Ամերիկահայ յայտնի ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեան կոչ ուղղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին պատմութիւն կարդալ` իմանալու, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմական հայկական տարածք է: Այս մասին Թանքեանը գրած է իր Facebook-ի էջին վրայ։
«Կը կարծեմ Էրտողանը պատմութիւն չի կարդար: Լեռնային Ղարաբաղի պատմական իրաւական տէրերը հայերն են: Ստալինը անիկա տուած է Ազրպէյճանին: Սերժ Թանքեանը կ՝ըսէ, թէ իբր արեւելեան Թուրքիան եւս օր մը պիտի վերադառնայ իր իրական տէրերուն», նշած է ռոք երաժիշտը:
Նշենք, որ ան նախապէս եւս գրած էր, թէ կը դատապարտէ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին Ազրպէյճանի գործողութիւններն ու այս հարցով Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութիւնը Պաքուին: