Մարտ 22-ին Ճափոնի մէջ մեկնարկեց հայկական մշակութային շաբաթ՝ նախաձեռնութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան, Ճափոնի արտաքին գործերու նախարարութեան, Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA), համայնքային կառոյցներու, «Կոմիտաս» միութեան, «Գալերի Գինզա Իչոէէ» եւ այլ ընկերութիւններու աջակցութեամբ։
Այս ծրագիրի ծիրէն ներս Մարտ 24-ին, 26-ին եւ 27-ին իրականացաւ հայ երաժշտութեան փառատօն, որու ընթացքին մենահամերգով ելոյթ ունեցաւ սոփրանօ Արաքս Մանսուրեան՝ ճափոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպայի նուագակցութեամբ։
Արաքս Մանսուրեան իր անկրկնելի կատարումներով՝ ինչպէս միշտ հմայած է հանդիսատեսը, «համերգը շատ ջերմ ընդունուեցաւ, կը մտածեն յաջորդ տարի մենահամերգի հրաւիրել։ Ճափոնցի մը, որ կարծեմ գործարար էր մօտեցաւ եւ ըսաւ, ձեր երգը լսելէ ետք հասկցայ եւ տեսայ Հայաստանը, ինչ խոր եւ ջերմ երկիր է, որոշեցի անպայման Հայաստան երթալ…։ Շատ ուրախ էի, որ անոր ծանօթացուցի մեր երկիրը իր խորութեամբ եւ գեղեցկութեամբ», «Եռագոյն»ին գոհունակութեամբ յայտնեց մեծատաղանդ օփերային երգչուհի Արաքս Մանսուրեան, որ իր բոլոր ելոյթներու ընթացքին հոգիին ու ողջ էութեան մէջ կը կրէ Հայաստանը եւ իր հոգեցունց կատարումներով այդ ողջ զգացողութիւնը կը փոխանցէ հանդիսատեսին՝ հայացնելով նոյնիսկ օտար հանդիսատեսը։