Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Մինսքի Խումբի Համանախագահներ. «Տարածքներու Վերադարձի Եւ Ղարաբաղի Կարգավիճակի Որոշման Հարցերը Մէկ Ամբողջութիւն Են»

Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Պոպովը, Ջեյմս Ուորլիքը եւ Փիեռ Անդրիոն,  նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճեյ Գասպրչիկ, Երեւանի մէջ հանդէս եկած են մամուլի ասուլիսով ու ամփոփել տարածաշրջանային  քառօրեայ այցի արդիւնքները: Մինչեւ Երեւան ժամանելը անոնք, եղած էին Պաքուի եւ Ստեփանակերտի մէջ:

Մեր իրաւասութիւնը չէր ենթադրեր պարզել, թէ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական շփման գիծի վրայ կողմերէն ո՞վ սկսած է ռազմական գործողութիւնները եւ ով պատասխանտու է, armradio.am-ի փոխանցմամբ Երեւանի մէջ յայտարարեցին Մինսքի Խումբի համանախագահները՝ տարածաշրջանային քառօրեայ այցի արդիւնքները ամփոփելով:

Իսկ թէ որն էր այցի հիմնական  խնդիրը, ռուսաստանցի համանախագահ Իգոր Պոպովը այսպէս բացատրեց.  «Մեր հիմնական խնդիրն էր օգնել կողմերուն՝ կայունացնելու իրավիճակը, նաեւ հասնիլ այն վիճակին, որ ռազմական գործողութիւնները չկրկնուին: Մեր իրաւասութեան մեջ չկար որոշել, թէ ո՞վ է առաջին սկսողը, ո՞վ է պատասխանատու տեղի ունեցածիՆ համար»։

Համանախագահներու  ընդհանուր եզրակացութիւնը այն է, որ կողմերը մտադիր են կամ առնուազն պատրաստակամ են պահպանելու Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած հրադադարը,-  ըսաւ Պոպով եւ աւելեցուց-, գերխնդիրը այս պահուն կողմերը բանակցային սեղանի շուրջ բերելն է: Կը շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ:

Իսկ առաջարկներու ինչ հարցեր կողմերուն հետ կը քննարկեն համանախագահները: Արդեօ՞ք կան նոր նախաձեռնութիւններ, ինչպես Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրովը նշած էր ու հաւաստիացուցած, որ կարգաւորումը մօտ է: Այսպէս կոչուած Լավրովի փաստաթուղթ գոյութիւն չունի՝ վստահեցուց Պոպով։ Սեղանի վրայ վերջին տարիներուն քննարկուղ փաթեթն է՝ ըսաւ ան: Ի հարկէ կան մի քանի տարբերակներ, բայց  անոնց հիմքին մէջ նոյն 3 սկզզբունքներն են ու 6 բաղադրիչները:

Երեք սկզբունքերը հետեւեալներն են՝ զէնքի չկիրառում, ազգերու ինքնորոշում եւ տարածքային ամբողջականութիւն:

Ինչ կը վերաբերի 6 բաղադրիչներուն, անոնցմէ կարեւորները ըստ Պոպովի երկուքն են: «Վեց բաղադրիչներէն 2 կարեւորագոյնները տարածքներու վերադարձի եւ Ղարաբաղի կարգավիճակի որոշման  հարցերն են: Այս հարցերը պէտք է որպէս մեկ ամբողոջութիւն դիտարկել, կարելի չէ մէկը միւսէն առաջ դնել», ըսաւ ան:

Միւս բաղադրիչները կը վերաբերին փախստականներու վերադարձի, Հայաստան-Ղարաբաղ միաջնցքի լայնութեան ու կարգավիճակի որոշման, խաղաղապահներու տեղակայման խնդիրներուն:

Մինսքի Խումբը ինչպէ՞ս կը գնահատէ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին քաղաքացիական անձանց դաժան սպանութիւններու եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու մասնակցութեան մասին փաստերը: Ահաբեկիչներու մասնակցութեան հարցը համանախագահները շրջանցեցին, իսկ քաղաքացիական անձանց սպանութիւններու  դաժան փաստերով, ինչպէս Ճեյմս Ուորլիքը ըսաւ՝ մտահոգուած են։ «Տեսած ենք լուսանկարներն ու տեսանիւթերը, որոնք տեղադրուած են համացանցի վրայ: Հանդիպած ենք Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներու հետ եւ ուղարկած ենք անոնց բոլոր տուեալները՝ ճշդելու համար: Այս հարցը մեր ուշադրութեան կեդրոնն է», ըսաւ ան:

Մինսքի Խումբը պարբերաբար նշած է, որ բանակցութիւններու որոշ փուլ մէջ կողմերուն կը միանայ կամ բանակցային սեղանի շուրջ կը վերադառնայ  նաեւ Ղարաբաղը: Արդեօ՞ք այդ պահը չէ եկա՞ծ հարցին անոնք պատասխանեցին, որ այդ պահը կը տեսնեն շրջանակային համաձայնագիրի ստորագրման փուլի մէջ, որ կը նախորդէ խաղաղ կարգաւորման համաձայնագիրը:

Իսկ արդեօ՞ք կը քննարկեն Ղարաբաղի Ազրպէյճանի կազմ վերադառնալու անհնարինութիւնը: Այդ հարցը այս պահուն բանակցութիւններու առարկայ է՝ ըսաւ Պոպով:  «Ճիշդ այդ է բանակցութիւններու առարկան այս փուլի մէջ», աւելցուց ան։

Նկատի ունենալով պաշտօնական Անգարայի յայտարարութիւնները, որոնք կը փաստեն  Թուրքիոյ անթաքոյց աջակցութիւնը ազրպէյճանական կողմին, արդեօ՞ք չի քննարկուիր Մինսքի Խումբի մէջ  այս երկիրի ներկայութիւնը բացառելու տարբերակը. այս հարցը նոյնպես ուղղուեցաւ համանախագահներուն: Պատասխանը այսպիսին էր՝ Թուրքիան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի՝ հրադադարի պահպանման կոչերուն իր աջակցութիւնը յայտնած է, իր ստորագրութիւնը դրած է այդ փաստաթուղթի տակ:

«Եթէ կը յիշէք, մի քանի օրեր առաջ, երբ մենք Վիեննա էինք, առաջին անգամ ընդունուեցաւ շատ խիստ յայտարարութիւն մը՝ կոչ ընելով կողմերուն զսպուածութեան՝ հրադադարի պահպանման, բանակցային գործընթացի ձեռնարկման, համակողմանի կարգաւորման եւ Թուրքիան իր աջակցութիւնը յայտնեց համանախագահներուն: Եկէք յստակ ըլլանք: Թուրքիան միացաւ այս յայտարարութեան, իր ստորագրութիւնը դրաւ յայտարարութեան տակ»:

Մենք պատրաստ ենք աշխատելու Մինսքի Խումբի բոլոր երկիրներու, նաեւ Թուրքիոյ հետ՝ ընդգծեց Ուորլիք աւելցնելով, որ Մինսքի խումբի ձեւաչափի կամ համանախագահներու կազմի փոփոխութեան հարց այսօր օրակարգի վրայ չկայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին