*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Վերի գծանկարին մէջ ինքնաշարժի դռան կողքի հայելիին վրայ կայ սովորական ազդը, թէ հայելիին մէջ երեւցող առարկաները աւելի մօտ են քան այնպէս ինչպէս կը թուին…։ Գծանկարի հայելիին մէջ երեւցող «առարկան»՝ 13 Ապրիլ 1975ի Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմին կայծ տուող նշանաւոր մարդատար կառքն է (Այն Ռըմմէնիի պասը, պոսթան):
Այսօր՝ 13 Ապրիլ 2016ին, այդ տխրահռչակ թուականէն 41 տարիներ ետք ու անոր այսպէս կոչուած աւարտէն 26 տարիներ յետոյ, անոր ուրուականը տակաւին մեզի՝ լիբանանցիներս կը հետապնդէ ու… մեզմէ այնքան ալ հեռու չէ…:
Այդ թուականէն սկսեալ եւ ամէն գետնի վրայ ու ամէն դուռի ետին, մեր կրած յոռեգոյն վնասներէն ետք շատ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ այսօր կարենանք պահել նուազագոյնը կամ այն ինչը, որ մնացած է Լիբանանէն…:
Այսօր աւելի քան երբեք զգոյշ ըլլալու է չվերադառնալու հոն, որովհետեւ նման պատերազմի մը կրկնութիւնը (որ նկատի ունենալով տուեալները՝ այնքան ալ անկարելի չէ), պիտի նշանակէ կամուրջ մը դէպի Իսլամական Հանրապետութիւն (Ուիլայաթ Ալ Ֆաքիհ), կամ Իսրայէլեան Բռնագրաւում եւ կամ Իսլամական Պետութիւն (Տաէշ)…։
Վերոյիշեալ երեքէն չարեաց փոքրագոյնը կայ արդեօ՞ք սիրելի ընթերցող: Ես կ՛ըսեմ անշուշտ ո՛չ: