Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը յանուն իր համայն անդամաշարքին եւ համակիրներուն, կու գայ խստօրէն դատապարտելու Ատրպէյճանի արկածախնդիր քաղաքականութիւնն ու ռազմական սանձարձակ գործողութիւնները: Անցնող Ապրիլ 1-2-ի գիշերը սկսած հրետակոծութիւնները, Արցախեան հողեր ներխուժումը, անմեղ բնակիչներու սպանութիւնները եւ ամենատարբեր տրամաչափի հրթիռարձակումները ցոյց կու տան, թէ Ատրպէյճան փաստօրէն 22-ամեայ զինադուլը խախտած է եւ պատերազմի ձեռնոց կը նետէ Հայաստանի ու Արցախի վրայ:
Հպարտութեամբ կը յայտարարենք, որ Արցախի պաշտպանական բանակը հերոսաբար կը պաշտպանուի եւ արժանի հակահարուած կու տայ ատրպէյճանական բանակին: Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը միջազգային համայնքին եւ աշխարհի ղեկավարներուն կոչ կ’ուղղէ անյապաղ ճնշում բանեցնել Ատրպէյճանի նախագահին եւ ղեկավարութեան վրայ, վերադառնալու համար բանակցային գործընթացին. որովհետեւ միա՛յն խաղաղ ճանապարհով կարելի է հասնիլ մնայուն յաջողութիւններու:
Արցախի հերոս ժողովուրդին կամքով եւ միջազգայնօրէն ընդունուած ինքնորոշման իրաւունքով հռչակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ունի՛ իրաւունքը ինքնիշխան եւ ազատ պետութիւն մը ըլլալու եւ ճանչցուելու Հայաստանի եւ բոլոր պետութիւններուն կողմէ:
Միաժամանակ լրջախոհութեան կը հրաւիրենք բոլոր այն բախտախնդիրները, որոնք կրակի հետ կը խաղան: Կը դատապարտենք Թուրքիոյ կոմնակալ դիրքը, ուր ան իր շահերէն ելլելով տարածաշրջանային տարբեր խաղաքարտեր կը գործածէ:
Արցախը հայկական է իր պատմութեա՛մբ, անցեալո՛վ եւ ներկայով:
Կեցցէ՛ Արցախի քաջ ժողովուրդը: Կեցցե՛ն Լեռնային Ղարաբաղի ու Հայաստանի զոյգ հանրապետութիւնները:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
4 Ապրիլ 2016