*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Վերջերս ընկերային համացանցի վրայ ուշադրութիւնս գրաւեց վերի իմաստալից նկարը, որ կը ներկայացնէ երկու վարկածներ: Նկարի վերի բաժինին մէջ կ՛ըսուի՝ եթէ մեղուները անհետանան աշխարհէն, իսկ վարի բաժինին մէջ՝ եթէ մարդիկ վերանան աշխարհէն:
Երկիր մոլորակը կ՛անապատանայ՝ երբ օրինակի համար մեղուի նման փոքր միջատ մը դադրի գոյութիւն ունենալէ եւ ծաղիկէ ծաղիկ անցնելու պահուն, չկատարէ նաեւ բոյսերու սերմերու փոխադրութիւնը, մեծապէս սատարելով բոյսերու բեղմնաւորումին՝ այլ խօսքով գեղեցիկ բնութեան ինքնանորոգման ու գոյատեւման…:
Ամենացաւալին սակայն նկարին վարի մասն է, ուր կը ներկայացուի վիճակ մը, երբ մարդ արարածը դադրած է գոյութիւն ունենալէ, ուր կը տեսնենք բնութեան անհպելի՝ կանաչ ու մաքուր իրավիճակը, հեռու մարդու բարբարոսութենէ եւ ապականումէ…:
Ցաւալի է չէ՞ սիրելի ընթերցող…: Մինչեւ ե՞րբ մենք մեզ՝ ապրող էակներուն մէջ գերադասը համարող արարածներս, անխնայ վնաս պիտի հասցնենք մեր իսկ ապրած այս գեղեցիկ մոլորակին…:
Անապատացած ու անկեանք մոլորակ մըն է՞, որ կը ձգտինք ժառանգելու մեր զաւակներուն, թէ՞ ընդհակառակը:
Եկուր պահ մը մտածենք սիրելի ընթերցող բարեկամ:
Այսօրուայ համար այսքանը բաւ է կարծեմ:
Ցտեսութիւն: