Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ արեւածագին երկու հայ զինուորներ զոհուած են հանրապետութեան հիւսիսային հատուածին մէջ: 20 տարեկան զինուոր Գէորգ Մղտեսեան զոհուած է տակաւին անորոշ պատճառներով, իսկ Թալիշի ուղղութեամբ զոհուած է 33 տարեկան զինուոր Հրաչ Մուրատեանը՝ հակառակորդին կրակոցներով: Պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը նաեւ վար առած են հակառակորդի հերթական մարտական անօդաչու սարքը: