Ապրիլ 5-ին Սպանիոյ Թագաւորութեան երկու քաղաքներ` Փուենթէ Խենիլ (Puente Genil) եւ Լա Ռոտա տէ Անտալուսիա (La Roda de Andalucվa) պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը:
Համապատասխան բանաձեւերը երկու քաղաքներուն մէջ ալ ընդունուած են՝ քաղաքային խորհուրդի մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերու միաձայն համաձայնութեամբ:
Բանաձեւերուն մէջ կը դատապարտուի Թուրքիոյ կողմէ ժխտողականութիւնը եւ Սպանիոյ միւս քաղաքներուն ու կեդրոնական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի՝ հետեւելու իրենց օրինակին եւ նոյնը յորդորելու Թուրքիոյ:
Համապատասխան որոշումներու ընդունման յաջորդող ելոյթներուն մէջ, Թուենթէ Խենիլի եւ Լա Ռոտա տէ Անտալուսիոյ քաղաքապետերը շեշտած են այդ որոշումներուն կանխարգելիչ բնոյթը, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու անժամկէտ ըլլալու հանգամանքն ու անոնց քաղաքական գնահատական տալու անհրաժեշտութիւնը: