*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*
Շատերս տակաւին կը յիշենք 1960, 1970 եւ 1980ական թուականներու ամերիկեան եւ իտալական «ուեսթըռն» ֆիլմերը: Վստահաբար շատեր այդ ֆիլմերուն մէջ հանդիպած են հետեւեալ պատկերին՝ ֆիլմի ոճրագործը (The villain) կը սպաննէ ֆիլմի հերոսին բարեկամը, սակայն ոճիրին լուրը սկզբնական շրջանին ծածուկ կը մնայ հերոսէն: Յուղարկաւորութեան ժամանակ յանկարծ կը տեսնենք, թէ ոճրագործը ինքն ալ յուղարկաւորներուն շարքին մէջ գերեզման կ’երթայ, արցունք թափելով կու լայ եւ ցաւակցութիւն յայտնելով կը հեռանայ:
Երէկ «ուեսթըռն» ֆիլմի մէջ պատահող վերոյիշեալ պատկերի մը հանդիպեցայ, որ այս անգամ ոչ Ամերիկայէն եւ ոչ ալ Իտալիայէն կու գար, այլ… Ազրպէյճանէն: Տիկ. Մեհրիպան Ալիեւ՝ ազերի առաջին տիկինը, ցաւակցութեան հանդիպում մը կազմակերպած էր՝ «հայերու կողմէ դատապարտելի եւ գրգռիչ յարձակումներուն ժամանակ զոհուած» ազերի զինուորներուն մայրերուն ու մօտիկներուն համար: «Որպէս մայր կը խոնարհիմ ձեր առջեւ, որովհետեւ մեծցուցիք զաւակներ, որոնցմով բոլոր երկիրը հպարտ է», ըսաւ Տիկ. Ալիեւ ու սկսաւ արցունք թափել:
Այս «ֆիլմին» մէջ սակայն հերոսը սկիզբէն գիտէր ոճրագործը, որուն դերասանական արցունքները երբեք ալ չէին խաբեր զինք: Տիկ. Ալիեւ շատ լաւ գիտէր, թէ ո՞վ էր այն պատասխանատուն, որ հրաման տուաւ առաջին կապարը կրակելու: Ո՞վ էր իսկական ոճրագործը, որ պատասխանատու էր այդ մայրերու ցաւին: Այսուհանդերձ կեցած արցունք կը թափէր՝ հին ժամանակներու մոռցուած ուեսթըռն ֆիլմի ոճրագործին պատկերը յիշեցնելով: Արաբական արածը կ’ըսէ. «Կը սպաննէ եւ անոր յուղարկաւորութեան կը մասնակցի»: Հետաքրքրական ժամկէտ ընտրուած էր այս ռազմական հարցը յարուցանելու համար՝ Ապրիլ ամիսը…:
Բան մըն ալ աւելցնեմ ՝ «ուեսթըռն» ֆիլմերուն մէջ հերոսը միշտ կը գտնէ ոճրագործը եւ անոր «բերնի համը կու տայ»:
Այդպէս չէ՞ հայեր: