօնը, արուեստներն ու գիտութիւնը, ինչպէս նաեւ պատրաստել ազգային գործիչներ եւ օժանդակել ուսանողներուն, որոնք կը նուիրուին հայագիտութեան: Ահաւասիկ այս վեհ նպատակներով տոգորուած, հիմնուեցան Վահան Թէքէեան անունը կրող վարժարաններ սփիւռքի տարածքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
Երկուշաբթի 11 Ապրիլ 2016-ին, կեսօրէ ետք ժամը 1:30-ին վարժարանիս Պարսամեան հանդիսասրահի մէջ, հպարտութեան ու կենսուրախութեան առիթ էր տօնելու եւ փառաւորելու Հայ Բանաստեղծութեան Իշխան՝ Վահան Թէքէեանի մահուան 71-րդ, , նաեւ միջոցառումներով ոգեկոչելու վարժարանիս հիմնադրման 65-րդ ամեակը, յատուկ հիւր ունենալով գաղութիս յայտնի մտաւորական, «Ծաղիկ» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր, վարժարանիս մօտիկ բարեկամ Տիար Յակոբ Տիւնեայեանը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Վահան Թէքէեան Միջն. Վարժարանի Հայոց Լեզուի, Գրականութեան ու Պատմութեան ուսուցիչ Պր. Աւետիս Տիպան: Ան հակիրճ անդրադարձ մը կատարեց Վահան Թէքէեան բանաստեղծին ու վարժապետին, ինչպէս նաեւ անոր անունը կրող վարժարանին ջամբած ազգանուէր ու հայապահպանման գործունէութեան:
Գործադրուած պատշաճ յայտագիրով հանդէս եկաւ վարժարանիս միջն. Գ կարգի աշակերտուհի Փաթիլ Պէքարեան, ներկայացնելով հայկական գեղեցիկ մենապար մը, որուն յաջորդեց նախ. Ա-Դ դասարաններուն կողմէ ներկայացած թատերախաղը նուիրուած Վահան Թէքէեանին, պատրաստութեամբ վարժարանիս Հայոց Լեզուի, Կրօնագիտութեան ու Պատմութեան ուսուցիչուհի Տիկ. Ռիթա Թամուկեանի: Խմբային արտասանութեամբ հանդես եկան նախ. Զ եւ Միջն. Ա-Գ դասարանի աշակերտները՝ ներկայացնելով ծաղկաքաղ մը բանաստեղծին ստեղծագործութիւններէն: Խմբերգով հանդէս եկան նախ. Ե դասարանի աշակերտները երգելով «Եկեղեցին Հայկական»-ը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսաերիզ մը, որ կատարողական ասմունք էր Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր Բան Մը Այնտեղ» բանաստեղծութեան:
Գեղարուեստական հաճելի պահեր ըմբոշխնելէ ետք, օրուայ բանախօս՝ «Ծաղիկ» հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Տիար Յակոբ Տիւնեայեան, Թէքէեանական անուշ բոյրով համեմուած անոր բազմաբովանդակ սիրով, հայերգութեամբ, զինք արժանավայել կերպով բանաստեղծութեան իշխան թագադրելով ոգեշունչ ու իմաստալից ելոյթ մը ունեցաւ, ներկաներուն տանելով դէպի բանաստեղծին հարուստ ներաշխարհը՝ կեանքը, անոր վարժապետական բեղուն գործունէութիւնը հայկական համայնքներէ ներս, նամանաւանդ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ, ուր անսակարկ նուիրումով պատրաստեց ու ջամբեց հայ գիրի եւ գրկանութեան զինուորներ, որոնք իրենց կարգին դարձան ղեկավարներ հայ համայնքներէ ներս:
Միջոցառման աւարտին վարժարանիս ժրաջան տնօրէնուհի Տիկ. Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեան, հակիրճ սրտի խօսքով անդրադարձաւ ՌԱԿ-ի երախտաւոր ու ազնիւ բանաստեղծին մասին՝ մատնանշելով, թէ ան գիտակից էր հայ ժողովուրդը յուզող տագնապներուն եւ ամբողջական ծանօթութիւն ունէր անոր արդար պահանջքներուն: Ան հայ ժողովուրդի համար պարզ անհատ մը չըլլալով հանդերձ, եղաւ ազգային ազատական գաղափարախօսութեան գլխաւոր դրօշակակիրներէն մին: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական յայտագիրի մաս կազմող աշակերտութեան, ինչպէս նաեւ պատասխանատու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն եւ գեղեցիկ յուշանուէրով մը պատուեց օրուայ պատգամախօս հիւրը:
Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջնակարգ վարժարանը արդէն հպարտութեամբ կը թեւակոխէ՝ իր հիմնադրման ու կրթական հարուստ պատմութեան պանծալի 65 ամեակը: Հետեւաբար մեր ճիտին պարտքն է կանգուն եւ անսասան պահել շնորհալի ու պատմութիւն ունեցող այս կրթական հաստատութիւնը, հաւատարիմ մնալով անոր սկզբունքներուն, վառ պահելով անոր ջամբած եւ դաստիարակած հայեցի կրթութիւնն ու բազմաբովանդակ գիտելիքները: