Չորեքշաբթի, 25. 02. 2026

spot_img

Մատաղիսը Աստիճանաբար Կը Վերականգնի Եւ Տարհանուած Բնակչութեան Մէկ Մասը Վերադարձած Է

Արցախի Մատաղիս գիւղը ազրպէյճանական զինուժին կողմէ ռմբակոծութեան ենթարկուելէ ետք աստիճանաբար կը վերականգնի, տարհանուած բնակչութեան մէկ մասը արդէն վերադարձած է գիւղ:

Արցախի մէջ գտնուող «Արմէնփրես»ի թղթակիցը այցելած է Մատաղիս գիւղ, հետեւած է ընթացող վերականգնողական աշխատանքներուն եւ զրուցած է բնակիչներուն հետ:

Մատաղիսի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն, այժմ գիւղապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գեղամ Աղաջանեան, «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ տարհանուած բնակչութեան մէկ մասը արդէն վերադարձած է գիւղ:

Գեղամ Աղաջանեան, որ ժամանակաւորապէս ստանձնած է նաեւ գիւղապետի պարտականութիւնները, քանի որ Մատաղիսի գիւղապետը հակառակորդին կողմէ գնդակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած է եւ կը բուժուի Ստեփանակերտի մէջ՝ պատմած է, որ ռմբակոծութենէն ետք գիւղը ելեկտրանականութիւն չուներ, սակայն արդէն երեք օրէ ելեկտրականութիւնը վերականգնուած է:

6

Հակառակորդին  կողմէ գնդակոծութեան հետեւանքով վնասուած է նաեւ դպրոցի շէնքը: Գեղամ Աղաջանեան նկատել տուած է, որ այս պահուն դպրոցի շէնքին վերականգման աշխատանքները սկսած են` վստահեցնելով, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ այդ աշխատանքները պիտի աւարտին: «Աշխատանքը արդէն սկսած ենք: Լաւ սկիզբը գործի կէսն է: Ամենաշատը երեք օրուայ ընթացքին այս աշխատանքները կ’աւարտենք ու պատրաստ կ՛ըլլանք դասերը սկսելու», ըսած է Գեղամ Աղաջանեան:

7

Մատաղիսի մէջ այս պահուն 45 մարդիկ կը բնակին: Գիւղի ընդհանուր բնակչութեան թիւը` ժամանակաւոր բնակչութեան հետ միասին 600 է:

Մատաղիսի բնակիչ Շահէն Սահինեանն ալ նշած է, որ ինք երբեք գիւղը չէ լքած ու չի ալ պատրաստուիր լքելու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին