Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

«Մեր Վերջնանպատակն Է Իրաւական Պատասխանատուութեան Ենթարկել Ազրպէյճանը». ՀՀ ՊՆ

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վերահաստատէ, որ Ապրիլ 10-ին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի միջնորդութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցած է Ապրիլ 2-էն 5 ազրպէյճանական կողմի սանձազերծած յարձակումի ընթացքին զոհուած զինծառայողներու դիակներու փոխանակում:

Փոխանակման ընթացքին հայկական կողմին փոխանցուած է ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի զոհուած 18 զինծառայողներուն մարմինները:

Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն կը յայտնեն, որ հաշուի առնելով հայկական կողմին փոխանցուած մարմիններու խոշտանգման եւ անարգանքի փաստը, որ արձանագրուած է ԼՂՀ պատկան մարմիններու եւ ԿԽՄԿ ներկայացուցիչներու կողմէ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ ատիկա կը հանդիսանայ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոններուն` ԼՂՀ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորածներու հարցերով զբաղող պետական յանձնաժողովին կողմէ մատնանշուած կանոններու կոպտագոյն խախտում:

ԼՂՀ եւ ՀՀ իշխանութիւնները համագործակցելով միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, կ՛իրականացնեն յանցագործութիւններուն վերաբերեալ ապացոյցներու հաւաքման աշխատանքներ, որոնց հիման վրայ կը յարուցուին քրէական գործեր:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէ նաեւ, որ բոլոր միջազգային ատեաններու մէջ հետեւողականօրէն պիտի բարձրացուին Ազրպէյճանի կողմէ իրականացած միջազգային մարդասիրական (զինուած հակամարտութեան) իրաւունքի եւ տարատեսակ համաձայնագիրներու խախտումներու փաստերը` վերջնանպատակ դնելով Ազրպէյճանին նաեւ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին