Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

«Հայ Արուեստ»ի Ներկայացում Թէքէեան Կեդրոնէն Ներս

*ԱԼԵՔՍ ԱՇՃԵԱՆ*

Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան կազմակերպութեամբ Չորեքշաբթի, 30 Մարտ 2016ի երեկոյեան ժամը 8-ին տեղի ունեցաւ՝ «Հայ Արուեստ. Անցեալի Նուաճումներ եւ Ներկայի Իրագործումներ» նիւթով ձեռնարկ մը Թէքէեան կեդրոնի մէջ, Ժմմէյզէ:

Սրահը զարդարուած էր եզակի տեսարանով մը: Մէկ կողմը ներկայ աշխարհը ներկայացնող Պրն. Գէորգի Խաչերեանի արդիական եւ եզակի ձեռակերտ զարդեղէնները: Իսկ Միւս կողմը հայկական անցեալէն եկող եւ անցեալը ներկայացնող հայ վարպետի դերձաններով գծագրուած գորգերը, զորս ներկաներուն հրամցուած էր Պրն. Աւետիս Գոյունեանի կողմէ:

Ձեռնարկին ներկայ էին ԹՄՄ Հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ ընկեր Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Միքայէլ Վայէճեան, ԹՄՄ  Հիմնադիրներու Մարմնի եւ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ ընկերներ, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հանրութիւն մը։ Սկիզբը ունկնդրուեցան Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութեան ժրաջան ատենապետ ՝ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան: Ան նախ ներկայացուց վարչութեան նոր ծրագիրը, որ դասաւորուած էր հայ իրականութեան ներկայի մարտահրաւէրները ուսումնասիրելով, եւ այդ մարտահրաւէրներուն պատասխան տալու նպատակով: Վարչութեան ծրագիրը կ’ընդգրկէր գրական, երաժշտական, արուեստագիտական եւ այլ մարզերու նուիրուած ձեռնարկներ, որոնք հանրութեան պիտի ներկայացուէին մասնագէտներու, դասախօսներու եւ արուեստագէտներու կողմէ: Գեղեցիկ էր ընկեր Տոքթ. Ասիլեանի մէջբերումը պատմահայր Խորենացիէն՝ «օտարինը լաւ է, բայց մերը տարբեր է…»: Ան իր խօսքով հայկական արժէքները վեր առաւ եւ հայկականը ունենալու հպարտանքը փոխանցեց ներկաներուն: Ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուայ երկու արուեստագէտները, որպէսզի յետոյ խօսքը տայ անոնց, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ինքզինք եւ իր ստեղծագործութիւնը պիտի ծանօթացնէր ներկաներուն:

Առաջին հերթին խօսք առաւ Պրն. Գէորգ Խաչերեան: Ան բացատրեց, թէ  ինք կը սերէր ընտանիքէ մը, որու հայրը ոսկերիչ էր: Հակառակ, որ ինք ալ աւանդականօրէն հօր արհեստով սկսաւ, բայց նկատեց, որ ոսկիով ստեղծագործելը սահմանափակուած է: Ուստի սկսաւ իր իւրայատուկ ստեղծագործութիւնը պղինձ մետաղով: Թէեւ աւելի դժուար էր գործել պղինձով, սակայն ան հայկական հոգիով տոգորուած, որ դժուարութեանց դիմաց ընկրկիլ չի գիտեր, սկսաւ իր ձեռքերով ստեղծագործել իրեն իւրայատուկ այնպիսի գործեր, որոնք հետագային համաշխարհային հռչակ պիտի առնէին, ստանալով գնահատանքը օտար քննադատներու: Պրն. Խաչերեանի տաղանդն ու յարաբերութիւնները զինք տարած էին մինչեւ Արաբական Էմիրութիւններ, հասնելով մինչեւ Քաթար: Անձնական գործեր ներկայացուցած էր Արաբական Էմիրութեանց Ֆաթմա եւ Քաթարի Մոզա իշխանուհիներուն, որոնք բարձր գնահատած էին հայ արուեստագէտին տաղանդը: Արաբական երկրներու մէջ ցուցահանդէսներու մասնակցելով, ան մեծ յաջողութիւններ ձեռք ձգած էր: Պրն. Խաչերեանի գործերը Լիբանանէն ներս ալ համբաւ գտած էին: Ան Ռահպանիներու հետ գործակցելով, անոնց գրեթէ պատմական բոլոր թատերախաղերուն թագերն ու զարդեղէնները պատրաստած է:

Պրն. Գէորգ Խաչերեան իր խօսքի աւարտին պատմեց իր սիրտի յատուկ երկու ցուցահանդէսներու մասին՝ մէկը Լոնտոն, իսկ միւսը Հայաստան: Այո, անոր բոլոր ցուցահանդէսները յաջողութեամբ պսակուած էին, նիւթական արդար գնահատանքներով: Սակայն Լոնտոն եւ Հայաստան ցուցահանդէսներու կապակցութեամբ, ան նիւթականին կողքին արհեստի եւ արուեստի իմաստով մեծ արժեւորում ստացած էր՝ բան մը, որ հրճուանք պատճառած էր արուեստագէտի հոգիին:

Ապա բեմ բարձրացաւ Պրն. Աւետիս Գոյունեանը՝ գորգերու աշխարհի եզակի եւ միջազգային մասնագէտ: Ան պաստառի վրայ ներկաներուն ցուցադրեց զանազան գորգերու, քիլիմներու եւ օպեզոններու տեսակներ: Ունէր հարուստ հաւաքածոյ մը պատմական գորգերու տեսակներու, որոնք պատրաստուած էին հայկական արուեստաոճով, բազմաթիւ խաչքարերու տեսակներով զարդարուած:  Նոյնիսկ ստորագրուած հայկական անուններով եւ թուանշաններով: Պրն. Աւետիս  Գոյունեանի խօսքին մէջ հետաքրքրականը այն էր, թէ գորգարուեստի մէջ հայերը առաջիններէն եղած էն աշխարհի մէջ: Հակառակ պարսկական գորգի հռչակին, անոնց գորգարուեստի պատմութիւնը շատ նոր է՝ յարաբերաբար հայկականին: Պրն. Աւետիս Գոյունեան այնպիսի ոճով ներկայացուց նկարներու սահիկները իր  բացատրութիւններով, որ կարծէք ունկնդիրը հայոց պատմութեան դասախօսութիւն մը մտիկ կ’ընէր եւ ոչ գորգի մասին լոկ տեղեկութիւններ: Հարուստ անցեալ ունի գորգի շինութիւնը հայոց պատմութեան մէջ, ըսաւ ան: Նոյնիսկ օտար լեզուներու Carpet, carpette, carpita իրենց արմատները ունին հայկական «կապերտ» բառէն , որ գորգ կը նշանակէ:  «Գորգ» բառի գործածութեան առաջին աղբիւրը մեզի հասած է՝ 13րդ դարու Արցախի մէջ եկեղեցւոյ մը պատի վրայ քանդակուած: Ան նշեց նաեւ, թէ օսմանեան ժամանակաշրջանին գրեթէ բոլոր գորգի վարպետները հայեր էին, սակայն աւելցուց Պրն. Աւետիս,  ներկայի «Թուրք եւ Իսլամ Արուեստի» թանգարանը, շատ մը հայկական գորգեր կը ցուցադրէ որպէս թրքական ստեղծագործութիւն: Բայց եւ այնպէս հայ ստեղծագործողներու անունները եւ խաչքարի տեսակները, որոնցմով զարդարուած են գորգերը,  փաստեր են անոնց իսկական տէրերը ով ըլլալուն:

1

Պրն. Աւետիս Գոյունեան նշեց նաեւ Լիբանանի Ղազիրի հայ որբերու հիւսած գորգը, որ հասած է մինչեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ Տունը:

2

Կարեւոր յայտնաբերում մը եղած էր Սիպերիայի մէջ հետախուզութեանց ժամանակ, ուր ամենահին հայկական գորգը՝ Բազուրուքը (Pazyryk) գտնուած է,  որու թուականը կը կարծուի 5րդ-4րդ դար է Ն.Ք.:

3

 Աշխարհի ամենահին ճանչցուած գորգը՝ հայկական Բազուրուքը, 5էն 4րդ դար Քրիստոսէ առաջ։                      The Pazyryk Armenian Carpet, is the oldest known
surviving carpet in the world, 5th century BC

Ապա Պրն. Աւետիս Գոյունեան իր հին գորգեր նորոգելու աշխատանոցը ծանօթացուց ներկաներուն, որ մինչեւ օրս կայտառօրէն կը գործէ եւ որ լիբանանեան թէ օտար գորգասէր հանրութեան իր վարպետութիւնն ու տաղանդը կը ներկայացնէ՝ ամէն տեսակի գորգեր նորոգելով:

Երկու հայ արուեստագէտներ բազմաթիւ երկիրներ շրջելով եւ հայ արուեստի իւրօրինակութիւնը իրենց գործերով ներկայացնելով՝  հայու կենդանի ստեղծագործութեան օրինակներ կը հրամցնէին:

Երկու արուեստագէտները ԹՄՄի յուշանուէրով պատուուեցան ՝ ձեռամբ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ ընկ. Յակոբ Գասարճեանի:

Արուեստի այս երեկոյին գեղարուեստական բաժինին մաս կազմեցին ԹՄՄի The Big Bandի 4 անդամները՝ ղեկավարութեամբ Պրն. Վիգէն Չալեանի, որ նուագեց Baritone sax,  Գրիգոր Առնելեան Soprano sax, Լոռի Եափուճեան Alto sax  եւ Սամուէլ Առնելեան Tenor sax, որոնք հայկական երաժշտական կտորներ հրամցնելով հմայեցին բոլորը:

Աւարտին ներկաները առիթ ունեցան մօտէն տեսնելու ցուցադրուած արուեստի գործերը եւ արուեստագէտներուն հետ զրոյցը շարունակելու մտերմիկ հիւրասիրութեան սեղաններու շուրջ:

_MG_3945

_MG_3977

_MG_3978

_MG_3997

_MG_4014

_MG_4028

 

_MG_4044

 

_MG_4072

 

 

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին