ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հերթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին՝ յայտարարուեցաւ զինուորական վերջին նորութիւններու մասին: Գնդապետ Վիքթոր Առուստամեան յայտարարեց, որ ցարդ հայկական կողմէն զոհուած են 29 զինուորներ՝ ներառեալ 7 սպաներ եւ ենթասպաներ, մինչ վիրաւորներուն թիւը 101 է՝ ներառեալ 20 սպաներ եւ ենթասպաներ: Հայկական կողմէ կան 28 անյայտ կորսուած զինուորներ: Ազրպէյճանական կողմէ ըստ հայկական կողմի ունեցած տեղեկութիւններուն եւ գաղտնալսուած հեռաձայնային խօսակցութիւններուն, կան մինչեւ երկու հազար սպաննուած եւ վիրաւորուածներ: Գնտապետին տուած տեղեկութեանց համաձայն, հայկական կողմը կորսնցուցած է 14 հրասայլեր, իսկ ազրպէյճանական կողմէ կործանած են աւելի քան 24 հրասայլեր, 4 զրահապատ մեքենաներ, 12 անօդաչու սարքեր, երկու ուղղաթիռներ եւ Կրատի մէկ կայանք: Ըստ գնդապետին ոչ մէկ հայկական դիրք կը գտնուի հակառակորդի տիրապետութեան տակ:






