Արցախի Մատաղիս գիւղը ազրպէյճանական զինուժին կողմէ ռմբակոծութեան ենթարկուելէ ետք աստիճանաբար կը վերականգնի, տարհանուած բնակչութեան մէկ մասը արդէն վերադարձած է գիւղ:
Արցախի մէջ գտնուող «Արմէնփրես»ի թղթակիցը այցելած է Մատաղիս գիւղ, հետեւած է ընթացող վերականգնողական աշխատանքներուն եւ զրուցած է բնակիչներուն հետ:
Մատաղիսի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն, այժմ գիւղապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գեղամ Աղաջանեան, «Արմէնփրես»ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ տարհանուած բնակչութեան մէկ մասը արդէն վերադարձած է գիւղ:
Գեղամ Աղաջանեան, որ ժամանակաւորապէս ստանձնած է նաեւ գիւղապետի պարտականութիւնները, քանի որ Մատաղիսի գիւղապետը հակառակորդին կողմէ գնդակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած է եւ կը բուժուի Ստեփանակերտի մէջ՝ պատմած է, որ ռմբակոծութենէն ետք գիւղը ելեկտրանականութիւն չուներ, սակայն արդէն երեք օրէ ելեկտրականութիւնը վերականգնուած է:
Հակառակորդին կողմէ գնդակոծութեան հետեւանքով վնասուած է նաեւ դպրոցի շէնքը: Գեղամ Աղաջանեան նկատել տուած է, որ այս պահուն դպրոցի շէնքին վերականգման աշխատանքները սկսած են` վստահեցնելով, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ այդ աշխատանքները պիտի աւարտին: «Աշխատանքը արդէն սկսած ենք: Լաւ սկիզբը գործի կէսն է: Ամենաշատը երեք օրուայ ընթացքին այս աշխատանքները կ’աւարտենք ու պատրաստ կ՛ըլլանք դասերը սկսելու», ըսած է Գեղամ Աղաջանեան:
Մատաղիսի մէջ այս պահուն 45 մարդիկ կը բնակին: Գիւղի ընդհանուր բնակչութեան թիւը` ժամանակաւոր բնակչութեան հետ միասին 600 է:
Մատաղիսի բնակիչ Շահէն Սահինեանն ալ նշած է, որ ինք երբեք գիւղը չէ լքած ու չի ալ պատրաստուիր լքելու:








