Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Լավրով Թուրքիոյ Յորդորեց Ահաբեկչութեան Ցուցաբերուող Աջակցութիւնը Կրճատել

Ղարաբաղեան բախումներուն եւ Թուրքիոյ կեցուածքին անդրադարձաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրով` լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին: «Մենք կը պնդենք, որ Պաքուի եւ Երեւանի մէջ լսեն Մոսկուայէն, Ուաշինկթընէն եւ Փարիզէն ստացուող ազդակները։ Ռուսիան, ԱՄՆը եւ Ֆրանսան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներն են», նշեց Լավրով։ Ակնարկելով Թուրքիոյ կեցուածքին ան ըսաւ. «Չեմ կրնար ըսել՝ Անգարան ունի՞, թէ՞չունի որեւէ դեր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, բայց համոզուած եմ, որ բոլորին, ներառեալ Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդի շահերէն կը բխի, եթէ Անգարան կարենայ կեդրոնանալ ահաբեկչութեան ցուցաբերուող աջակցութեան կրճատման վրայ»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին