Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Նամակ Պարաք Օպամային

Յարգելի Պարոն Նախագահ,

Ես 9ամեայ տղայ մըն եմ, կ՛ապրիմ Լոս Անճելըսի մէջ: Ես ԱՄՆի քաղաքացի եմ, ծագումով Հայ: Իմ ծնողքս արմատներով հայկական քրիստոնեայ այն տարածքէն են, որ կը գտնուի Ազրպէյճանի մօտիկ: Ան կը կոչուի Լեռնային Ղարաբաղ կամ Արցախ: Ան յանձնուած է Ազրպէյճանին բռնապետ Եոսիֆ Ստալինի կողմէ: Հոն կ՛ապրին խաղաղասէր մարդիկ: Վերջին հինգ տարիներուն ես եղած եմ այնտեղ մի քանի անգամներ: Իմ ազգականներս նոյնպէս կ՛ապրին հոն: Ես խորապէս մտահոգուած եմ պատերազմէն, որ սկսած է քանի մը օրեր առաջ: Այս պատերազմը տեղի ունեցած է նաեւ 2015ին, ան շարունակութիւնն է 1991-1994ին տեղի ունեցած պատերազմին, որ խլեց 17,000 խիզախ տղամարդոց կեանքը ու նաեւ տեղահանեց հազարաւոր մարդիկ:

Ես կը ցանկայի, որ Միացեալ Նահանգները եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ճանչնան իրավիճակը: Օրինակ Մարտունիի շրջանը, ուր ծնած է հայրս, ազրպէյճանական ուժերը ռմբակոծած են դպրոցը, ուր սպաննուած է 12ամեայ տղայ մը դպրոցի ճամբուն վրայ, հիւանդանոց տեղափոխուած են երկու միւս տղաքը եւ զգալի վնաս հասցուած է դպրոցին: Բացի այդ 90ամեայ զոյգը դաժանաբար սպաննուած են ազրպէյճանական զօրքերու կողմէ իրենց տան մէջ: Ես կը ցանկայի, որ Արցախը ճանաչցուի Միացեալ Նահանգներու եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողէ: Ազրպէյճանի նախագահը ապականած եւ փճացած է եւ ան  կ՛ուղարկէ իր սեփական ժողովրդը կռուելու իմ ժողովրդիս դէմ: Միակ պատճառը, որ իմ ժողովուրդս կը կռուի ազրպէյճանցիներու հետ այն է, որ կ՛ուզէ ազատ ըլլալ ազրպէյճանական ճնշումէն: Ես գիտեմ, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը ստեղծուած է՝ պատերազմող երկիրներուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու համար: Ես կը ցանկայի, որ թէ՛  Միացեալ Նահանգները եւ թէ՛ Միացեալ Ազգերը օգնութիւն ցուցաբերէին իմ երկիրիս։ Շատ ազրպէյճանցիներ կ՛ըսեն, որ մեր երկիրը սկսաւ պատերազմը, բայց ադզրպէյճանցի զօրավար մը եւ մասնաւորաբար իրենց նախագահը խոստովանած են, որ ազրպէյճանական ուժերը սկսած են յարձակումը:

Ես կ՛ուզեմ, որ ոչ մէկ երկիր ճնշում չզգայ:
Ահա որոշ լուծումներ հակամարտութեան համար, որ կրնայ օգնել Հայաստանի ու Ազրպէյճանի.

  • Ես կը ցանկայի, որ Արցախը միջազգայնօրէն ճանչցուի:
  • Ես կը ցանկայի, որ Միացեալ Նահանգները դադարեցնէ աջակցութիւն ցուցաբերել Ազրպէյճանին:
  • Ես կը ցանկայի, որ երկու երկիրներուն միջեւ զինադադարի մասին օրինական փաստաթուղթ ստորագրուի:

Ազրպէյճանը կը յայտարարէ այսպես կոչուած «միակողմանի զինադադարի» մասին, սակայն Ազրպէյճանի հրետանին կը շարունակէ ռմբակոծել գիւղեր: Ես մտահոգուած եմ իմ ընտանիքիս եւ այնտեղ գտնուող միւս քաղաքացիներու մասին: Ես կ՛ուզեմ, որ իմ ժողովուրդս ազատ ապրի եւ Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան մէջ ըլլայ: Կը խնդրեմ, որ հաշուի առնէք այս նամակը:

Յարգանքներով՝
Սուրէն Գրիգորեան

Պելլա Լալայեանի «Ֆէյսպուք»ի էջէն առնուած։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին